Հոբ Chapter 37

For English

Read Հոբ Chapter 37 Online

Read Հոբ Chapter 37 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հոբ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Հոբ and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Հոբ 37

Գլուխ 37

1. Ասոր համար ալ սիրտս կը դողայ Ու իր տեղէն կ’երերայ։

2. Անոր ձայնին որոտումին Ու անոր բերնէն ելած շառաչիւնին մտիկ ըրէ՛ք։

3. Բոլոր երկնքի տակ կը ղրկէ զանիկա Ու անոր լոյսը՝ մինչեւ երկրին ծայրերը։

4. Անոր ետեւէն մեծ ձայն մը կ’ելլէ, Իր վեհափառութեան ձայնովը կ’որոտայ Ու իր ձայնը լսուելէն յետոյ չ’ուշացներ։

5. Աստուած իր ձայնովը սքանչելի կերպով կ’որոտայ Ու այնպիսի մեծ բաներ կը հանէ, որոնք մենք չենք կրնար հասկնալ։

6. Վասն զի անիկա կ’ըսէ ձիւնին. ‘Երկրի վրայ իջիր’։ Նաեւ սաստիկ անձրեւին ու իր զօրութեանը սաստիկ անձրեւներուն։

7. Անիկա ամէն մարդու ձեռքը կը կնքէ, Որպէս զի իր ստեղծած բոլոր մարդիկը հասկնան։

8. Գազանները որջերնին կը մտնեն Ու քարայրներու մէջ կը բնակին։

9. Հարաւէն փոթորիկ կու գայ Ու հիւսիսէն՝ ցուրտ։

10. Աստուծոյ շունչէն սառնամանիք կը տրուի Ու ջուրերուն լայնութիւնը կը նեղնայ։

11. Խիտ ամպերը խոնաւութեամբ կը լեցնէ, Իր փայլակը ամպերը կը ցրուէ։

12. Անոր խորհրդովը տեղէ տեղ կը փոխադրուին, Որպէս զի աշխարհի երեսը՝ երկրի վրայ անոր բոլոր հրամանները կատարեն։

13. Զանոնք կը բերէ՝ թէ՛ խրատի համար, Թէ՛ իր երկրին համար եւ թէ՛ շնորհքի համար։

14. Ո՛վ Յոբ, այս ըսածիս մտիկ ըրէ՛. Կեցի՛ր ու Աստուծոյ սքանչելիքներուն վրայ մտածէ՛։

15. Գիտե՞ս թէ Աստուած ի՛նչպէս կը կարգաւորէ զանոնք Եւ իր ամպէն լոյս կը փայլեցնէ։

16. Գիտե՞ս ամպերուն հաւասարակշռութիւնը Ու իմաստութեամբ կատարեալ եղողին սքանչելիքները։

17. Երկիրը հարաւային հովէն հանգստացուցած ժամանակը, Գիտե՞ս թէ ինչո՛ւ համար քու հանդերձներդ կը տաքնան։

18. Անոր հետ մէկտե՞ղ տարածեցիր երկինքը, Որ ամուր է թափծու հայելիի պէս։

19. Սորվեցուր մեզի թէ ի՛նչ պիտի ըսենք անոր. Վասն զի մթութեան պատճառով չենք կրնար մեր խօսքը կարգադրել։

20. Եթէ ես խօսելու ըլլամ, պիտի պատմուի՞ անոր, Եթէ մէկ խօսի, անշուշտ պիտի կլլուի՞։

21. Ու հիմա ալ չեն կրնար նայիլ, երբ երկինք կը փայլատակէ, Բայց հովը կ’անցնի ու զանիկա կը սրբէ։

22. Ահա հիւսիսէն ոսկիի պէս լոյս կու գայ։ Աստուած ահաւոր փառաբանութիւն հագած է։

23. Անիկա ամենակարող է, չենք կրնար հասկնալ զանիկա. Մեծ է զօրութեամբ, դատաստանով ու արդարութեամբ Ու մէկո՛ւն զրկանք չ’ըներ՝ ՝։

24. Անոր համար մարդիկ կը վախնան անկէ. Սրտով իմաստուններուն բնաւ չի նայիր՝ ՝»։

About Հոբ Chapter 37

Read Հոբ Chapter 37 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հոբ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Հոբ
Chapter: 37
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Հոբ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Հոբ Chapter 37 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Հոբ Chapter 37?

Հոբ Chapter 37 is part of the Book of Հոբ in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Հոբ Chapter 37 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Հին Կտակարան

  1. Սաղմոսներ Chapter 121
  2. Ծննդոց Chapter 45
  3. Ծննդոց Chapter 13
  4. Ծննդոց Chapter 8
  5. Սաղմոսներ Chapter 8
  6. Եզրաս Chapter 1
  7. Ծննդոց Chapter 4

Explore More from Հոբ

  1. Հոբ Chapter 28
  2. Հոբ Chapter 26
  3. Հոբ Chapter 31
  4. Հոբ Chapter 39
  5. Հոբ Chapter 4
  6. Հոբ Chapter 22
  7. Հոբ Chapter 11

Related Chapters & Readings

  1. Եսթեր Chapter 10
  2. Ծննդոց Chapter 15
  3. Սաղմոսներ Chapter 123
  4. Գ Թագավորներ Chapter 2
  5. Եբրայեցիներ Chapter 8
  6. Գործք Առաքելոց Chapter 8
  7. Ելից Chapter 8
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *