Read Թվեր Chapter 29 Online
Read Թվեր Chapter 29 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Թվեր in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Թվեր and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Թվեր 29
Գլուխ 29
1. Եօթներորդ ամսուան առաջին օրը սուրբ ժողովի օր ըլլայ, բնաւ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։ Փող հնչեցնելու օր պիտի ըլլայ։
2. Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառ պէտք է մատուցանէք։
3. Անոնց հացի ընծան մէկ զուարակին համար՝ երեք տասնորդ ու մէկ խոյին համար՝ երկու տասնորդ
4. Եւ եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պէտք է ըլլայ։
5. Ձեզի քաւութիւն ընելու համար այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք
6. Ասոնք Տէրոջը անուշահոտ պատարագ պիտի մատուցանէք։ Ամսագլխու ողջակէզը ու անոր հացի ընծան եւ մշտնջենական ողջակէզը ու անոր հացի ընծան եւ ասոնց ըմպելի նուէրները մատուցանելէն զատ։
7. Եօթներորդ ամսուան տասներորդ օրը սուրբ ժողովի օր ըլլայ ու ձեր անձերը պիտի խոնարհեցնէք։ Ամենեւին գործ մը պիտի չընէք։
8. Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառ պիտի մատուցանէք։ Անոնք անարատ պէտք է ըլլան։
9. Անոնց հացի ընծան մէկ զուարակի համար՝ երկու տասնորդ, մէկ խոյի համար՝ երկու տասնորդ,
10. Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պիտի ըլլայ։
11. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, բացի քաւութեան օրը մատուցուած մեղքի պատարագէն ու մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու անոնց ըմպելի նուէրներէն։
12. Եօթներորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը սուրբ ժողովի օր ըլլայ ձեզի, բնաւ ծառայութիւն պիտի չընէք։ Եօթը օր Տէրոջը տօն պէտք է պահէք։
13. Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագի համար տասնըերեք զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս գառ մատուցանեցէք. անոնք անարատ պէտք է ըլլան։
14. Անոնց հացի ընծան տասնըերեք զուարակներէն ամէն մէկ զուարակի համար երեք տասնորդ ու երկու խոյերէն ամէն մէկ խոյի համար՝ երկու տասնորդ
15. Եւ տասնըչորս գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պէտք է ըլլայ։
16. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն ու անոր հացի ընծայէն եւ ըմպելի նուէրէն զատ։
17. Երկրորդ օրը տասներկու զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք։
18. Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։
19. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրներէն զատ։
20. Երրորդ օրը տասնըմէկ զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք։
21. Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։
22. Մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։
23. Չորրորդ օրը տասը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս գառ պէտք է մատուցանէք։
24. Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։
25. Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենաւոր ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։
26. Հինգերորդ օրը ինը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք։
27. Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։
28. Մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։
29. Վեցերորդ օրը ութը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք։
30. Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։
31. Մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք. մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրներէն զատ։
32. Եօթներորդ օրը եօթը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պիտի մատուցանէք
33. Եւ անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։
34. Ու մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պէտք է մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։
35. Ութերորդ օրը տօնախմբութեան օր է, բնաւ ծառայական գործ մը պէտք չէ ընէք։
36. Եւ Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագի համար, մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան եօթը անարատ գառ պէտք է մատուցանէք
37. Եւ անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակին, խոյին ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են
38. Ու մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։
39. Ձեր տօներուն մէջ ասոնք պէտք է մատուցանէք Տէրոջը, ձեր ուխտերուն ու ձեր կամաւոր ընծաներուն ողջակէզներէն, հացի ընծաներէն, ըմպելի նուէրներէն ու խաղաղութեան զոհերէն զատ»։
40. Եւ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն իմացուց այն ամէնը, որ Տէրը իրեն պատուիրեր էր։
About Թվեր Chapter 29
Read Թվեր Chapter 29 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Թվեր in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Թվեր
Chapter: 29
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Թվեր. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Թվեր Chapter 29 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Թվեր Chapter 29?
Թվեր Chapter 29 is part of the Book of Թվեր in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Թվեր Chapter 29 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Թվեր
- Թվեր Chapter 18
- Թվեր Chapter 4
- Թվեր Chapter 8
- Թվեր Chapter 1
- Թվեր Chapter 20
- Թվեր Chapter 16
- Թվեր Chapter 2
Explore More from Հին Կտակարան
- Հռութ Chapter 3
- Երկրորդ Օրինաց Chapter 32
- Երկրորդ Օրինաց Chapter 23
- Ամոս Chapter 4
- Սաղմոսներ Chapter 96
- Հոբ Chapter 2
- Բ Մնացորդաց Chapter 28