Երեմիա Chapter 20

For English

Read Երեմիա Chapter 20 Online

Read Երեմիա Chapter 20 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երեմիա in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Երեմիա and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Երեմիա 20

Գլուխ 20

1. Տէրոջը տանը գլխաւոր վերակացուն՝ Եմմերին որդին Փասուրը՝ լսեց այն խօսքերը, որոնք Երեմիա կը մարգարէանար։

2. Փասուր Երեմիա մարգարէին զարկաւ եւ զանիկա Տէրոջը տանը եղող՝ Բենիամինին վերի դրանը կոճղին մէջ դրաւ։

3. Հետեւեալ օրը Փասուր Երեմիան կոճղէն հանեց։ Այն ատեն Երեմիան անոր ըսաւ. «Տէրը քու անունդ Փասուր չկոչեց, հապա Մակոր-Միսսապիպ.

4. Վասն զի Տէրը այսպէս կ՛ըսէ. ‘Ահա ես քեզ արհաւիրք պիտի ընեմ քու անձիդ ու քու բոլոր բարեկամներուդ վրայ եւ անոնք իրենց թշնամիներուն սուրովը պիտի իյնան ու քու աչքերդ պիտի տեսնեն եւ բոլոր Յուդան Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի մատնեմ, որը զանոնք Բաբելոն գերի պիտի տանի ու զանոնք սուրով պիտի զարնէ։

5. Այս քաղաքին բոլոր հարստութիւնն ու անոր բոլոր վաստակը ու անոր բոլոր պատուական բաները եւ Յուդայի թագաւորներուն բոլոր գանձերը իրենց թշնամիներուն ձեռքը պիտի տամ։ Զանոնք պիտի յափշտակեն ու առնեն եւ Բաբելոն տանին։

6. Եւ դուն, ո՛վ Փասուր ու քու տանդ բոլոր բնակիչները, գերութեան պիտի երթաք եւ Բաբելոն պիտի երթաք ու հոն պիտի մեռնիք եւ հոն պիտի թաղուիք թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու բոլոր բարեկամներդ, որոնց սուտ մարգարէութիւն ըրիր’»։

7. Զիս խաբեցիր, ո՛վ Տէր ու ես խաբուեցայ։ Դուն ինծմէ զօրաւոր ես ու յաղթեցիր։ Ամէն օր ծաղրանքի առարկայ եղայ. Ամէնքը զիս կը ծաղրեն,

8. Քանզի կը խօսիմ, կ’աղաղակեմ Եւ բռնութեան ու զրկանքի համար կը բողոքեմ։ Տէրոջը խօսքը ամէն օր նախատինք ու անարգանք եղաւ ինծի։

9. Եթէ ըսէմ՝ «Զինք պիտի չյիշեմ, Կամ անգամ մըն ալ իր անունով պիտի չխօսիմ», Այն ատեն սրտիս մէջ կրակ մը պիտի վառի, Իմ ոսկորներուս մէջ պիտի բորբոքի Ես յոգնեցայ զանիկա կրելէն ու ա՛լ չեմ կրնար դիմանալ։

10. Շատերէն պարսաւանք լսեցի, Ամէն կողմ վախ կայ, ա՛լ չեմ կրնար հանգստանալ։ «Չարախօսեցէ՛ք ու բամբասեցէք», ըսին. Իմ բոլոր բարեկամներս իմ սխալիլս կը դիտէին՝ ըսելով՝ ՝, ‘Թերեւս անիկա խաբուի ու անոր յաղթենք Եւ անկէ մեր վրէժը լուծենք’»։

11. Բայց Տէրը ինծի հետ է զօրաւոր ախոյեանի պէս. Անոր համար զիս հալածողները պիտի գլորին ու պիտի չյաղթեն. Անոնք խիստ պիտի ամչնան, քանզի անխելքութեամբ կը վարուին։ Անոնց կրելու անարգանքը յաւիտեան պիտի չմոռցուի։

12. Բայց դո՛ւն, ո՛վ զօրքերու Տէր, որ արդարը կը փորձես, Միտքն ու սիրտը կը տեսնես, Անոնց վրայ քու վրէժխնդրութիւնդ պիտի տեսնեմ, Քանզի իմ դատս քեզի յայտնեցի։

13. Տէրոջը երգեցէ՛ք, Տէրը գովեցէ՛ք. Քանզի տնանկին հոգին չարագործներուն ձեռքէն ազատեց։

14. Անիծեա՛լ ըլլայ այն օրը, երբ ես ծնայ։ Իմ մօրս զիս ծնած օրը օրհնեալ չըլլայ։

15. Անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ իմ հօրս աւետիս բերաւ Ու զանիկա խիստ շատ ուրախացուց՝ ըսելով. ‘Քեզի արու զաւակ մը ծնաւ’։

16. Այն մարդը այն քաղաքներուն պէս ըլլայ, Որոնք Տէրը կործանեց առանց խնայելու։ Անիկա առաւօտուն ողբ լսէ Ու կէսօրին՝ աղաղակ։

17. Վասն զի մօրս արգանդէն զիս չմեռցուց, Որ մայրս ինծի գերեզման ըլլար Եւ անոր արգանդը յաւիտեան յղի մնար։

18. Ինչո՞ւ այսպէս մօրս արգանդէն ելայ, Որ աշխատանք ու ցաւ տեսնեմ Եւ իմ օրերս ամօթով սպառին։

About Երեմիա Chapter 20

Read Երեմիա Chapter 20 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երեմիա in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Երեմիա
Chapter: 20
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Երեմիա. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Երեմիա Chapter 20 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Երեմիա Chapter 20?

Երեմիա Chapter 20 is part of the Book of Երեմիա in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Երեմիա Chapter 20 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Երեմիա

  1. Երեմիա Chapter 33
  2. Երեմիա Chapter 40
  3. Երեմիա Chapter 32
  4. Երեմիա Chapter 30
  5. Երեմիա Chapter 24
  6. Երեմիա Chapter 50
  7. Երեմիա Chapter 48

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Բ Մնացորդաց Chapter 4
  2. Եսթեր Chapter 5
  3. Սաղմոսներ Chapter 125
  4. Բ Մնացորդաց Chapter 36
  5. Սաղմոսներ Chapter 38
  6. Դ Թագավորներ Chapter 7
  7. Ծննդոց Chapter 26

Related Chapters & Readings

  1. Եզեկիել Chapter 21
  2. Երկրորդ Օրինաց Chapter 14
  3. Կողոսացիներ Chapter 4
  4. Զաքարիա Chapter 5
  5. Ծննդոց Chapter 26
  6. Գ Թագավորներ Chapter 19
  7. Գ Թագավորներ Chapter 10
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *