Read Հոբ Chapter 22 Online
Read Հոբ Chapter 22 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հոբ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Հոբ and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Հոբ 22
Գլուխ 22
1. Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացին պատասխանեց.
2. «Միթէ մարդը կրնա՞յ Աստուծոյ օգտակար ըլլալ. Խելացի մարդը միայն իրեն օգտակար կ’ըլլայ։
3. Ամենակարողին հաճոյք կը պատճառէ՞ եթէ արդար ըլլաս, Կամ շահ մը ունի՞ եթէ քու ճամբաներդ շտկես։
4. Միթէ Իրմէ վախնալուդ համար քեզ կը յանդիմանէ՞, Քեզի հետ դատաստանի կը մտնէ՞։
5. Չէ՞ որ քու անզգամութիւնդ մեծ է Ու անօրէնութիւններդ անհամար են։
6. Որովհետեւ եղբայրներէդ առանց պատճառի գրաւ առիր Ու մերկերուն հանդերձները յափշտակեցիր,
7. Ծարաւցածին ջուր չխմցուցիր Ու հացը անօթիէն խնայեցիր։
8. Զօրաւորը կը տիրէ երկրին Ու անոր մէջ պատուաւորը կը բնակի։
9. Որբեւարի կիները դատարկ ղրկեցիր Ու որբերուն թեւերը կոտրտեցան։
10. Անոր համար քու բոլորտիքդ որոգայթներ լարուած են Ու յանկարծահաս վախը քեզ կը զարհուրեցնէ։
11. Կամ այնպիսի խաւար մը քեզ պատեր է, որ չես կրնար տեսնել Ու ջուրերուն շատութիւնը քեզ կը ծածկէ։
12. Աստուած երկնքին խիստ բարձր տեղը չէ՞. Հիմա աստղերուն բարձրութեանը նայէ, ո՜րչափ բարձր են։
13. Ու դուն ըսիր. ‘Ի՞նչ գիտէ Աստուած, Մառախուղին մէջէն դատաստա՞ն պիտի ընէ.
14. Ամպերը անոր առջեւ ծածկոյթ են ու չի տեսներ Եւ անիկա երկնքի կամարին վրայ կը պտըտի’։
15. Ուշադրութիւն ըրի՞ր՝ ՝ այն հին ճամբային՝ ՝, Ուր անօրէն մարդիկը պտըտեցան,
16. Որոնք յանկարծակի յափշտակուեցան, Որոնց հիմերը հեղեղը ընկղմեց։
17. Անոնք կ’ըսէին Աստուծոյ. ‘Հեռացիր մեզմէ’, Ու ‘Ամենակարողը մեզի ի՞նչ կրնայ ընել’։
18. Թէեւ անոնց տունը բարութիւնով լեցուցեր էր, Բայց անզգամներուն խորհուրդը ինծմէ հեռու ըլլայ։
19. Արդարները պիտի տեսնեն եւ ուրախանան Եւ անմեղները զանոնք ծաղր պիտի ընեն՝ ըսելով.
20. ‘Մեր թշնամիները կորսուած են Ու անոնց մնացորդը կրակը կերաւ’։
21. Աղէ՜, Անոր հետ բարեկամ եղիր ու խաղաղութիւն ունեցիր Ու ասիկա քեզի օգտակար կ’ըլլայ։
22. Անոր բերնէն օրէնքը ընդունէ Ու անոր խօսքերը սրտիդ մէջ դիր։
23. Եթէ Ամենակարողին դառնաս եւ խոնարհիս, Եթէ անօրէնութիւնը քու վրաններէդ հեռացնես,
24. Եթէ ոսկին հողին վրայ դնես Ու Ոփիրի ոսկին՝ հեղեղատներու քարերուն վրայ,
25. Եթէ Ամենակարողը քու ոսկիդ է, Քու թանկագին արծաթդ,
26. Այն ատեն Ամենակարողէն ուրախութիւն պիտի ստանաս Ու երեսդ դէպի Աստուած պիտի վերցնես.
27. Անոր պիտի աղաչես ու քեզի պիտի լսէ Եւ քու ուխտերդ պիտի կատարես։
28. Եթէ դիտաւորութիւն մը ունենաս՝ քեզի պիտի յաջողի Ու ճամբաներուդ վրայ լոյս պիտի ճառագայթէ։
29. Տէրը կը խոնարհեցնէ հարուստը, բայց խոնարհները կը պահէ։ Քանզի այն ատեն պիտի ազատէ զանիկա, որ աչքերով խոնարհած էր։
30. Անմեղը պիտի ազատէ Ու քու ձեռքերուդ մաքրութիւնովը պիտի ազատուիս»։
About Հոբ Chapter 22
Read Հոբ Chapter 22 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հոբ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Հոբ
Chapter: 22
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Հոբ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Հոբ Chapter 22 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Հոբ Chapter 22?
Հոբ Chapter 22 is part of the Book of Հոբ in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Հոբ Chapter 22 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Հին Կտակարան
- Սաղմոսներ Chapter 121
- Ծննդոց Chapter 45
- Ծննդոց Chapter 13
- Ծննդոց Chapter 8
- Սաղմոսներ Chapter 8
- Եզրաս Chapter 1
- Ծննդոց Chapter 4