Read Հոբ Chapter 21 Online
Read Հոբ Chapter 21 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հոբ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Հոբ and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Հոբ 21
Գլուխ 21
1. Յոբ պատասխանեց.
2. «Խօսքիս աղէկ մտիկ ըրէք Ու այս ըլլայ ձեր մխիթարութիւնը։
3. Ինծի համբերեցէք ու ես խօսիմ Ու խօսելէս ետքը ծաղր ըրէք։
4. Միթէ ես մարդո՞ւ հետ կը վիճիմ Եւ ինչո՞ւ համար հոգիս չտրտմի։
5. Ինծի նայեցէ՛ք ու ապշեցէ՛ք Ու բերաննուդ վրայ ձեռք դրէ՛ք։
6. Այս բաներուն վրայ մտածելով կը զարհուրիմ Ու մարմինս կը սկսի դողալ։
7. Ամբարիշտները ինչո՞ւ կ’ապրին, Կը ծերանան ու խիստ կ’ուժովնան։
8. Անոնց սերունդը իրենց հետ կը հաստատուի իրենց առջեւ Եւ անոնց զաւակները՝ աչքերնուն առջեւ։
9. Տուներնին խաղաղութեան մէջ է ու վախէ ազատ Եւ Աստուծոյ գաւազանը անոնց վրայ չէ։
10. Անոնց ցուլը կը զուգաւորուի ու դատարկ չ’ելլեր. Կովը իր հորթը կը ծնանի ու վիժում չունենար։
11. Իրենց պզտիկները ոչխարի հօտի պէս կը հանեն Ու անոնց տղաքը ուրախութեամբ կը ցատկռտեն.
12. Թմբուկով ու քնարով կ’երգեն Ու սրինգին ձայնովը կ’ուրախանան։
13. Անոնք օրերնին զուարճութիւնով կ’անցընեն Ու խաղաղութեամբ գերեզմանը կ’իջնեն։
14. Եւ Աստուծոյ կ’ըսեն. ‘Քաշուէ՛ մեզմէ, Վասն զի քու ճամբաներդ գիտնալ չենք ուզեր։
15. Ամենակարողը ո՞վ է, որ անոր ծառայենք Ու եթէ անոր աղօթք ընենք, ի՞նչ օգուտ պիտի ունենանք’։
16. Ահա անոնց բարիքը ձեռքերնին չէ՞։ Ամբարշտին խորհուրդը ինծմէ հեռու ըլլայ։
17. Ամբարիշտներուն ճրագը քանի՞ անգամ կը մարի Ու տառապանքը անոնց վրայ կու գայ։ Աստուած իր բարկութեամբ անոնց ցաւեր կը բաժնէ։
18. Հովին առջեւ եղած յարդին պէս Ու մրրիկին յափշտակած շիւղին պէս կ’ըլլան։
19. ‘Աստուած անոր անիրաւութիւնը անոր որդիներուն կը պահէ’, կ’ըսեն։ Անոր փոխարէն անոնց թող հատուցանէ, որ անոնք գիտնան։
20. Անոր աչքերը իր կորուստը թող տեսնեն Ու Ամենակարողին բարկութենէն թող խմէ։
21. Անիկա ի՞նչ զուարճութիւն պիտի ունենայ իրմէ ետքը մնացած տունէն, Քանի որ իր ամիսներուն թիւը կիսուած է։
22. Միթէ Աստուծոյ գիտութիւն սորվեցնել հնարաւո՞ր է, Անոր՝ որ բարձրերը կը դատէ։
23. Մէկը կը մեռնի իր առուգութեանը մէջ Բոլորովին հանդարտ ու հանգիստ.
24. Անոր քովերը ճարպով՝ ՝ լեցուն են Ու ոսկորներուն ծուծը թարմ է.
25. Ուրիշ մը կը մեռնի հոգիի ցաւով Ու առանց բարիքով կշտանալու.
26. Սակայն երկուքն ալ հողին մէջ կը պառկին Ու որդերը կը ծածկեն զանոնք։
27. Ահա գիտեմ ձեր խորհուրդները Ու ինծի դէմ ձեր հնարած անիրաւութիւնները։
28. Վասն զի կ’ըսէք. ‘Ո՞ւր է իշխանին տունը Եւ ո՞ւր է ամբարիշտներուն բնակած վրանը’։
29. Ճամբորդներուն չհարցուցի՞ք Ու անոնց վկայութիւնը չստացա՞ք։
30. Վասն զի չարը կորստեան օրուան կը պահուի Ու բարկութեան օրուան կը տարուի։
31. Անոր երեսին դէմ ո՞վ պիտի յայտնէ անոր ճամբան Եւ անոր ըրածին փոխարէնը ո՞վ անոր պիտի հատուցանէ։
32. Բայց ան ալ գերեզմանը պիտի տարուի Ու շիրմին մէջ պիտի մնայ։
33. Ձորին հողի կոշտերը անոր անոյշ պիտի գան Ու ամէն մարդ անոր ետեւէն պիտի երթայ, իսկ անոր առջեւէն գացողներուն հաշիւը չկայ։
34. Ուրեմն ի՞նչպէս փուճ մխիթարութիւններ կու տաք ինծի, Որովհետեւ ձեր պատասխաններուն մէջ ստութիւն կայ»։
About Հոբ Chapter 21
Read Հոբ Chapter 21 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հոբ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Հոբ
Chapter: 21
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Հոբ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Հոբ Chapter 21 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Հոբ Chapter 21?
Հոբ Chapter 21 is part of the Book of Հոբ in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Հոբ Chapter 21 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Հին Կտակարան
- Սաղմոսներ Chapter 121
- Ծննդոց Chapter 45
- Ծննդոց Chapter 13
- Ծննդոց Chapter 8
- Սաղմոսներ Chapter 8
- Եզրաս Chapter 1
- Ծննդոց Chapter 4