Read Հոբ Chapter 11 Online
Read Հոբ Chapter 11 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հոբ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Հոբ and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Հոբ 11
Գլուխ 11
1. Այն ատեն Սոփար Նաամացին պատասխանեց.
2. «Միթէ շատ խօսքերուն պատասխան պիտի չտրուի՞ Ու լեզուանի մարդը կրնա՞յ խօսքով արդարանալ։
3. Քու պարապ խօսքերդ մարդիկը պիտի լռեցնե՞ն, Երբ դուն ծաղր ընես, պիտի չըլլա՞յ մէկը որ քեզ ամչցնէ։
4. Վասն զի դուն ըսիր թէ ‘Իմ խօսքս մաքուր է Ու քու աչքիդ առջեւ անարատ եմ’։
5. Սակայն երանի՜ թէ Աստուած խօսէր Ու քեզի դէմ իր շրթունքը բանար
6. Ու քեզի յայտնէր իմաստութեան գաղտնիքը, Որ մարդուս իմացածին կրկինն է։ Հիմա գիտցիր թէ Աստուած Քու անօրէնութեանդ մէկ մասը անտես կ’ընէ՝ ՝։
7. Աստուծոյ գաղտնիքը կրնա՞ս հասկնալ, Ամենակարողը կատարելապէս կրնա՞ս իմանալ։
8. Անիկա երկնքին պէս բարձր է. ի՞նչ կրնաս ընել. Դժոխքէն խորունկ է. ի՞նչ կրնաս գիտնալ։
9. Անոր չափը՝ երկրէն երկայն Ու ծովէն լայն է։
10. Եթէ անիկա յարձակի ու գոցէ կամ հաւաքէ, Ո՞վ անոր արգելք պիտի ըլլայ,
11. Քանզի ինք ունայն մարդիկը կը ճանչնայ Ու անօրէնութիւնը տեսնելով՝ ուշադրութիւն պիտի չընէ՞։
12. Բայց անմիտ մարդը մեծամիտ է Ու կնոջմէ ծնած մարդը վայրենի իշու ձագի պէս է։
13. Եթէ դուն սիրտդ շտկես Ու ձեռքերդ անոր երկնցնես,
14. Եթէ քու ձեռքդ անօրէնութիւն կայ, զանիկա քեզմէ հեռացուր Ու մի՛ թողուր, որ վրաններուդ մէջ անզգամութիւն բնակի։
15. Այն ատեն անշուշտ կրնաս պարզերես մնալ, Հաստատ կ’ըլլաս ու բանէ մը չես վախնար։
16. Քու թշուառութիւնդ պիտի մոռնաս, Անցած ջուրերու պէս պիտի յիշես զանիկա։
17. Ու կեանքդ կէսօրուան լոյսէն պայծառ պիտի ըլլայ. Թէեւ խաւարի մէջ ըլլաս, առտուան պէս պիտի երեւիս
18. Եւ ապահով պիտի ըլլաս, վասն զի յոյս կայ քեզի։ Պիտի պաշտպանուիս ու ապահովութեամբ պիտի հանգստանաս։
19. Եւ պիտի պառկիս ու վախցնող պիտի չըլլայ Ու շատերը քեզ պիտի փնտռեն։
20. Բայց ամբարիշտներուն աչքերը պիտի նուաղին Ու անոնց ապաստանարան պիտի չգտնուի Ու յոյսերնին հոգեվարքի մէջ պիտի ըլլայ»։
About Հոբ Chapter 11
Read Հոբ Chapter 11 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հոբ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Հոբ
Chapter: 11
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Հոբ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Հոբ Chapter 11 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Հոբ Chapter 11?
Հոբ Chapter 11 is part of the Book of Հոբ in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Հոբ Chapter 11 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Հին Կտակարան
- Սաղմոսներ Chapter 121
- Ծննդոց Chapter 45
- Ծննդոց Chapter 13
- Ծննդոց Chapter 8
- Սաղմոսներ Chapter 8
- Եզրաս Chapter 1
- Ծննդոց Chapter 4