Read Թվեր Chapter 9 Online
Read Թվեր Chapter 9 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Թվեր in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Թվեր and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Թվեր 9
Գլուխ 9
1. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին Սինայի անապատին մէջ, անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն երկրորդ տարուան առաջին ամսուան մէջ՝ ըսելով.
2. «Իսրայէլի որդիները որոշուած ժամանակին թող ընեն զատիկը։
3. Այս ամսուան տասնըչորրորդ օրը իրիկուան դէմ պէտք է ընէք զայն՝ որոշուած ժամանակին՝ անոր բոլոր կանոններուն ու անոր բոլոր կարգադրութիւններուն համեմատ»։
4. Մովսէս պատուիրեց Իսրայէլի որդիներուն, որ զատիկը ընեն։
5. Անոնք առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը իրիկուան դէմ զատիկը ըրին Սինայի անապատին մէջ։ Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրած էր։
6. Գտնուեցան ոմանք, որոնք մարդու մեռելէ պղծուած ըլլալով, այն օրը չկրցան զատիկը ընել, այլ Մովսէսին ու Ահարոնին առջեւ եկան
7. Եւ այն մարդիկը ըսին անոնց. «Մենք մարդու մեռած մարմինէ պղծուած ենք. ինչո՞ւ համար Իսրայէլի որդիներուն մէջ Տէրոջը պատարագը իր որոշուած ժամանակին մատուցանելէն արգիլուինք»։
8. Մովսէս ըսաւ անոնց. «Կեցէ՛ք, նայիմ, Տէրը ի՛նչ կը պատուիրէ ձեր մասին»։
9. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
10. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. Եթէ ձեզմէ կամ ձեր սերունդէն մէկը մեռած մարմինէ մը պղծուի կամ հեռաւոր ճամբորդութեան մէջ ըլլայ, անիկա ալ զատիկը պէտք է ընէ Տէրոջը.
11. Երկրորդ ամսուան տասնըչորրորդ օրը՝ իրիկուան դէմ, բաղարջով ու լեղի խոտերով պէտք է ուտեն զայն.
12. Անկէ մինչեւ առտու բան մը պէտք չէ թողուն եւ անկէ ոսկոր մը պէտք չէ կոտրեն, այլ զատկին բոլոր կանոններուն համեմատ պէտք է ընեն զայն։
13. Բայց եթէ մաքուր եղող ու ճամբորդութեան մէջ չեղող մարդը զատիկը ընելը զանց ընէ, այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի, վասն զի Տէրոջը պատարագը իր որոշուած ժամանակին չմատուցանեց, ուստի այդ մարդը իր մեղքը պէտք է կրէ։
14. Եւ եթէ օտարական մը ձեր մէջ պանդխտանայ ու զատիկը ընել ուզէ Տէրոջը, զատկին կանոնին եւ անոր կարգադրութեանը համեմատ պէտք է ընէ. թէ՛ օտարականին եւ թէ՛ երկրին բնիկին համար մէկ կանոն պիտի ունենաք»։
15. Այն օրը, երբ խորանը կանգնուեցաւ, ամպը պատեց վկայութեան խորանը ու իրիկուընէ մինչեւ առտու խորանին վրայ կրակի երեւոյթով մնաց։
16. Միշտ այսպէս էր. ցորեկը ամպը կը ծածկէր զայն եւ գիշերը՝ կրակին երեւոյթը։
17. Ու երբ ամպը խորանէն վերնար, անկէ յետոյ Իսրայէլի որդիները կը չուէին եւ ուր որ ամպը կենար, հոն Իսրայէլի որդիները իջեւան կ’ընէին։
18. Տէրոջը հրամանով Իսրայէլի որդիները կը չուէին եւ Տէրոջը հրամանով իջեւան կ’ընէին. ամպը խորանին վրայ որչափ ատեն որ կենար, անոնք իրենց վրաններուն մէջ կը մնային։
19. Եւ երբ ամպը շատ օրեր խորանին վրայ մնար, Իսրայէլի որդիները Տէրոջը պատուէրը կը պահէին ու չէին չուեր։
20. Նոյնպէս ալ երբ ամպը խորանին վրայ քիչ օր կենար, Տէրոջը հրամանին համեմատ իջեւան կ’ընէին ու Տէրոջը հրամանին համեմատ կը չուէին։
21. Նոյնպէս ալ երբ ամպը իրիկուընէ մինչեւ առտու մնար, առտուն ամպին վեր ելած ատենը կը չուէին. թէ՛ ցորեկ ըլլար եւ թէ՛ գիշեր, ամպին ելած ատենը կը չուէին.
22. Կամ երկու օր, կամ մէկ ամիս եւ կամ մէկ տարի, որչափ ամպը խորանին վրայ մնար, Իսրայէլի որդիները իջեւան կ’ընէին ու չէին չուեր. բայց երբ վերնար, կը չուէին։
23. Տէրոջը հրամանին համեմատ իջեւան կ’ընէին եւ Տէրոջը հրամանին համեմատ կը չուէին. Մովսէսին միջոցով տրուած Տէրոջը հրամանին համեմատ, Տէրոջը պատուէրը կը պահէին։
About Թվեր Chapter 9
Read Թվեր Chapter 9 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Թվեր in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Թվեր
Chapter: 9
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Թվեր. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Թվեր Chapter 9 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Թվեր Chapter 9?
Թվեր Chapter 9 is part of the Book of Թվեր in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Թվեր Chapter 9 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Թվեր
- Թվեր Chapter 18
- Թվեր Chapter 8
- Թվեր Chapter 4
- Թվեր Chapter 1
- Թվեր Chapter 16
- Թվեր Chapter 33
- Թվեր Chapter 20
Explore More from Հին Կտակարան
- Ծննդոց Chapter 31
- Ելից Chapter 36
- Ա Մնացորդաց Chapter 17
- Եսայի Chapter 43
- Դ Թագավորներ Chapter 21
- Եզեկիել Chapter 3
- Երեմիա Chapter 32