Առակներ Chapter 11

For English

Read Առակներ Chapter 11 Online

Read Առակներ Chapter 11 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Առակներ and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Առակներ 11

Գլուխ 11

1. Նենգուած կշիռքը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, Բայց ուղիղ կշիռքի քարը անոր հաճելի է։

2. Երբ հպարտութիւնը գայ, անարգութիւնն ալ կու գայ, Բայց իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է։

3. Ուղիղներուն ճշմարտութիւնը անոնց կ’առաջնորդէ, Բայց անօրէններուն ծռութիւնը զանոնք բնաջինջ կ’ընէ։

4. Բարկութեան օրը հարստութիւնը օգուտ մը չ’ըներ, Բայց արդարութիւնը մահուանէ կ’ազատէ։

5. Կատարեալներուն արդարութիւնը անոնց ճամբան կը շտկէ, Բայց անիրաւը իր անիրաւութիւնովը կ’իյնայ։

6. Ուղիղներուն արդարութիւնը զանոնք կ’ազատէ, Բայց անօրէնները իրենց չարութեանը մէջ կը բռնուին։

7. Երբ չար մարդը մեռնի, անոր ակնկալութիւնը կը կորսուի Եւ անօրէններուն յոյսը կ’ոչնչանայ։

8. Արդարը նեղութենէ կ’ազատի Ու անոր տեղ ամբարիշտը կ’երթայ։

9. Կեղծաւորը բերնովը իր դրացին կը կորսնցնէ, Բայց արդարները գիտութեամբ կ’ազատին։

10. Արդարներուն յաջողութեանը վրայ քաղաքը կ’ուրախանայ Ու երբ չարերը կորսուին, ցնծութեան ձայն կը լսուի։

11. Ուղիղներուն օրհնութիւնովը քաղաքը կը բարձրանայ, Բայց ամբարիշտներուն բերնովը կը կործանի։

12. Պակասամիտ եղողը իր դրացին կ’արհամարհէ, Բայց խոհեմ մարդը կը լռէ։

13. Բանսարկութեան պտըտողը գաղտնիքը կը յայտնէ, Բայց հաւատարիմ հոգի ունեցողը բանը կը ծածկէ։

14. Ժողովուրդը առանց խոհականութեան կը կործանի, Բայց խորհրդականներու բազմութեամբ փրկութիւն կ’ըլլայ։

15. Օտարականին երաշխաւոր եղողը անշուշտ չարիքի կը հանդիպի, Բայց երաշխաւորութիւնը ատողը ապահով է։

16. Շնորհալի կինը պատիւ կը ստանայ Եւ զօրաւոր մարդիկ՝ հարստութիւն։

17. Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ, Բայց անողորմ մարդը իր մարմնին նեղութիւն կու տայ։

18. Չար մարդը սնոտի գործ կը գործէ, Բայց արդարութիւն ցանողը ապահով վարձք կ’ունենայ։

19. Ինչպէս որ արդարութիւնը կեանքի կ’առաջնորդէ, Նոյնպէս չարութեան հետեւողը իր մահուանը կ’երթայ։

20. Ծուռ սիրտ ունեցողները Տէրոջը առջեւ պիղծ են, Բայց ուղիղ ճամբայ քալողները անոր հաճելի են։

21. Անօրէնները թէեւ ձեռք ձեռքի տալով միաբանին՝ ՝, անպատիժ պիտի չմնան, Բայց արդարներուն սերունդը պիտի ազատի։

22. Գեղեցիկ կինը, որ խոհեմութիւն չունի, Խոզին քիթը դրուած ոսկի օղակին կը նմանի։

23. Արդարներուն ցանկութիւնը միայն բարութիւն է, Բայց անօրէններուն ակնկալութիւնը բարկութիւն պիտի ըլլայ։

24. Մարդ կայ, որ իր ստացուածքը ցրուելով կ’աւելցնէ Ու մարդ կայ, որ չափէ դուրս կը խնայէ, բայց կարօտութեան կը հասնի։

25. Բարերար անձը պիտի գիրնայ Եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի։

26. Ժողովուրդը կ’անիծէ ցորենը պահողը. Բայց ծախողին գլուխը կ’օրհնէ։

27. Աղէկութեան համար փոյթ ընողը շնորհք կը ստանայ, Բայց ով որ գէշութիւն կը փնտռէ, չարիքի պիտի հանդիպի։

28. Իր հարստութեանը վրայ յոյս դնողը պիտի իյնայ, Բայց արդարները կանանչ տերեւի պէս պիտի ծաղկին։

29. Իր տանը նեղութիւն տուողը հով պիտի ժառանգէ Ու յիմարը իմաստուն սիրտ ունեցողին ծառայ պիտի ըլլայ։

30. Արդարին պտուղը կենաց ծառ է Եւ հոգիներ վաստկողը իմաստուն է։

31. Եթէ արդարը երկրի վրայ պատիժ կրէ, Ո՞ւր կը մնան ամբարիշտն ու մեղաւորը։

About Առակներ Chapter 11

Read Առակներ Chapter 11 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Առակներ
Chapter: 11
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Առակներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Առակներ Chapter 11 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Առակներ Chapter 11?

Առակներ Chapter 11 is part of the Book of Առակներ in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Առակներ Chapter 11 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Առակներ

  1. Առակներ Chapter 24
  2. Առակներ Chapter 1
  3. Առակներ Chapter 27
  4. Առակներ Chapter 20
  5. Առակներ Chapter 28
  6. Առակներ Chapter 23
  7. Առակներ Chapter 22

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Ամոս Chapter 8
  2. Ղևտական Chapter 25
  3. Բ Մնացորդաց Chapter 10
  4. Հոբ Chapter 20
  5. Եսթեր Chapter 5
  6. Սաղմոսներ Chapter 40
  7. Եսայի Chapter 33

Related Chapters & Readings

  1. Հոբ Chapter 3
  2. Ա Մնացորդաց Chapter 13
  3. Ա Սամուել Chapter 4
  4. Բ Մնացորդաց Chapter 5
  5. Ծննդոց Chapter 4
  6. Եբրայեցիներ Chapter 2
  7. Բ Սամուել Chapter 13
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *