Read Հոբ Chapter 24 Online
Read Հոբ Chapter 24 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հոբ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Հոբ and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Հոբ 24
Գլուխ 24
1. «Քանի որ Ամենակարողէն պահուած չեն ժամանակները, Ի՞նչպէս զանիկա ճանչցողները անոր օրերը չեն տեսներ։
2. Չարերը սահմաններ կը փոխեն, Հօտեր կը յափշտակեն ու զանոնք կ’արածեն.
3. Որբերուն էշերը կ’առնեն կը տանին, Որբեւարիին եզը գրաւ կ’առնեն.
4. Աղքատները ճամբայէն կը մոլորեցնեն Ու երկրի տնանկները ինքզինքնին կը ծածկեն։
5. Ահա անոնք անապատի վայրենի էշերուն պէս իրենց գործին կ’ելլեն, Կանուխ որս փնտռելու կ’երթան. Անապատը անոնց տղոցը հաց կու տայ։
6. Իրենցը չեղած արտը կը հնձեն Ու անիրաւութեամբ այգի կը կթեն։
7. Գիշերը առանց հանդերձի կը պառկեցնեն մերկը Ու պաղ ատեն առանց ծածկոցի կը թողուն։
8. Անոնք լեռներուն սաստիկ անձրեւներէն կը թրջուին Ու ապաստանարան մը չունենալնուն համար ժայռերը կը գրկեն։
9. Որբը ծիծէն կը հեռացնեն Ու աղքատէն պզտիկ զաւակը գրաւ կ’առնեն։
10. Մերկերը առանց հանդերձի կը պտըտեցնեն Ու անօթիները անոնց ցորենի խուրձերը կը կրեն։
11. Իրենց պատերուն մէջ իւղ հանողները Ու հնձաններուն մէջ գինի կոխողները ծարաւ կը մնան։
12. Քաղաքին մէջ մարդիկ կը հեծեն Ու վիրաւորուածներուն հոգին կ’աղաղակէ։ Բայց Աստուած անոնց ըրածը անզգամութիւն չի համարեր։
13. Անոնք լոյսին դէմ կեցողներէն են, Անոր ճամբաները չեն գիտեր Ու անոր շաւիղներուն մէջ չեն կենար։
14. Մարդասպանը լուսնալուն պէս կ’ելլէ, Աղքատն ու տնանկը կը սպաննէ Ու գիշերը գողի պէս կ’ըլլայ։
15. Շնացողին աչքն ալ իրիկուան մութին կը սպասէ՝ ըսելով. ‘Զիս աչք չտեսնէ’, ուստի երեսին ծածկոց կը դնէ։
16. Մութ ատեն կը ծակեն այն տուները, Որոնց վրայ ցորեկուընէ նշան դրած են. Անոնք լոյսը չեն ճանչնար.
17. Վասն զի առտուան լոյսը մահուան շուքի պէս է անոնց, Որովհետեւ մահուան շուքին երկիւղներուն վարժուած են։
18. Անիկա ջուրին երեսին վրայ թեթեւ է. Անոնց բաժինը երկրի վրայ անիծեալ է Ու այգիներուն ճամբան չի դառնար։
19. Չորութիւնն ու տաքութիւնը ձիւնին ջուրը կը հատցնեն Ու գերեզմանը՝ մեղք գործողները։
20. Որովայնը զանիկա պիտի մոռնայ. Որդերը պիտի ուտեն զանիկա անուշ բանի պէս. Ա՛լ անիկա պիտի չյիշուի։ Ամբարշտութիւնը ծառի մը պէս պիտի կոտրուի։
21. Անիկա զաւակ չծնանող ամուլը կը չարչարէ Ու որբեւարիին աղէկութիւն չ’ըներ։
22. Անիկա իր ուժովը զօրաւորներուն կեանքը կ’երկարաձգէ, Իսկ երբ ելլէ, մէկո՛ւն կեանքի ապահովութիւն չկայ։
23. Աստուած անոր ապահովութիւն կու տայ, որպէս զի իրեն վստահի, Բայց իր աչքերը անոնց ճամբաներուն վրայ են։
24. Քիչ մը բարձրացան ու ոչինչ եղան, Ամենուն պէս ընկղմելով կորսուեցան Ու հասկի պէս կտրուեցան։
25. Եթէ այսպէս չէ, ո՞վ զիս սուտ պիտի հանէ Եւ իմ խօսքիս ոչինչ ըլլալը պիտի ցուցնէ»։
About Հոբ Chapter 24
Read Հոբ Chapter 24 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հոբ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Հոբ
Chapter: 24
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Հոբ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Հոբ Chapter 24 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Հոբ Chapter 24?
Հոբ Chapter 24 is part of the Book of Հոբ in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Հոբ Chapter 24 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Հին Կտակարան
- Սաղմոսներ Chapter 121
- Ծննդոց Chapter 45
- Ծննդոց Chapter 13
- Ծննդոց Chapter 8
- Սաղմոսներ Chapter 8
- Եզրաս Chapter 1
- Ծննդոց Chapter 4