Թվեր Chapter 21

For English

Read Թվեր Chapter 21 Online

Read Թվեր Chapter 21 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Թվեր in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Թվեր and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Թվեր 21

Գլուխ 21

1. Հարաւային կողմը բնակող Արադին՝ Քանանացի թագաւորը՝ լսելով որ Իսրայէլ Աթարիմի ճամբայէն կու գայ, Իսրայէլի հետ պատերազմեցաւ եւ անոնցմէ գերիներ առաւ։

2. Իսրայէլ ուխտ ըրաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Եթէ այս ժողովուրդը իմ ձեռքս մատնես, անոնց քաղաքները բոլորովին պիտի կորսնցնեմ»։

3. Տէրը Իսրայէլին ձայնը լսեց ու Քանանացիները անոր ձեռքը մատնեց։ Իսրայէլ բոլորովին կորսնցուց զանոնք ու անոնց քաղաքները եւ այն տեղին անունը Հօրմա դրաւ։

4. Եդովմի երկրին բոլորտիքէն անցնելով Հովր լեռնէն Կարմիր ծովուն ճամբան չուեցին ու ճամբուն մէջ ժողովուրդին սիրտը նեղացաւ։

5. Ժողովուրդը Աստուծոյ դէմ ու Մովսէսին դէմ խօսեցան՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ մեզ Եգիպտոսէն հանեցիք, որ անապատին մէջ մեռնինք, քանզի հաց չկայ, ջուր չկայ եւ այս չնչին հացէն մեր սիրտը զզուեր է»։

6. Ուստի Տէրը ժողովուրդին վրայ կիզող օձեր ղրկեց, որոնք խածին ժողովուրդը, այնպէս որ Իսրայէլէն շատ ժողովուրդ մեռաւ։

7. Ժողովուրդը Մովսէսին եկան ու ըսին. «Տէրոջը դէմ ու քեզի դէմ խօսելով մեղանչեցինք. աղօթք ըրէ՛ Տէրոջը, որ մեր վրայէն օձերը վերցնէ»։ Մովսէս ժողովուրդին համար աղաչեց։

8. Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Քեզի կիզող օձ մը շինէ ու զանիկա ձողի մը վրայ դիր։ Ով որ օձէն խածուի, անոր թող նայի ու ապրի»։

9. Եւ Մովսէս պղնձէ օձ մը շինեց ու զանիկա ձողի մը վրայ դրաւ։ Երբ օձ մը մարդ մը խածնէր ու մարդը պղնձէ օձին նայէր, անմիջապէս կ’առողջանար։

10. Եւ Իսրայէլի որդիները չուեցին ու Ոբովթի մէջ իջեւան ըրին։

11. Ոբովթէն չուեցին ու Իյէ-Աբարիմի մէջ դէպի արեւելեան կողմը, Մովաբի մօտակայ անապատին մէջ իջեւան ըրին։

12. Անկէ ալ չուեցին եւ Զարեդ ձորին մէջ իջեւան ըրին։

13. Անկէ չուեցին ու իջեւան ըրին Առնոնի միւս կողմը այն անապատին մէջ, որ Ամօրհացիներուն սահմանէն կը տարածուի, վասն զի Առնոն Մովաբացիներուն սահմանն է, Մովաբացիներուն ու Ամօրհացիներուն մէջտեղ։

14. Անոր համար Տէրոջը պատերազմներուն գրքին մէջ կ’ըսուի. «Սուֆայի մէջ Վահէպը, Ու Առնոնի հովիտները,

15. Որ կը տարածուի մինչեւ Արի աւազանը, Ու կը հասնի Մովաբի սահմանը»։

16. Եւ անկէ շարունակեցին մինչեւ Ջրհորը։ Ասիկա այն ջրհորն է, որուն համար Տէրը ըսեր էր Մովսէսին. «Ժողովուրդը հաւաքէ ու ես անոնց ջուր պիտի տամ»։

17. Այն ատեն Իսրայէլ այս երգը երգեց «Ո՛վ հոր, բղխէ՛։ Երգեցէ՛ք անոր.

18. Հորը, որ իշխանները փորեցին Որ ժողովուրդին ազնուականները փորեցին՝ Իրենց գաւազաններովը փորեցին»։

19. Եւ անապատէն դէպի Մաթանա գացին ու Մաթանայէն դէպի Նաալիէլ ու Նաալիէլէն դէպի Բամօթ

20. Եւ Բամօթէն Մովաբի դաշտին մէջ դէպի Եսիմոն նայող Փասգայի գագաթը եղած հովիտը չուեցին։

21. Եւ Իսրայէլ դեսպաններ ղրկեց Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին՝ ըսելով.

22. «Թողուր որ երկրէդ անցնինք. արտի կամ այգիի մէջ չենք մտներ, հորի ջուրէ չենք խմեր. մինչեւ որ քու սահմանէդ անցնինք՝ արքունական ճամբայէն կ’երթանք»։

23. Բայց Սեհոն իր սահմանէն ճամբայ չտուաւ Իսրայէլին, հապա Սեհոն իր բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց եւ դէպի անապատը Իսրայէլին դէմը ելաւ ու Յասսա եկաւ եւ Իսրայէլին հետ պատերազմեցաւ։

24. Իսրայէլ սուրի բերնէ անցուց զանիկա ու տիրեց անոր երկրին, Առնոնէն մինչեւ Յաբոկ, մինչեւ Ամմոնի որդիներուն երկիրը, վասն զի Ամմոնի որդիներուն սահմանը ամուր էր։

25. Իսրայէլ բոլոր այս քաղաքները առաւ ու Իսրայէլ Ամօրհացիներուն բոլոր քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ, Եսեբոնի մէջ ու անոր բոլոր գիւղերուն մէջ.

26. Քանզի Եսեբոն Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորին քաղաքն էր. վասն զի անիկա Մովաբի նախկին թագաւորին հետ պատերազմելով, անոր ձեռքէն անոր բոլոր երկիրը մինչեւ Առնոն՝ առած էր։

27. Անոր համար առակագիրները կ’ըսեն. «Եսեբոն եկէ՛ք. Թող Սեհոնի քաղաքը շինուի ու պատրաստուի,

28. Վասն զի Եսեբոնէն կրակ ելաւ Ու Սեհոնի քաղաքէն՝ բոց. Մովաբի Արը այրեց Ու Առնոնի բարձր տեղերուն՝ տէրերը։

29. Վա՜յ քեզ, Մովաբ, Ո՜վ Քամովսի ժողովուրդ, կորսուեցա՛ր. Իր փախած որդիներն ու աղջիկները Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին գերութեան տուաւ.

30. Զանոնք նետերով զարկինք. Եսեբոն կորսուեցաւ մինչեւ Դեբոն Եւ կորսնցուցինք զանոնք Մինչեւ Մեդաբայի քով եղած Նօփա»։

31. Այսպէս Իսրայէլ Ամօրհացիներուն երկիրը բնակեցաւ։

32. Եւ Մովսէս մարդ ղրկեց Յազերը լրտեսելու ու անոր գիւղերը առին եւ հոն եղած Ամօրհացիները վռնտեցին։

33. Եւ դարձան ու Բասանի ճամբան ելան եւ Բասանի Ովգ թագաւորը՝ ինք ու իր բոլոր ժողովուրդը անոնց դէմ Եդրայիի մէջ՝ պատերազմի ելան։

34. Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Անկէ մի՛ վախնար. քանզի քու ձեռքդ մատնեցի զանիկա ու անոր բոլոր ժողովուրդը եւ անոր երկիրը եւ դուն Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին ըրածիդ պէս ըրէ՛ անոր»։

35. Այսպէս զարկին զանիկա եւ անոր որդիները ու անոր բոլոր ժողովուրդը, այնպէս որ մէ՛կն ալ չմնաց եւ անոր երկրին տիրեցին։

About Թվեր Chapter 21

Read Թվեր Chapter 21 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Թվեր in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Թվեր
Chapter: 21
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Թվեր. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Թվեր Chapter 21 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Թվեր Chapter 21?

Թվեր Chapter 21 is part of the Book of Թվեր in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Թվեր Chapter 21 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Թվեր

  1. Թվեր Chapter 18
  2. Թվեր Chapter 4
  3. Թվեր Chapter 1
  4. Թվեր Chapter 16
  5. Թվեր Chapter 8
  6. Թվեր Chapter 33
  7. Թվեր Chapter 20

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Եսայի Chapter 15
  2. Հոբ Chapter 15
  3. Ծննդոց Chapter 42
  4. Երկրորդ Օրինաց Chapter 13
  5. Ա Մնացորդաց Chapter 2
  6. Ա Սամուել Chapter 9
  7. Ա Մնացորդաց Chapter 19

Related Chapters & Readings

  1. Ա Սամուել Chapter 2
  2. Եսթեր Chapter 5
  3. Թվեր Chapter 9
  4. Բ Սամուել Chapter 11
  5. Երեմիա Chapter 51
  6. Երկրորդ Օրինաց Chapter 8
  7. Հեսու Chapter 6
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *