Սաղմոսներ Chapter 119

For English

Read Սաղմոսներ Chapter 119 Online

Read Սաղմոսներ Chapter 119 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Սաղմոսներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Սաղմոսներ and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Սաղմոսներ 119

Գլուխ 119

1. Երանի՜ ճամբով անբիծներուն, Որոնք Տէրոջը օրէնքին մէջ կը քալեն։

2. Երանի՜ անոնց՝ որոնք անոր վկայութիւնները կը պահեն Ու բոլոր սրտով զինք կը խնդրեն

3. Եւ անօրէնութիւն չեն ըներ, Հապա անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն։

4. Դուն պատուիրեցիր, որ շատ զգուշութեամբ Քու հրամաններդ պահենք։

5. Երանի՜ թէ իմ ճամբաներս հաստատուին Քու կանոններդ պահելով։

6. Այն ատեն պիտի չամչնամ՝ Երբ քու բոլոր պատուիրանքներուդ զգուշութիւն ընեմ։

7. Պիտի գովեմ քեզ ուղիղ սրտով, Երբ քու արդար դատաստաններդ սորվիմ։

8. Քու կանոններդ պիտի պահեմ. Զիս բոլորովին մի՛ թողուր։

9. Երիտասարդը ինչո՞վ մաքրէ իր ճամբան։ Քու խօսքիդ համեմատ անոր զգուշութիւն ընելով։

10. Իմ բոլոր սրտովս խնդրեցի քեզ։ Մի՛ թողուր զիս, որ քու պատուիրանքներէդ մոլորիմ։

11. Իմ սրտիս մէջ պահեցի քու խօսքերդ, Որպէս զի չմեղանչեմ քեզի դէմ։

12. Օրհնեալ ես դուն, ո՛վ Տէր, Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

13. Իմ շրթունքներովս պատմեցի Քու բերնիդ բոլոր պատուիրանքները։

14. Քու վկայութիւններուդ ճամբովը ուրախացայ, Որպէս թէ ամէն կերպ հարստութիւնով։

15. Քու հրամաններուդ վրայով պիտի մտածեմ Եւ քու ճամբաներդ պիտի դիտեմ։

16. Քու կանոններովդ պիտի ուրախանամ Ու քու խօսքդ պիտի չմոռնամ։

17. Բարութիւն ըրէ քու ծառայիդ, Որպէս զի ապրիմ ու քու խօսքդ պահեմ։

18. Բաց իմ աչքերս, Որպէս զի քու օրէնքէդ հրաշքներ տեսնեմ։

19. Պանդուխտ եմ ես երկրի վրայ։ Մի՛ ծածկեր ինծմէ քու պատուիրանքներդ։

20. Իմ անձս կը նեղուի Ամէն ժամանակ քու դատաստաններուդ ցանկալէն։

21. Դուն սաստեցիր անիծեալ ամբարտաւանները, Քու պատուիրանքներէդ մոլորածները,

22. Նախատինքը ու անարգանքը վերցուր ինծմէ, Վասն զի քու վկայութիւններդ պահեցի։

23. Իշխաններ ալ կը նստէին ու ինծի դէմ կը խօսէին, Բայց քու ծառադ քու կանոններուդ վրայով կը մտածէր։

24. Քու վկայութիւններդ իմ ուրախութիւնս Ու իմ խորհրդատուներս են։

25. Իմ անձս հողին կը փակչի, Կենադանացո՛ւր զիս քու խօսքիդ համեմատ։

26. Իմ ճամբաներս պատմեցի ու դուն ինծի պատասխան տուիր։ Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

27. Քու հրամաններուդ ճամբան ինծի իմացուր Եւ քու սքանչելիքներուդ վրայով պիտի մտածեմ։

28. Իմ անձս տրտմութենէ կը հալի, Հաստատէ՛ զիս քու խօսքիդ համեմատ։

29. Ստութեան ճամբան հեռացուր ինծմէ Ու քու օրէնքդ շնորհէ ինծի։

30. Ճշմարտութեան ճամբան ընտրեցի Եւ քու դատաստաններդ իմ առջեւս դրի։

31. Քու վկայութիւններուդ յարեցայ, Ո՛վ Տէր, զիս մի՛ ամչցներ։

32. Քու պատուիրանքներուդ ճամբուն մէջ պիտի վազեմ, Վասն զի դուն իմ սիրտս պիտի լայնցնես։

33. Ո՛վ Տէր, սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններուդ ճամբան Ու մինչեւ վերջը պիտի պահեմ զանիկա։

34. Իմաստո՛ւն ըրէ զիս, որպէս զի քու օրէնքդ պահեմ Ու բոլոր սրտով զանիկա գործադրեմ։

35. Առաջնորդէ՛ ինծի քու պատուիրանքներուդ շաւիղին մէջ, Վասն զի անոր հաւնեցայ։

36. Իմ սիրտս քու վկայութիւններուդ յօժարեցուր Ու ո՛չ թէ ագահութեան։

37. Ե՛տ դարձուր իմ աչքերս, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն Եւ զիս քու ճամբուդ մէջ կենդանացուր։

38. Հաստատէ՛ քու խօսքդ Քեզմէ վախցող ծառայիդ վրայ։

39. Ե՛տ դարձուր ինծմէ իմ նախատինքս, որմէ կը վախնամ, Վասն զի քու դատաստաններդ բարի են։

40. Ահա ցանկացի քու հրամաններուդ. Քու արդարութեանդ մէջ կենդանացուր զիս։

41. Ո՛վ Տէր, թող իմ վրաս գայ քու ողորմութիւնդ Եւ քու փրկուիթւնդ՝ քու խօսքիդ համեմատ։

42. Ես խօսքով պատասխան պիտի տամ զիս նախատողին, Վասն զի քու խօսքիդ կը յուսամ։

43. Ճշմարտութեան խօսքը բնաւ մի՛ հեռացներ իմ բերնէս, Վասն զի իմ յոյսս քու դատաստանիդ վրայ է։

44. Քու օրէնքդ միշտ պիտի պահեմ, Յաւիտեանս յաւիտենից։

45. Լայնարձակ տեղի մէջ պիտի քալեմ, Քանզի քու հրամաններդ փնտռեցի։

46. Քու վկայութիւններդ թագաւորներու առջեւ պիտի յայտնեմ Եւ պիտի չամչնամ։

47. Պիտի ուրախանամ քու պատուիրանքներովդ՝ Որոնք սիրեցի։

48. Ձեռքերս դէպի քու պատուիրանքներդ պիտի վերցնեմ՝ որոնք սիրեցի Ու քու կանոններուդ վրայով պիտի մտածեմ։

49. Յիշէ՛ քու ծառայիդ եղած խօսքը, Որուն վրայ ինծի յուսալ տուիր։

50. Իմ նեղութեանս մէջ մխիթարութիւնս այս է, Վասն զի քու խօսքդ զիս կենդանացուց։

51. Ամբարտաւանները խիստ շատ ծաղր ըրին զիս, Բայց ես քու օրէնքէդ չխոտորեցայ։

52. Ո՛վ Տէր, քու առաջուան դատաստաններդ յիշեցի Ու մխիթարուեցայ։

53. Սոսկումը զիս բռնեց այն ամբարիշտներուն համար՝ Որոնք քու օրէնքդ կը թողուն։

54. Քու կանոններդ ինծի երգեր եղան Իմ պանդխտութեանս տանը մէջ։

55. Ո՛վ Տէր, գիշերը քու անունդ յիշեցի Ու քու օրէնքդ պահեցի։

56. Այս օրհնութիւնդ ստացայ, Վասն զի քու հրամաններդ պահեցի։

57. Դուն իմ բաժինս ես, ո՛վ Տէր. Խոստացայ որ քու խօսքերդ պահեմ։

58. Բոլոր սրտով քու երեսդ խնդրեցի. Ողորմէ՛ ինծի քու խօսքիդ համեմատ։

59. Իմ ճամբաներուս վրայով մտածեցի Եւ իմ ոտքերս քու վկայութիւններուդ դարձուցի։

60. Քու պատուիրանքներդ պահելու Արտորացի ու չուշացայ։

61. Ամբարիշտներուն խումբերը զիս պատեցին, Բայց ես քու օրէնքդ չմոռցայ։

62. Կէս գիշերին կ’ելլեմ քեզի գոհութիւն մատուցանելու Քու արդար դատաստաններուդ համար։

63. Ես ընկեր եղայ այն ամենուն, որոնք քեզմէ կը վախնան Ու քու հրամաններդ կը պահեն։

64. Ո՛վ Տէր, երկիրը լեցուն է քու ողորմութիւնովդ. Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

65. Բարութիւն ըրիր քու ծառայիդ, ո՛վ Տէր, Քու խօսքիդ համեմատ։

66. Բարի իմաստութիւն ու գիտութիւն սորվեցուցիր ինծի, Վասն զի քու պատուիրանքներուդ հաւատացի։

67. Քանի որ վշտացած չէի՝ կը սխալէի, Բայց հիմա քու խօսքդ կը պահեմ։

68. Բարի ես դուն ու բարերար։ Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

69. Ամբարտաւանները ստութիւն հնարեցին ինծի դէմ, Բայց ես բոլոր սրտովս քու հրամաններդ պիտի պահեմ։

70. Անոնց սիրտը ճարպի պէս պարարտացաւ, Բայց ես քու օրէնքովդ ուրախացայ։

71. Աղէկ եղաւ ինծի որ վշտացայ, Որպէս զի քու կանոններդ սորվիմ։

72. Ինծի հազարաւոր ոսկիէ ու արծաթէ Աւելի աղէկ է քու բերնիդ օրէնքը։

73. Զիս քու ձեռքերդ ըրին ու ստեղծեցին. Իմաստուն ըրէ զիս, որպէս զի քու պատուիրանքներդ սորվիմ։

74. Քեզմէ վախցողները զիս պիտի տեսնեն եւ ուրախանան, Վասն զի քու խօսքիդ յուսացի։

75. Գիտեմ թէ, ո՛վ Տէր, քու դատաստաններդ արդար են Ու իրաւունքով զիս վշտացուցիր։

76. Հիմա թող ողորմութիւնդ ինծի մխիթարութիւն ըլլայ՝ Քու ծառայիդ տուած խոստումիդ համեմատ։

77. Թող քու գթութիւններդ իմ վրաս գան, որպէս զի ապրիմ, Վասն զի քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս է։

78. Ամբարտաւանները պիտի ամչնան, Վասն զի առանց պատճառի անիրաւութիւն ըրին ինծի, Բայց ես քու հրամաններուդ վրայ պիտի մտածեմ։

79. Թո՛ղ ինծի դառնան քեզմէ վախցողները Եւ քու վկայութիւններդ ճանչցողները։

80. Թո՛ղ իմ սիրտս կատարեալ ըլլայ քու կանոններուդ մէջ, Որպէս զի չամչնամ։

81. Իմ անձս քու փրկութեանդ կը կարօտի Ու ես քու խօսքիդ կը յուսամ։

82. Իմ աչքերս քու խօսքիդ համար կը նուաղին, Ըսելով. «Ե՞րբ պիտի մխիթարես զիս»։

83. Վասն զի ես ծուխի մէջ դրուած տիկի պէս եղայ, Բայց քու կանոններդ չմոռցայ։

84. Ո՞րչափ են քու ծառայիդ օրերը, Զիս հալածողներուն ե՞րբ դատաստան պիտի ընես։

85. Ամբարտաւանները փոսեր փորեցին ինծի համար, Որոնք քու օրէնքիդ համաձայն չեն։

86. Քու բոլոր պատուիրանքներդ ճշմարիտ են։ Զուր տեղ զիս կը հալածեն, օգնէ՛ ինծի։

87. Քիչ մնաց որ զիս կորսնցնէին երկրի մէջ, Բայց ես քու հրամաններդ չթողուցի։

88. Քու ողորմութեանդ համեմատ կենդանացուր զիս Եւ քու բերնիդ վկայութիւնը պիտի պահեմ։

89. Ո՛վ Տէր, քու խօսքդ Յաւիտեան հաստատ է երկնքի մէջ։

90. Քու հաւատարմութիւնդ ազգէ մինչեւ ազգ կը մնայ։ Դուն հաստատեցիր երկիրը ու կը կենայ։

91. Քու հրամաններուդ պէս կը կենան մինչեւ այսօր. Վասն զի բոլորը քու ծառաներդ են։

92. Եթէ քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս չըլլար, Այն ատեն կորսուած պիտի ըլլայի իմ տրտմութեանս մէջ։

93. Յաւիտեան պիտի չմոռնամ քու հրամաններդ, Քանզի անոնցմով կենդանացուցիր զիս։

94. Ես քուկդ եմ, փրկէ՛ զիս. Վասն զի քու հրամաններդ փնտռեցի։

95. Ամբարիշտները ինծի սպասեցին որպէս զի զիս կորսնցնեն, Բայց ես քու վկայութիւններդ միտքս պիտի բերեմ։

96. Ամէն կատարելութեան վերջը տեսայ։ Քու պատուիրանքդ շատ ընդարձակ է։

97. Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս։

98. Քու պատուիրանքներդ զիս իմ թշնամիներէս իմաստուն ըրին, Քանզի անոնք միշտ իմ քովս են։

99. Իմ բոլոր ուսուցիչներէս աւելի հանճարեղ եղայ, Վասն զի քու վկայութիւններդ իմ մտածութիւնս են։

100. Ծերերէն աւելի իմաստուն եղայ, Վասն զի քու հրամաններդ պահեցի։

101. Ամէն գէշ ճամբայէ իմ ոտքերս ետ քաշեցի, Որպէս զի քու խօսքդ պահեմ։

102. Քու դատաստաններէդ չխոտորեցայ, Վասն զի դո՛ւն սորվեցուցիր ինծի։

103. Ո՜րչափ քաղցր է քու խօսքդ իմ քիմքիս, Մեղրէն աւելի անոյշ է իմ բերնիս։

104. Քու հրամաններովդ իմաստուն եղայ, Անոր համար ստութեան ամէն ճամբայ ատեցի։

105. Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է Ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս։

106. Երդում ըրի ու պիտի կատարեմ, Որպէս զի քու արդար դատաստաններդ պահեմ։

107. Շատ նեղացայ, Ո՛վ Տէր, կենդանացո՛ւր զիս քու խօսքիդ համեմատ։

108. Հիմա իմ բերնիս կամաւոր զոհերը ընդունէ՛, ո՛վ Տէր Ու քու դատաստաններդ սորվեցո՛ւր ինծի։

109. Իմ հոգիս ամէն ժամանակ ափիս մէջ է, Բայց քու օրէնքդ չեմ մոռնար։

110. Ամբարիշտները որոգայթ լարեցին ինծի դէմ, Բայց ես քու հրամաններէդ չմոլորեցայ։

111. Քու վկայութիւններդ յաւիտեան ժառանգեցի, Վասն զի անոնք իմ սրտիս ցնծութիւնն են։

112. Խոնարհեցուցի իմ սիրտս, որպէս զի քու կանոններդ կատարեմ Յաւիտեան՝ մինչեւ վերջը։

113. Երկմիտները ատեցի, Բայց քու օրէնքդ սիրեցի։

114. Իմ ապաւէնս ու ասպարս դուն ես, Քու խօսքիդ յուսացի։

115. Ե՛տ քաշուեցէք ինծմէ, ո՛վ չարագործներ, Վասն զի ես իմ Աստուծոյս պատուիրանքները պիտի պահեմ։

116. Պահպանէ զիս քու խօսքիդ համեմատ, որպէս զի ապրիմ Եւ զիս իմ յոյսէս մի՛ ամչցներ։

117. Զօրացո՛ւր զիս, որպէս զի ապրիմ Ու միշտ քու կանոններուդ ուշադրութիւն ընեմ։

118. Անարգեցիր այն ամէնը, որոնք քու կանոններէդ խոտորեցան, Քանզի անոնց խորամանկութիւնը փուճ է։

119. Դուն մետաղներու կղկղանք կը համարիս՝ ՝ երկրի բոլոր ամբարիշտները, Անոր համար ես քու վկայութիւններդ կը սիրեմ։

120. Իմ մարմինս քու ահէդ դողաց Ու ես քու դատաստաններէդ վախցայ։

121. Իրաւունք ու արդարութիւն ըրի, Զիս իմ նեղիչներուս մի՛ մատներ։

122. Քու ծառայիդ բարութեան համար երաշխաւոր եղիր. Ամբարտաւանները թող չհարստահարեն զիս։

123. Իմ աչքերս նուաղեցան քու փրկութեանդ համար Ու քու արդարութեանդ խօսքին համար։

124. Քու ծառայիդ քու ողորմութեանդ համեմատ ըրէ՛ Եւ քու կանոններդ սորվեցո՛ւր ինծի։

125. Ես քու ծառադ եմ, իմաստուն ըրէ՛ զիս, Որպէս զի քու վկայութիւններդ ճանչնամ։

126. Տէրոջը գործելու ժամանակն է, Վասն զի քու օրէնքդ խափանեցին։

127. Անոր համար քու պատուիրանքներդ Ոսկիէն ու ազնիւ ոսկիէն աւելի սիրեցի,

128. Ուստի ամէն բանի վրայով պատուիրած քու բոլոր հրամաններդ ուղիղ կը համարեմ Ու ստութեան ամէն ճամբայ կ’ատեմ։

129. Քու վկայութիւններդ զարմանալի են, Անոր համար իմ անձս զանոնք կը պահէ։

130. Քու խօսքերուդ յայտնուիլը լոյս կու տայ Ու միամիտները իմաստուն կ’ընէ։

131. Իմ բերանս բացի ու հեւացի, Վասն զի քու պատուիրանքներուդ ցանկացի։

132. Ինծի նայէ՛ ու ողորմէ՛ ինծի, Ինչպէս սովորաբար կ’ընես քու անունդ սիրողներուն։

133. Իմ գնացքներս հաստատէ՛ քու խօսքիդ մէջ Ու ոչ մէկ անօրէնութիւն թո՛ղ չտիրէ ինծի։

134. Փրկէ՛ զիս մարդոց բռնութենէն Եւ քու հրամաններդ պիտի պահեմ։

135. Երեսդ փայլեցո՛ւր քու ծառայիդ վրայ Ու սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

136. Ջուրերու առուներ կ’իջնեն իմ աչքերէս, Վասն զի մարդիկ քու օրէնքդ չպահեցին։

137. Արդար ես դուն, ո՛վ Տէր Եւ քու դատաստաններդ ուղիղ են։

138. Քու պատուիրած վկայութիւններդ Արդար ու խիստ ճշմարիտ են։

139. Իմ նախանձս զիս մաշեցուց, Վասն զի իմ թշնամիներս քու խօսքերդ մոռցան։

140. Քու խօսքդ խիստ մաքուր է, Անոր համար քու ծառադ զանիկա կը սիրէ։

141. Ես ցած ու անարգուած եմ, Բայց քու հրամաններդ չմոռցայ։

142. Քու արդարութիւնդ յաւիտենական արդարութիւն է Ու քու օրէնքդ ճշմարտութիւն է։

143. Նեղութիւն ու վիշտ զիս գտան, Բայց քու պատուիրանքներդ իմ ուրախութիւնս են։

144. Քու վկայութիւններուդ արդարութիւնը յաւիտենական է. Իմաստուն ըրէ՛ զիս ու պիտի ապրիմ։

145. Բոլոր սրտով աղաղակեցի, Ո՛վ Տէր, պատասխան տուր ինծի ու քու կանոններդ պիտի պահեմ։

146. Քեզի աղաղակեցի, փրկէ՛ զիս Եւ քու վկայութիւններդ պիտի պահեմ։

147. Կանուխ ելայ արշալոյսին ու աղաղակեցի. Քու խօսքիդ յուսացի։

148. Գիշերուան պահերէն առաջ բացուեցան իմ աչքերս՝ Քու խօսքերուդ վրայ մտածելու համար։

149. Իմ ձայնս լսէ՛ քու ողորմութեանդ համեմատ. Ո՛վ Տէր, քու դատաստաններուդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։

150. Անօրէնութեան հետեւողները ինծի մօտեցան. Քանզի քու օրէնքէդ հեռացան։

151. Ո՛վ Տէր, դուն մօտ ես Ու քու բոլոր պատուիրանքներդ ճշմարտութիւն են։

152. Սկիզբէն իմացած եմ քու վկայութիւններդ, Որոնք յաւիտեան հաստատեցիր։

153. Տե՛ս իմ խեղճութիւնս ու զիս փրկէ՛, Վասն զի քու օրէնքդ չմոռցայ։

154. Իմ իրաւունքս պաշտպանէ ու փրկէ՛ զիս, Քու խօսքիդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։

155. Փրկութիւնը հեռու է ամբարիշտներէն, Վասն զի քու կանոններդ չփնտռեցին։

156. Ո՛վ Տէր, քու գթութիւններդ շատ են, Քու դատաստաններուդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։

157. Շատ են իմ հալածիչներս ու թշնամիներս. Բայց ես քու վկայութիւններէդ չխոտորեցայ։

158. Անօրէնները տեսայ ու զզուեցայ. Վասն զի անոնք քու խօսքդ չէին պահեր։

159. Նայէ՛, քու հրամաններդ որքա՜ն կը սիրեմ. Ո՛վ Տէր, քու ողորմութեանդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։

160. Քու խօսքիդ սկիզբը ճշմարտութիւն է Ու քու բոլոր արդար դատաստաններդ յաւիտենական են։

161. Իշխանները զուր տեղ զիս հալածեցին, Բայց իմ սիրտս քու խօսքէդ վախցաւ։

162. Ես կը ցնծամ քու խօսքերովդ, Շատ աւար գտնողի պէս։

163. Ստութիւնը ատեցի ու անարգեցի, Բայց քու օրէնքդ սիրեցի։

164. Օրը եօթը անգամ կ’օրհնեմ քեզ Քու արդար դատաստաններուդ համար։

165. Քու օրէնքդ սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ Ու անոնց գայթակղութիւն չկայ։

166. Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ սպասեցի Եւ քու պատուիրանքներդ կատարեցի։

167. Իմ անձս քու վկայութիւններդ պահեց Ու ես զանոնք շատ կը սիրեմ։

168. Քու հրամաններդ եւ քու վկայութիւններդ պահեցի, Վասն զի իմ բոլոր ճամբաներս քու առջեւդ են։

169. Ո՛վ Տէր, թո՛ղ իմ աղաղակս քու առջեւդ մօտենայ Քու խօսքիդ համեմատ իմաստուն ըրէ զիս։

170. Թո՛ղ իմ աղաչանքս քու առջեւդ ելլէ. Քու խօսքիդ համեմատ փրկէ՛ զիս։

171. Իմ շրթունքներէս օրհնութիւն պիտի բղխի, Վասն զի քու կանոններդ սորվեցուցիր ինծի։

172. Իմ լեզուս քու խօսքդ պիտի պատմէ, Վասն զի քու բոլոր պատուիրանքներդ արդար են։

173. Թող քու ձեռքդ ինծի օգնական ըլլայ, Վասն զի քու հրամաններդ ընտրեցի։

174. Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ ցանկացի Ու քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս է։

175. Թող իմ անձս ապրի ու քեզ օրհնէ Եւ քու դատաստաններդ օգնեն ինծի։

176. Կորսուած ոչխարի պէս մոլորեցայ. Փնտռէ՛ քու ծառադ, վասն զի քու պատուիրանքներդ չմոռցայ։

About Սաղմոսներ Chapter 119

Read Սաղմոսներ Chapter 119 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Սաղմոսներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Սաղմոսներ
Chapter: 119
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Սաղմոսներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Սաղմոսներ Chapter 119 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Սաղմոսներ Chapter 119?

Սաղմոսներ Chapter 119 is part of the Book of Սաղմոսներ in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Սաղմոսներ Chapter 119 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Հին Կտակարան

  1. Սաղմոսներ Chapter 121
  2. Ծննդոց Chapter 45
  3. Ծննդոց Chapter 13
  4. Ծննդոց Chapter 8
  5. Սաղմոսներ Chapter 8
  6. Եզրաս Chapter 1
  7. Ծննդոց Chapter 4

Explore More from Սաղմոսներ

  1. Սաղմոսներ Chapter 102
  2. Սաղմոսներ Chapter 66
  3. Սաղմոսներ Chapter 98
  4. Սաղմոսներ Chapter 138
  5. Սաղմոսներ Chapter 139
  6. Սաղմոսներ Chapter 101
  7. Սաղմոսներ Chapter 116

Related Chapters & Readings

  1. Մատթեոս Chapter 3
  2. Եսայի Chapter 44
  3. Գործք Առաքելոց Chapter 13
  4. Ծննդոց Chapter 3
  5. Գործք Առաքելոց Chapter 4
  6. Երեմիա Chapter 27
  7. Հակոբոս Chapter 4
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *