Թվեր Chapter 35

For English

Read Թվեր Chapter 35 Online

Read Թվեր Chapter 35 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Թվեր in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Թվեր and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Թվեր 35

Գլուխ 35

1. Տէրը Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.

2. «Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ իրենց ժառանգութեանը կալուածքէն Ղեւտացիներուն բնակելու քաղաքներ տան. նաեւ քաղաքներուն բոլորտիքը եղած արուարձանները տան Ղեւտացիներուն։

3. Եւ քաղաքները՝ բնակութեան համար, իսկ արուարձանները անոնց արջառներուն հօտերուն ու բոլոր անասուններուն համար։

4. Ու Ղեւտացիներուն տրուելիք քաղաքներուն արուարձանները քաղաքին պարիսպէն դուրս, շուրջանակի հազարական կանգուն ընդարձակութիւն պէտք է ունենան։

5. Ուստի քաղաքին դուրսը արեւելեան կողմէն՝ երկու հազար կանգուն, հարաւային կողմէն՝ երկու հազար կանգուն, արեւմտեան կողմէն՝ երկու հազար կանգուն ու հիւսիսային կողմէն երկու հազար կանգուն պէտք է չափէք, իսկ քաղաքը մէջտեղը պէտք է ըլլայ։ Անոնց քաղաքներուն արուարձանները այսպէս ըլլալու են։

6. Ղեւտացիներուն տրուելիք քաղաքներէն վեցը իբր ապաստանի քաղաք որոշեցէք, որպէս զի սպաննողը հոն փախչի։ Ասոնցմէ զատ քառասունըերկու քաղաք ալ տուէք։

7. Ղեւտացիներուն տրուելիք քաղաքները քառասունըութը հատ ըլլալու են, իրենց արուարձաններով։

8. Եւ այն քաղաքները, որոնք Իսրայէլի որդիներուն կալուածքէն պիտի տաք, շատուոր եղողէն՝ շատ, քիչուոր եղողէն քիչ պէտք է առնէք։ Ամէն մէկը իր առած ժառանգութեանը չափովը իր քաղաքներէն Ղեւտացիներուն պարտի տալ»։

9. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.

10. «Իսրայէլի որդիներուն խօսի՛ր ու անոնց ըսէ՛. Երբ Յորդանանէն Քանանի երկիրը անցիք,

11. Ձեզի քաղաքներ որոշեցէք, իբր ապաստանի քաղաքներ, որպէս զի սխալմամբ մարդ զարնելով սպաննողը հոն փախչի։

12. Եւ այն քաղաքները ձեզի ապաստանարան պէտք է ըլլան արեան վրէժխնդիր եղողէն, որպէս զի սպանողը առանց դատաստանի ժողովուրդին առջեւ երեւնալով չմեռնի։

13. Ձեր տալիք քաղաքներէն վեցը ձեզի ապաստանի քաղաք թող ըլլան։

14. Քաղաքներէն երեքը Յորդանանի ասդիի կողմը ու միւս երեքը Քանանի երկրին մէջ թող ըլլան, որպէս ապաստանի քաղաքներ։

15. Այս վեց քաղաքները Իսրայէլի որդիներուն ու օտարականին եւ ձեր մէջ բնակող պանդուխտին ապաստանարան պիտի ըլլան։ Ով որ սխալմամբ մարդ մեռցնէ՝ հոն պիտի փախչի։

16. Իսկ եթէ մարդ մը երկաթէ գործիքով մէկը զարնէ մեռցնէ, անիկա իբրեւ մարդասպան անպատճառ պէտք է մեռցուի։

17. Կամ եթէ մահառիթ բռնաքարով մը մէկուն զարնէ ու մեռցնէ, անիկա իրապէս մարդասպան է եւ անպատճառ պէտք է մեռցուի։

18. Կամ եթէ ձեռքով գործածուելու փայտեղէն մահառիթ գործիքով մը զարնէ ու մեռցնէ, անիկա ալ որպէս մարդասպան անպատճառ պէտք է մեռցուի։

19. Արեան վրէժխնդիրը կրնայ մեռցնել մարդասպանը։ Երբ անոր հանդիպի՝ թող մեռցնէ զանիկա։

20. Եթէ մէկը թշնամութեամբ հրէ ուրիշ մը ու նենգութեամբ վրան բան մը նետելով՝ զանիկա մեռցնէ

21. Կամ թէ թշնամութեան պատճառաւ ձեռքովը զարնէ անոր ու ան մեռնի, զարնողը անպատճառ պէտք է մեռցուի։ Անիկա մարդասպան է։ Արեան վրէժխնդիրը երբ մարդասպանին հանդիպի՝ զանիկա կրնայ մեռցնել։

22. Բայց եթէ պատահմամբ ու առանց թշնամութեան ուրիշ մը հրէ կամ թէ առանց նենգութեան ուրիշի մը վրայ գործիք մը նետէ

23. Կամ թէ առանց տեսնելու անոր վրայ ոեւէ մահառիթ քար մը ձգէ ու զայն մեռցնէ եւ քանի որ ինք անոր թշնամի չէր ու անոր չարիքը չէր ուզեր,

24. Այն ատեն ժողովը սպաննողին ու արեան վրէժխնդրին մէջտեղ այս օրէնքներուն համեմատ դատաստան թող ընէ։

25. Ժողովը թող ազատէ սպաննողը արեան վրէժխնդրին ձեռքէն ու զանիկա նորէն իր ապաւինած ապաստան քաղաքը թող դարձնէ։ Անիկա հոն թող բնակի, մինչեւ որ սուրբ իւղով օծուած քահանայապետը մեռնի։

26. Բայց եթէ սպաննողը իր ապաւինած ապաստան քաղաքին սահմաններէն դուրս ելլէ

27. Ու արեան վրէժխնդիրը զանիկա իր ապաստանի քաղաքին սահմանէն դուրս գտնէ եւ արեան վրէժխնդիրը՝ սպաննողը մեռցնելու ըլլայ, պէտք չէ մահապարտ սեպուի

28. Որովհետեւ սպաննողը իր ապաստան քաղաքը նստելու էր, մինչեւ որ քահանայապետը մեռնէր- բայց քահանայապետին մեռնելէն ետքը միայն իր սեփական երկիրը կրնայ դառնալ։

29. Ասոնք ձեզի դատաստանի կանոններ ըլլան ձեր սերունդներուն ու ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ։

30. Ով որ մարդ մեռցնէ, սպաննողը վկաներու ցուցմունքով պէտք է մեռցուի. բայց մարդ մը մեռցնելու համար՝ միայն մէկ հոգիի վկայութիւնը բաւական չէ։

31. Մահապարտէ մը սպաննուողին կեանքին համար փրկանք մի՛ առնէք. քանզի անիկա անպատճառ մեռցուելու է։

32. Ապաստանի քաղաքը փախչողին համար փրկանք մի՛ առնէք, որպէս զի անիկա իր քաղաքը դառնայ ու նստի քահանայապետին մահէն առաջ։

33. Ուստի ձեր բնակած երկիրը մի՛ պղծէք, քանզի արիւնը կը պղծէ երկիրը ու անոր թափուած արիւնին համար երկրին ուրիշ բանով մը քաւութիւն չըլլար, բայց միայն սպաննողին արիւնովը։

34. Ուրեմն ձեր բնակած երկիրը մի՛ պղծէք, որուն մէջ ես պիտի բնակիմ. քանզի ես Տէրս կը բնակիմ Իսրայէլի որդիներուն մէջ»։

About Թվեր Chapter 35

Read Թվեր Chapter 35 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Թվեր in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Թվեր
Chapter: 35
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Թվեր. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Թվեր Chapter 35 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Թվեր Chapter 35?

Թվեր Chapter 35 is part of the Book of Թվեր in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Թվեր Chapter 35 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Թվեր

  1. Թվեր Chapter 18
  2. Թվեր Chapter 4
  3. Թվեր Chapter 1
  4. Թվեր Chapter 16
  5. Թվեր Chapter 8
  6. Թվեր Chapter 33
  7. Թվեր Chapter 20

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Բ Մնացորդաց Chapter 26
  2. Ղևտական Chapter 19
  3. Հեսու Chapter 4
  4. Բ Մնացորդաց Chapter 6
  5. Թվեր Chapter 28
  6. Երեմիա Chapter 38
  7. Սաղմոսներ Chapter 129

Related Chapters & Readings

  1. Սաղմոսներ Chapter 31
  2. Ա Տիմոթեոս Chapter 5
  3. Սաղմոսներ Chapter 30
  4. Սաղմոսներ Chapter 42
  5. Սաղմոսներ Chapter 143
  6. Երկրորդ Օրինաց Chapter 31
  7. Բ Սամուել Chapter 24
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *