Եզեկիել Chapter 7

For English

Read Եզեկիել Chapter 7 Online

Read Եզեկիել Chapter 7 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզեկիել in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եզեկիել and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Եզեկիել 7

Գլուխ 7

1. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.

2. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, մտի՛կ ըրէ. Տէր Եհովան Իսրայէլի երկրին համար այսպէս կ’ըսէ. ‘Վախճանը, երկրին չորս կողմին վրայ վախճանը հասեր է։

3. Հիմա քու վրադ վախճանը կու գայ Ու իմ բարկութիւնս քու վրադ պիտի ղրկեմ Եւ քու ճամբաներուդ համաձայն քեզի դատաստան պիտի ընեմ Եւ քու բոլոր պղծութիւններուդ համար քեզ պիտի պատժեմ։

4. Իմ աչքս քեզի պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ. Հապա քու ճամբաներդ քու վրադ պիտի դնեմ Եւ քու պղծութիւններդ քու վրադ պիտի ըլլան Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։

5. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Չարիք մը, ահա չարիք մը կու գայ։

6. Վախճանը կու գայ, վախճանը կու գայ։ Քեզի դէմ արթնցաւ, ահա կու գայ։

7. Ո՛վ երկրի բնակիչ, կարգը քեզի կու գայ, Ժամանակը կու գայ, խռովութեան օրը մօտեցաւ Եւ ո՛չ թէ լեռներուն ցնծութիւնը։

8. Հիմա մօտերս իմ սրտմտութիւնս քու վրադ պիտի թափեմ Ու իմ բարկութիւնս քու վրադ պիտի բորբոքի Ու քու ճամբաներուդ համաձայն քեզի դատաստան պիտի ընեմ Եւ քու բոլոր պղծութիւններուդ համար քեզ պիտի պատժեմ։

9. Իմ աչքս պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ. Քու ճամբաներուդ համաձայն քեզի հատուցում պիտի ընեմ, Քանզի քու պղծութիւններդ քու մէջդ են Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը, որ կը զարնեմ»։

10. «Ահա օրը, ահա օրը կու գայ։ Կարգը քեզի հասաւ, Գաւազանը ծաղկեցաւ, ամբարտաւանութիւնը ընձիւղեցաւ։

11. Բռնութիւնը ելաւ ու ամբարշտութեան գաւազան եղաւ։ Անոնցմէ մարդ պիտի չմնայ. Անոնց բազմութենէն ու ստացուածքէն բան մը պիտի չմնայ, Անոնց մէջ վայելչութիւն պիտի չըլլայ»։

12. «Ժամանակը եկաւ, օրը մօտեցաւ. Գնողը թող չուրախանայ ու ծախողը թող չողբայ, Քանզի բոլոր բազմութեանը վրայ բարկութիւնը կու գայ։

13. Վասն զի ծախողը իր ծախածին պիտի չդառնայ, Թէեւ ողջ ըլլան, Վասն զի անոր բոլոր բազմութեանը համար եղած տեսիլքը ետ պիտի չդառնայ, Մարդ իր կեանքին անօրէնութիւնովը պիտի չուժովնայ։

14. Փողը հնչեցուցին, ամէն բան պատրաստեցին, Բայց պատերազմի գացող չկայ. Վասն զի իմ բարկութիւնս անոր բոլոր բազմութեանը վրայ է»։

15. Դուրսէն սուր ու ներսէն ժանտախտ ու սով պիտի ըլլայ։ Դաշտը եղողը սուրով պիտի մեռնի, Սովն ու ժանտախտը պիտի ուտեն քաղաքին մէջ եղողները։

16. Անոնցմէ ողջ մնացողները Լեռները պիտի ապաստանին ու աղաւնիներու պէս պիտի ըլլան։ Ամէնքը պիտի հեծեն, ամէն մէկը իր անօրէնութեանը համար։

17. Բոլոր ձեռքերը պիտի թուլնան Ու ծունկերը ջուրի պէս պիտի հալին։

18. Անոնք քուրձեր պիտի հագնին Ու սոսկումը պիտի ծածկէ զանոնք։ Ամէն երեսի վրայ ամօթ, Ամէն գլխու վրայ կնտութիւն պիտի ըլլայ։

19. Իրենց արծաթը փողոցներուն մէջ պիտի նետեն, Անոնց ոսկին անարգ բան մը պիտի սեպուի։ Անոնց արծաթն ու ոսկին Տէրոջը բարկութեան օրը Կարող պիտի չըլլան զիրենք ազատել. Անով պիտի չկրնան իրենց անձը կշտացնել, Ո՛չ ալ իրենց փորը լեցնել։ Վասն զի անիկա իրենց անօրէնութեանը գայթակղութիւնը եղաւ։

20. Իրենց զարդերուն փառքը հպարտութեան դարձուցին Եւ անով իրենց գարշութիւններ, իրենց պղծութիւններուն պատկերներ շինեցին։ Այս պատճառով զանոնք անարգանքի պիտի մատնեմ։

21. Զանիկա օտարներուն ձեռքը պիտի տամ, որպէս զի յափշտակեն, Երկրի ամբարիշտներուն՝ որպէս զի զանիկա կողոպտեն Ու զանիկա պիտի պղծեն։

22. Իմ երեսս անոնցմէ պիտի դարձնեմ, Իմ գաղտնի տեղս պիտի պղծեն, Հոն յափշտակողներ պիտի մտնեն, Զանիկա պիտի պղծեն։

23. «Շղթայ մը շինէ, Վասն զի երկիրը արիւնոտ ոճիրներով լեցուեցաւ Ու քաղաքը բռնութիւնով լեցուեցաւ։

24. Ազգերուն խիստ չարերը պիտի բերեմ, Որ անոնց տուները ժառանգեն։ Եւ ամբարտաւանութիւնը պիտի դադրեցնեմ Ու անոնց սուրբ տեղերը պիտի պղծուին։

25. Կործանումը կու գայ։ Խաղաղութիւն պիտի փնտռեն, բայց պիտի չգտնուի։

26. Պատուհասի վրայ պատուհաս պիտի գայ, Գուժի վրայ գոյժ պիտի ըլլայ. Մարգարէէն տեսիլք պիտի ուզեն, Քահանայէն՝ օրէնքը ու ծերերէն խորհուրդը պիտի կորսուի։

27. Թագաւորը սուգ պիտի բռնէ, Իշխանը սոսկում պիտի հագնի, Երկրին ժողովուրդին ձեռքերը վախով պիտի թուլնան. Անոնց ճամբաներուն համաձայն անոնց հատուցում պիտի ընեմ Եւ անոնց դատաստաններուն համաձայն զանոնք պիտի դատեմ Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։

About Եզեկիել Chapter 7

Read Եզեկիել Chapter 7 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզեկիել in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Եզեկիել
Chapter: 7
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եզեկիել. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Եզեկիել Chapter 7 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Եզեկիել Chapter 7?

Եզեկիել Chapter 7 is part of the Book of Եզեկիել in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Եզեկիել Chapter 7 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Եզեկիել

  1. Եզեկիել Chapter 36
  2. Եզեկիել Chapter 35
  3. Եզեկիել Chapter 28
  4. Եզեկիել Chapter 24
  5. Եզեկիել Chapter 25
  6. Եզեկիել Chapter 8
  7. Եզեկիել Chapter 47

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Հեսու Chapter 13
  2. Երկրորդ Օրինաց Chapter 34
  3. Հեսու Chapter 23
  4. Ա Սամուել Chapter 14
  5. Երկրորդ Օրինաց Chapter 26
  6. Դատավորներ Chapter 10
  7. Սաղմոսներ Chapter 81

Related Chapters & Readings

  1. Երկրորդ Օրինաց Chapter 15
  2. Մատթեոս Chapter 14
  3. Երեմիա Chapter 25
  4. Հոբ Chapter 20
  5. Սաղմոսներ Chapter 16
  6. Առակներ Chapter 9
  7. Երեմիա Chapter 11
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *