Եսայի Chapter 58

For English

Read Եսայի Chapter 58 Online

Read Եսայի Chapter 58 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եսայի and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Եսայի 58

Գլուխ 58

1. «Բարձրաձայն կանչէ եւ մի՛ խնայեր, Ձայնդ փողի պէս բարձրացուր Եւ իմ ժողովուրդիս՝ իրենց յանցանքը Ու Յակոբին տանը՝ իրենց մեղքերը յայտնէ։

2. Անոնք ամէն օր զիս կը փնտռեն Եւ իմ ճամբաներս գիտնալ կը փափաքին, Այնպիսի ազգի մը պէս, որ արդարութիւն կ’ընէ Ու իր Աստուծոյն օրէնքները զանց չ’ըներ։ Ինծի արդարութեան կանոնները կը հարցնեն, Աստուծոյ մօտենալ կը փափաքին,

3. Ու կ’ըսեն՝ ‘Մենք ինչո՞ւ ծոմ պահեցինք եւ դուն չտեսար, Մեր անձերը չարչարեցինք ու դուն չգիտցար’։ Ահա ձեր ծոմապահութեան օրը ձեր բաղձանքը կը կատարէք Եւ ձեր բոլոր պահանջները խստութեամբ կը պահանջէք՝ ՝։

4. Ահա կռիւի ու վէճի Եւ չարութեան բռունցքով զարնելու համար ծոմ կը պահէք, Որ ձեր ձայնը բարձրերը լսել տաք։

5. Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս Ու մարդու մը իր անձը խոնարհեցնելու օրը այսպէ՞ս կ’ըլլայ. Իր գլուխը կնիւնի պէս ծռելով Եւ իր տակ քուրձ ու մոխիր տարածելո՞վ կ’ըլլայ։ Ասիկա ծոմապահութիւն ու Տէրոջը ընդունելի օ՞ր պիտի անուանես։

6. Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝ Անիրաւութեան կապերը քակելը, Լուծին կապերը թուլցնելը, Հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, Ամէն լուծ կտրելը,

7. Հացդ անօթիին բաժնելը, Թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, Մերկ մը հագուեցնելը Ու մարմինդ անտեսելն է։

8. Այն ատեն քու լոյսդ առաւօտի պէս պիտի ծագի Ու բժշկութիւնդ շուտով պիտի յայտնուի։ Քու արդարութիւնդ քու առջեւէդ պիտի երթայ Ու Տէրոջը փառքը քու ետեւէդ պիտի պաշտպանէ։

9. Այն ատեն պիտի կանչես եւ Տէրը պիտի պատասխանէ, Պիտի աղաղակես ու անիկա պիտի ըսէ. ‘Ահա ես’։ Եթէ քու մէջէդ լուծը, Մատով ցուցնելն ու չար խօսքերը վերցնես,

10. Եթէ անօթին յօժարութեամբ կերակրես՝ ՝ Եւ կարօտին հոգին կշտացնես, Այն ատեն քու լոյսդ խաւարի մէջ պիտի ծագի Ու քու խաւարդ կէսօրուան պէս պիտի ըլլայ։

11. Տէրը միշտ քեզի առաջնորդութիւն պիտի ընէ, Քու հոգիդ երաշտութեան ատեն պիտի կշտացնէ, Ոսկորներդ պիտի զօրացնէ. Դուն ջրարբի պարտէզի պէս Աղբիւրի պէս պիտի ըլլաս, որուն ջուրը չի պակսիր։

12. Քեզմէ ծնածները հին աւերակները պիտի շինեն։ Նախկին դարերուն հիմերը պիտի վերականգնես։ Դուն փլածներ նորոգող Ու բնակութեան համար ճամբաներ շտկող պիտի կոչուիս։

13. Եթէ շաբաթը՝ իմ սուրբ օրս՝ Քու ցանկութիւնդ կատարելէ ոտքդ դարձնես Ու շաբաթը՝ քու զուարճութիւնդ Եւ Տէրոջը նուիրուած օրը պատուական անուանես, Զանիկա պատուես՝ քու ճամբաներուդ չհետեւելով, Քու ցանկութիւնդ չկատարելով ու պարապ խօսք չխօսելով,

14. Այն ատեն Տէրոջմով պիտի ուրախանաս։ Քեզ երկրին բարձր տեղերը պիտի հանեմ, Քու հօրդ Յակոբին ժառանգութիւնը քեզի պիտի կերցնեմ. Քանզի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։

About Եսայի Chapter 58

Read Եսայի Chapter 58 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Եսայի
Chapter: 58
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եսայի. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Եսայի Chapter 58 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Եսայի Chapter 58?

Եսայի Chapter 58 is part of the Book of Եսայի in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Եսայի Chapter 58 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Եսայի

  1. Եսայի Chapter 20
  2. Եսայի Chapter 6
  3. Եսայի Chapter 50
  4. Եսայի Chapter 31
  5. Եսայի Chapter 30
  6. Եսայի Chapter 59
  7. Եսայի Chapter 29

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Դատավորներ Chapter 11
  2. Եսայի Chapter 41
  3. Սաղմոսներ Chapter 85
  4. Եզեկիել Chapter 26
  5. Գ Թագավորներ Chapter 17
  6. Եսայի Chapter 46
  7. Երեմիա Chapter 43

Related Chapters & Readings

  1. Սաղմոսներ Chapter 36
  2. Բ Սամուել Chapter 9
  3. Բ Տիմոթեոս Chapter 4
  4. Ելից Chapter 3
  5. Առակներ Chapter 7
  6. Բ Կորնթացիներ Chapter 11
  7. Գործք Առաքելոց Chapter 12
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *