Ելից Chapter 3

For English

Read Ելից Chapter 3 Online

Read Ելից Chapter 3 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ելից in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Ելից and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Ելից 3

Գլուխ 3

1. Մովսէս Մադիամի քուրմին՝ իր աներոջ՝ հօտը կ’արածէր։ Հօտը անապատին ետին քշելով Աստուծոյ լեռը, Քորեբ, հասաւ։

2. Եւ Տէրոջը հրեշտակը կրակի բոցով մորենիին մէջէն երեւցաւ անոր։ Անիկա տեսաւ որ ահա մորենին կրակով կը վառէր, բայց մորենին չէր սպառեր։

3. Մովսէս ըսաւ. «Հիմա երթամ ու այս մեծ տեսարանը տեսնեմ՝ թէ ինչո՞ւ համար մորենին չայրիր»։

4. Տէրը տեսաւ, որ անիկա տեսնելու եկաւ, Աստուած մորենիին մէջէն կանչեց անոր ու ըսաւ. «Մովսէ՛ս, Մովսէ՛ս» եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։

5. Աստուած ըսաւ. «Հոս մի՛ մօտենար. կօշիկներդ հանէ քու ոտքերէդ, վասն զի այն տեղը՝ որուն վրայ կայներ ես, սուրբ երկիր է»։

6. Նաեւ ըսաւ անոր. «Ես եմ քու հօրդ Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը»։ Մովսէս իր երեսը ծածկեց, վասն զի Աստուծոյ նայելու վախցաւ։

7. Տէրը ըսաւ. «Արդարեւ Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ գործավարներուն պատճառով անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. վասն զի անոնց նեղութիւնները գիտեմ

8. Եւ զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատելու եւ զանոնք այն երկրէն աղէկ ու լայնարձակ երկիր մը, կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը, Քանանացիներու եւ Քետացիներու եւ Ամօրհացիներու եւ Փերեզացիներու եւ Խեւացիներու ու Յեբուսացիներու տեղը, տանելու եկայ։

9. Հիմա Իսրայէլի որդիներուն աղաղակը ինծի հասաւ ու Եգիպտացիներուն անոնց ըրած հարստահարութիւնն ալ տեսայ։

10. Ուստի եկո՛ւր, քեզ Փարաւոնին ղրկեմ, որ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլի որդիները՝ Եգիպտոսէն հանես»։

11. Եւ Մովսէս ըսաւ Աստուծոյ. «Ես ո՞վ եմ, որ Փարաւոնին երթամ ու Իսրայէլին որդիները Եգիպտոսէն հանեմ»։

12. Աստուած ըսաւ. «Անշուշտ ես քեզի հե՛տ պիտի ըլլամ եւ այս ըլլայ քեզի նշան՝ որ ես քեզ ղրկեր եմ. երբ ժողովուրդը Եգիպտոսէն հանես, այս լերանը վրայ պիտի պաշտէք Աստուած»։

13. Մովսէս ըսաւ Աստուծոյ. «Երբ ես երթամ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսեմ անոնց՝ ‘Ձեր հայրերուն Աստուածը զիս ձեզի ղրկեց’ եւ երբ ըսեն ինծի թէ՝ ‘Ի՞նչ է անոր անունը’, ի՞նչ ըսեմ անոնց»։

14. Աստուած ըսաւ Մովսէսին. «Ես եմ ՈՐ ԷՆ»։ Եւ ըսաւ. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Զիս ՈՐ ԷՆ ղրկեց ձեզի’»։

15. Դարձեալ Աստուած ըսաւ Մովսէսին. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Ձեր հայրերուն Եհովա Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը, զիս ձեզի ղրկեց’. իմ անունս յաւիտեան այս է եւ ազգէ ազգ իմ յիշատակս այս է։

16. Գնա՛ Իսրայէլի ծերերը մէկտեղ հաւաքէ՛ ու ըսէ՛ անոնց. ‘Ձեր հայրերուն Եհովա Աստուածը, Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին Աստուածը, երեւցաւ ինծի ըսելով. ‘Արդարեւ, այցելութիւն ըրի ձեզի ու Եգիպտոսի մէջ ձեր քաշածը տեսայ.

17. Ու ըսի որ ձեզ Եգիպտոսի չարչարանքէն դէպի Քանանացիներու եւ Ամօրհացիներու ու Փերեզացիներու եւ Խեւացիներու ու Յեբուսացիներու երկիրը, կաթ ու մեղր բղխող երկիրը պիտի հանեմ’։

18. Անոնք քու ձայնիդ մտիկ պիտի ընեն եւ դուն ու Իսրայէլի ծերերը Եգիպտոսի թագաւորին պիտի մտնէք ու ըսէք անոր. ‘Եբրայեցիներու Աստուածը Եհովան մեզի հանդիպեցաւ եւ հիմա կ’աղաչենք, որ երեք օրուան ճամբայ երթանք դէպի անապատը, որպէս զի մեր Եհովա Աստուծոյն զոհ մատուցանենք’։

19. Ես գիտեմ թէ Եգիպտոսի թագաւորը պիտի չթողու ձեզ, որ երթաք, ո՛չ ալ՝ ՝ զօրաւոր ձեռքով։

20. Ես ձեռքս պիտի երկնցնեմ ու պիտի զարնեմ Եգիպտոսը իմ բոլոր հրաշքներովս, որոնք անոր մէջ պիտի ընեմ. միայն անկէ ետքը ձեզ պիտի թողու որ երթաք։

21. Այս ժողովուրդին շնորհք պիտի տամ Եգիպտացիներուն առջեւ ու երբ ելլէք, դատարկ պիտի չելլէք.

22. Հապա ամէն կին իր դրացիին ու իր տանը մէջ բնակող կնոջմէն արծաթեղէն զարդեր ու ոսկեղէն զարդեր ու հանդերձներ թող խնդրէ եւ անոնք ձեր որդիներուն ու աղջիկներուն վրայ պիտի դնէք ու Եգիպտոսը պիտի կողոպտէք»։

About Ելից Chapter 3

Read Ելից Chapter 3 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ելից in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Ելից
Chapter: 3
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Ելից. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Ելից Chapter 3 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Ելից Chapter 3?

Ելից Chapter 3 is part of the Book of Ելից in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Ելից Chapter 3 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Ելից

  1. Ելից Chapter 7
  2. Ելից Chapter 27
  3. Ելից Chapter 8
  4. Ելից Chapter 4
  5. Ելից Chapter 26
  6. Ելից Chapter 33
  7. Ելից Chapter 28

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Դանիել Chapter 8
  2. Եզրաս Chapter 6
  3. Եսայի Chapter 47
  4. Բ Մնացորդաց Chapter 22
  5. Սաղմոսներ Chapter 35
  6. Երկրորդ Օրինաց Chapter 10
  7. Բ Սամուել Chapter 17

Related Chapters & Readings

  1. Սաղմոսներ Chapter 125
  2. Երեմիա Chapter 22
  3. Թվեր Chapter 24
  4. Գ Թագավորներ Chapter 13
  5. Բ Տիմոթեոս Chapter 1
  6. Ովսեե Chapter 13
  7. Բ Սամուել Chapter 3
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *