Առակներ Chapter 31

For English

Read Առակներ Chapter 31 Online

Read Առակներ Chapter 31 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Առակներ and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Առակներ 31

Գլուխ 31

1. Լեմուէլ թագաւորին խօսքերը, Այսինքն պատգամը, որ անոր մայրը իրեն սորվեցուց.

2. Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ որդեակ իմ, Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ որովայնիս որդին, Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ իմ ուխտերուս որդին։

3. Քու զօրութիւնդ կիներուն մի՛ տար, Ո՛չ ալ քու ճամբաներդ՝ թագաւորներ բնաջինջ ընողներուն։

4. Ո՛վ Լեմուէլ, թագաւորներուն չի վայլեր, Գինի խմել թագաւորներուն չի վայլեր Եւ օղի խմել իշխաններուն չի վայլեր.

5. Չըլլայ որ խմեն ու օրէնքը մոռնան Եւ տառապեալներէն մէկուն դատը ծռեն։

6. Օղին կորսուելու վրայ եղողին Ու գինին դառնահոգիներուն տուէք,

7. Որպէս զի անոնք խմեն ու իրենց աղքատութիւնը մոռնան Եւ իրենց նեղութիւնը անգամ մըն ալ չյիշեն։

8. Բաց քու բերանդ համր մարդուն համար Ու բոլոր անխնամ մնացածներուն դատին համար։

9. Բաց քու բերանդ եւ արդարութեամբ դատէ Եւ աղքատին ու տնանկին դատը տես։

10. Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել։ Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է։

11. Անոր էրկանը սիրտը անոր վրայ վստահ է Ու աւարի կարօտ չըլլար։

12. Անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Անոր բարիք կը բերէ եւ ո՛չ թէ չարիք։

13. Բուրդ ու քթան կը փնտռէ Եւ ուզածը ձեռքովը կը գործէ։

14. Անիկա վաճառականի նաւերուն կը նմանի։ Իր հացը հեռու տեղէ կը բերէ։

15. Անիկա գիշերով կ’ելլէ ու տանը մարդոցը՝ կերակուր Եւ իր աղախիններուն գործ կու տայ։

16. Արտի մը վրայ կը խորհի ու զանիկա ծախու կ’առնէ։ Իր ձեռքերուն պտուղէն այգի կը տնկէ։

17. Իր մէջքը զօրութեամբ կը պնդէ Ու իր բազուկները կը զօրացնէ։

18. Իր վաստակին աղէկ ըլլալը կը հասկնայ։ Անոր ճրագը գիշերը չի մարիր։

19. Իր ձեռքերը իլիկին կ’երկնցնէ Ու ափովը րոքը կը բռնէ։

20. Ձեռքը աղքատին կը բանայ Ու ձեռքերը կարօտեալներուն կ’երկնցնէ։

21. Իր տանը մարդոցը համար ձիւնէն չի վախնար. Քանզի բոլոր ընտանիքը կրկին հանդերձ հագած են։

22. Իրեն ծածկոցներ կը շինէ։ Իր հանդերձը բեհեզ ու ծիրանի է։

23. Անոր այրը կը ճանչցուի դռներուն մէջ, Երբ երկրին ծերերուն հետ նստի։

24. Կտաւ կը գործէ ու կը ծախէ Եւ վաճառականներուն գօտիներ կու տայ։

25. Զօրութիւն ու փառք կը հագնի Ու վերջին օրերը պիտի ուրախանայ։

26. Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ Եւ իր լեզուին վրայ քաղցրութեան օրէնք կայ։

27. Իր տանը ճամբաները կը քննէ Եւ ծուլութեան հացը չ’ուտեր։

28. Անոր տղաքը կ’ելլեն ու զանիկա երանելի կ’անուանեն։ Անոր այրն ալ զանիկա կը գովէ, ըսելով.

29. «Շատ աղջիկներ առաքինի եղան, Բայց դուն ամենէն գերազանցը եղար»։

30. Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է, Սակայն Տէրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի։

31. Տուէք անոր իր ձեռքին պտուղէն Ու անոր գործերը դռներու մէջ պիտի գովեն զանիկա։

About Առակներ Chapter 31

Read Առակներ Chapter 31 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Առակներ
Chapter: 31
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Առակներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Առակներ Chapter 31 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Առակներ Chapter 31?

Առակներ Chapter 31 is part of the Book of Առակներ in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Առակներ Chapter 31 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Առակներ

  1. Առակներ Chapter 24
  2. Առակներ Chapter 1
  3. Առակներ Chapter 20
  4. Առակներ Chapter 27
  5. Առակներ Chapter 28
  6. Առակներ Chapter 13
  7. Առակներ Chapter 12

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Ովսեե Chapter 6
  2. Թվեր Chapter 26
  3. Ղևտական Chapter 3
  4. Սաղմոսներ Chapter 85
  5. Երգ Երգոց Chapter 2
  6. Ամոս Chapter 3
  7. Ծննդոց Chapter 14

Related Chapters & Readings

  1. Ծննդոց Chapter 12
  2. Ղևտական Chapter 8
  3. Բ Կորնթացիներ Chapter 12
  4. Սաղմոսներ Chapter 35
  5. Սաղմոսներ Chapter 124
  6. Եզեկիել Chapter 39
  7. Սաղմոսներ Chapter 59
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *