Հռոմեացիներ Chapter 9

For English

Read Հռոմեացիներ Chapter 9 Online

Read Հռոմեացիներ Chapter 9 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հռոմեացիներ in the New Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Հռոմեացիներ and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Հռոմեացիներ 9

Գլուխ 9

1. Ստոյգը կ’ըսեմ Քրիստոսով ու չեմ ստեր, (իմ խիղճս ալ ինծի կը վկայէ Սուրբ Հոգիով,)

2. Որ մեծ տրտմութիւն է ինծի ու իմ սրտիս ցաւը անպակաս է։

3. Քանզի ես ինքս կը փափաքէի նզովուիլ Քրիստոսէն, մարմնի կողմէ իմ եղբայրներուս ու ազգականներուս համար,

4. Որոնք Իսրայէլացի են. որոնցն է որդեգրութիւնը, փառքը, ուխտերը, օրէնսդրութիւնը, պաշտօնն ու խոստումները։

5. Իրենցն են նահապետները, Քրիստոս ալ իրենցմէ եկաւ մարմնի կողմանէ, որ ինքը օրհնեալ Աստուած է ամենուն վրայ յաւիտեանս։ Ամէն։

6. Բայց Աստուծոյ խօսքը երբեք գետին ինկած չէ. քանզի ոչ թէ ամէն անոնք որ Իսրայէլէն են՝ Իսրայէլացի են

7. Եւ ոչ թէ Աբրահամին սերունդ ըլլալնուն համար ամէնքը որդիներ են. այլ ‘Իսահակով քեզի սերունդ պիտի կոչուի’։

8. Այսինքն՝ ո՛չ թէ անոնք որ մարմնին որդիներ են՝ Աստուծոյ որդիներ ալ են, հապա խոստումի որդիները սերունդ կը սեպուին։

9. Վասն զի խոստումը այս էր, թէ՝ ‘Երբ դառնամ՝ Սառան որդի մը պիտի ունենայ’։

10. Ո՛չ միայն այսքան, հապա Ռեբեկայէն ալ յայտնի է որ յղացաւ մէկէն, այսինքն՝ մեր Իսահակ հօրմէն.

11. Վասն զի տղաքը դեռ չծնած եւ դեռ աղէկ կամ գէշ բան մը չգործած, (որպէս զի Աստուծոյ նախասահմանութիւնը հաստատ մնայ ընտրութեանը պէս,

12. Ո՛չ թէ գործերէն, հապա անկէ՛ որ կանչեց,) իրեն ըսուեցաւ թէ՝

13. «Մեծը պզտիկին պիտի ծառայէ». ինչպէս գրուած է թէ՝ «Յակոբը սիրեցի, բայց Եսաւը ատեցի»։

14. Ուրեմն ի՞նչ ըսենք։ Միթէ Աստուծոյ քով անիրաւութի՞ւն կայ։ Քա՛ւ լիցի։

15. Վասն զի Մովսէսին կ’ըսէ. «Որու որ պիտի ողորմիմ՝ կ’ողորմիմ ու որու վրայ որ պիտի գթամ՝ կը գթամ»։

16. Ուրեմն մարդուն ուզելէն կամ ջանքէն չէ, հապա Աստուծմէ՝ որ կ’ողորմի։

17. Քանզի գիրքը Փարաւոնին կ’ըսէ. «Անոր համար քեզ վերցուցի, որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի»։

18. Ուստի որո՛ւ որ ուզէ՝ կ’ողորմի եւ որը ուզէ՝ կը խստացնէ։

19. Ուրեմն ինծի պիտի ըսես թէ՝ «Ա՛լ ինչո՞ւ մեղադիր կ’ըլլայ. վասն զի ո՞վ կրնայ անոր կամքին դէմ դնել»։

20. Բայց դուն ո՞վ ես, ո՛վ մարդ, որ Աստուծոյ հակառակ պատասխան կու տաս։ Միթէ ստեղծուածը իր Ստեղծողին կրնա՞յ ըսել թէ՝ «Զիս ինչո՞ւ այդպէս շինեցիր»։

21. Բրուտը իշխանութիւն չունի՞ կաւին վրայ՝ նոյն զանգուածէն ամաններ շինելու։ Ոմանքը՝ պատուի, ուրիշներ՝ անարգանքի համար։

22. Արդ՝ ի՞նչ կրնայ ըսել մէկը, եթէ Աստուած իր բարկութիւնը եւ զօրութիւնը ցուցնելէ առաջ, շատ համբերութիւն եւ երկայնամտութիւն ցոյց տայ ա՛յն անօթներուն, որոնք բարկութեան առարկայ եղած են եւ կորուստի դատապարտուած

23. Եւ կամ եթէ ուզէ իր փառքին ճոխութիւնը ցուցնել ողորմութիւն գտնող անօթներուն, այն փառքին համար, որ նախապէս պատրաստեց.

24. Այսինքն՝ մեզի՝ որ կանչեց, ո՛չ թէ միայն Հրեաներէն, հապա հեթանոսներէն ալ.

25. Ինչպէս Ովսէէի մէջ ալ կ’ըսէ. «Իմ ժողովուրդս չեղողը իմ ժողովուրդս պիտի կոչեմ ու սիրելի չեղողը՝ սիրելի։

26. Այն տեղ՝ ուր անոնց ըսուեցաւ թէ՝ ‘Դուք իմ ժողովուրդս չէք’, հոն անոնք Կենդանի Աստուծոյ որդիները պիտի կոչուին.

27. Եսայի ալ Իսրայէլի համար կ’աղաղակէ. «Եթէ Իսրայէլի որդիներուն թիւը ծովու աւազին չափ ալ ըլլայ, միայն մնացորդ մը պիտի ազատի։

28. Քանզի Տէրը համառօտ եւ կտրուկ կ’ընէ արդարութեամբ. վասն զի Տէրը կարճ բան մը պիտի ընէ երկրի վրայ»։

29. Եւ ինչպէս Եսայի նախապէս ըսաւ. «Եթէ զօրաց Տէրը մեզի սերունդ թողուցած չըլլար, մենք Սոդոմի պէս պիտի ըլլայինք ու Գոմորի պիտի նմանէինք»։

30. Ուրեմն ի՞նչ ըսենք։ Թէ հեթանոսները որոնք արդարութեան չէին հետեւեր՝ արդարութեան հասան, ա՛յն արդարութեան՝ որ հաւատքէն է.

31. Բայց Իսրայէլ, որ արդարութեան օրէնքին կը հետեւէր, արդարութեան օրէնքին չհասաւ։

32. Ինչո՞ւ համար. վասն զի ո՛չ թէ հաւատքով, հապա որպէս թէ օրէնքին գործերով ուզեց արդարանալ։ Անոնք գայթակղութեան վէմին վրայ գլորեցան.

33. Ինչպէս գրուած է. «Ահա Սիօնի մէջ գայթակղութեան քար մը կը դնեմ ու գլորելու վէմ մը. եւ ամէն ով որ անոր հաւատայ, պիտի չամչնայ».

About Հռոմեացիներ Chapter 9

Read Հռոմեացիներ Chapter 9 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հռոմեացիներ in the New Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Հռոմեացիներ
Chapter: 9
Testament: New Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Հռոմեացիներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Հռոմեացիներ Chapter 9 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Հռոմեացիներ Chapter 9?

Հռոմեացիներ Chapter 9 is part of the Book of Հռոմեացիներ in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Հռոմեացիներ Chapter 9 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Հռոմեացիներ

  1. Հռոմեացիներ Chapter 15
  2. Հռոմեացիներ Chapter 7
  3. Հռոմեացիներ Chapter 12
  4. Հռոմեացիներ Chapter 4
  5. Հռոմեացիներ Chapter 3
  6. Հռոմեացիներ Chapter 11
  7. Հռոմեացիներ Chapter 8

Explore More from Նոր Կտակարան

  1. Եփեսացիներ Chapter 1
  2. Մարկոս Chapter 5
  3. Ա Կորնթացիներ Chapter 12
  4. Մատթեոս Chapter 20
  5. Հովհաննես Chapter 19
  6. Բ Տիմոթեոս Chapter 1
  7. Ա Տիմոթեոս Chapter 2

Related Chapters & Readings

  1. Ելից Chapter 23
  2. Հռութ Chapter 3
  3. Գործք Առաքելոց Chapter 17
  4. Եբրայեցիներ Chapter 10
  5. Երեմիա Chapter 15
  6. Հուդա Chapter 1
  7. Ղևտական Chapter 15
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *