Read Թվեր Chapter 26 Online
Read Թվեր Chapter 26 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Թվեր in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Թվեր and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Թվեր 26
Գլուխ 26
1. Հարուածէն յետոյ Տէրը Մովսէսին եւ Ահարոնին որդիին Եղիազար քահանային խօսեցաւ՝ ըսելով.
2. «Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին մարդահամարը ըրէք, անոնց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր եղողներունը, այսինքն Իսրայէլի մէջ բոլոր պատերազմելու կարող եղողները՝ ՝ համրելով»։
3. Ուստի Մովսէսն ու Եղիազար քահանան Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի առջեւ Յորդանանի մօտ անոնց հետ խօսեցան՝ ըսելով.
4. «Քսան տարեկանէն վեր եղողները համրեցէք», ինչպէս Տէրը Մովսէսին ու Եգիպտոսի երկրէն ելած Իսրայէլի որդիներուն հրամայեց։
5. Ռուբէն, Իսրայէլի անդրանիկը եւ Ռուբէնին որդիները՝ Ենովքէն Ենովքեաններուն տոհմը, Փաղղուսէն Փաղղուսեաններուն տոհմը,
6. Եսրոնէն Եսրոնեաններուն տոհմը, Քարմիէն Քարմեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։
7. Ռուբէնեաններուն տոհմերը ասոնք են ու անոնք քառասունըերեք հազար եօթը հարիւր երեսուն հոգի էին։
8. Եւ Փաղղուսին որդին Եղիաբն էր։
9. Ու Եղիաբին որդիները Նամուէլ, Դաթանն ու Աբիրոնն էին. այս դաթանն ու Աբիրոնը ժողովուրդին մէջ երեւելիներ էին ու ասոնք էին, որ Տէրոջը դէմ կեցող Կորխի խումբին հետ՝ Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ կեցան
10. Եւ երկիրը իր բերանը բանալով կլլեց զանոնք ու Կորխն ալ, այն խումբին մեռած ատենը, կրակը այն երկու հարիւր յիսուն մարդիկը կերաւ ու անոնք ամենուն օրինակ եղան։
11. Բայց Կորխին որդիները չմեռան։
12. Շմաւոնին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Նամուէլէն Նամուէլեաններուն տոհմը, Յամինէն Յամինեաններուն տոհմը, Յաքինէն Յաքինեաններուն տոհմը,
13. Զարայէն Զարայեաններուն տոհմը, Սաւուղէն Սաւուղեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։
14. Շմաւոնեաններուն տոհմերը քսանըերկու հազար երկու հարիւր հոգի էին։
15. Գադին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Սափոնէն Սափոնեաններուն տոհմը, Անգիէն Անգեանցներուն տոհմը, Սունիէն Սունեաններուն տոհմը,
16. Ազենիէն Ազենեաններուն տոհմը, Էրիէն Էրեաններուն տոհմը,
17. Արօդիէն Արօդեաններուն տոհմը, Արելիէն Արելեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։
18. Գադին որդիներուն տոհմերը ասոնք են ու անոնք քառասուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։
19. Յուդային որդիները Էրն ու Օնանն էին. բայց Էր ու Օնան Քանանի երկրին մէջ մեռան։
20. Եւ Յուդային որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք էին՝ Սելօմէն Սելօմեաններուն տոհմը, Փարէսէն Փարէսեաններուն տոհմը, Զարայէն Զարայեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։
21. Ու Փարէսին որդիները ասոնք էին՝ Եսրոնէն Եսրոնեաններուն տոհմը, Համուլէն Համուլեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։
22. Յուդային տոհմերը ասոնք են եւ անոնք եօթանասունըվեց հազար հինգ հարիւր հոգին էին։
23. Իսաքարին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Թովղայէն Թովղայեաններուն տոհմը, Փուայէն Փուայեաններուն տոհմը,
24. Յասուբէն Յասուբեաններուն տոհմը, Սամրօնէն Սամրօնեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։
25. Իսաքարին տոհմերը ասոնք են եւ անոնք վաթսունըչորս հազար երեք հարիւր հոգի էին։
26. Զաբուղոնին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Սարեդէն Սարեդեաններուն տոհմը, Ելօնէն Ելօնեաններուն տոհմը, Յաղելէն Յաղելեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։
27. Զաբուղոնին տոհմերը ասոնք են եւ անոնք վաթսուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։
28. Յովսէփին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Մանասէն ու Եփրեմն էին։
29. Մանասէին որդիները՝ Մաքիրէն Մաքիրեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ու Մաքիր ծնաւ Գաղաադը ու Գաղաադէն Գաղաադեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։
30. Գաղաադին որդիները ասոնք են՝ Իեզերէն Իեզերեաններուն տոհմը, Քեղեգէն Քեղեգեաններուն տոհմը
31. Ու Ասրիէլէն Ասրիէլեաններուն տոհմը ու Սիւքէմէն Սիւքէմեաններուն տոհմը
32. Ու Սեմիդայէն Սեմիդայեաններուն տոհմը ու Ոփերէն Ոփերեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։
33. Ու Ոփերին որդին Սալպաադ տղաքներ չունեցաւ, միայն աղջիկներ ունեցաւ։ Սալպաադին աղջիկներուն անունները Մաալա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա էին։
34. Մանասէին տոհմերը ասոնք են ու անոնք յիսունըերկու հազար եօթը հարիւր հոգի էին։
35. Եփրեմին որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք են՝ Սուտաղայէն Սուտաղայեաններուն տոհմը, Բոքորէն Բոքորեաններուն տոհմը, Թաանէն Թաանեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։
36. Եւ Սուտաղային որդիները ասոնք են՝ Էրանէն Էրանեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։
37. Եփրեմին որդիներուն տոհմերը ասոնք են եւ անոնք երեսունըերկու հազար հինգ հարիւր հոգի էին։ Յովսէփին որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք են։
38. Բենիամինին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Բաղայէն Բաղայեաններուն տոհմը, Ասբէլէն Ասբէլեաններուն տոհմը, Աքիրամէն Աքիրամեաններուն տոհմը,
39. Սուփամէն Սուփամեաններուն տոհմը, Ոփիմէն Ոփիմեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։
40. Ու Բաղային որդիները Արեդն ու Նէեմանն էին. Արեդէն Արեդեաններուն տոհմը, Նէեմանէն Նէեմեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։
41. Բենիամինին որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք են ու անոնք քառասունըհինգ հազար վեց հարիւր հոգի էին։
42. Դանին որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք են՝ Սուհամէն Սուհամեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ. Դանին տոհմերը իրենց տոհմերովը ասոնք են։
43. Սուհամեաններուն բոլոր տոհմերը վաթսունըչորս հազար չորս հարիւր հոգի էին։
44. Ասերին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Յեմնայէն Յեմնայեաններուն տոհմը, Յեսուիէն Յեսուիեաններուն տոհմը, Բարիայէն Բարիայեաններուն տոհմը։
45. Բարիային որդիներէն Քաբերէն Քաբերեաններուն տոհմը, Մեղքիէլէն Մեղքիէլեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։
46. Ու Ասերին աղջկան անունը Սարա էր։
47. Ասերին որդիներուն տոհմերը ասոնք են եւ անոնք յիսունըերեք հազար չորս հարիւր հոգի էին։
48. Նեփթաղիմին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Յասիէլէն Յասիէլեաններուն տոհմը,
49. Գունիէն Գունեաններուն տոհմը, Յասերէն Յասերեաններուն տոհմը, Սիլլեմէն Սիլլեմեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։
50. Նեփթաղիմին տոհմերը ասոնք են եւ անոնք քառասունըհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էին։
51. Իսրայէլի որդիներուն գումարը, վեց հարիւր մէկ հազար եօթը հարիւր երեսուն էր։
52. Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
53. «Այն երկիրը ժառանգութեան համար իրենց անուններուն թիւին համեմատ ասոնց պիտի բաժնուի։
54. Շատ եղողին՝ ժառանգութիւնը շատ պէտք է տաս ու քիչ եղողին՝ ժառանգութիւնը քիչ պէտք է տաս. ամէն մէկուն իր համրանքին համեմատ ժառանգութիւն պէտք է տրուի։
55. Բայց երկիրը վիճակով պէտք է բաժնուի ու իրենց նահապետներու ցեղերուն անուններուն համեմատ պէտք է ժառանգեն։
56. Շատի ու քիչի մէջ ժառանգութիւնը վիճակով պէտք է բաժնուի։
57. Ու Ղեւտացիներուն համրուածները իրենց տոհմերովը ասոնք են՝ Գերսոնէն Գերսոնեաններուն տոհմը, Կահաթէն Կահաթեաններուն տոհմը, Մերարիէն Մերարեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։
58. Ղեւտացիներուն տոհմերը ասոնք են՝ Ղոբենեաններուն տոհմը, Քեբրոնեաններուն տոհմը, Մոողեաններուն տոհմը, Մուսեաններուն տոհմը ու Կորխեաններուն տոհմը։
59. Եւ Կահաթ ծնաւ Ամրամը։ Ու Ամրամին կնոջ անունը Յոքաբեդ էր, Ղեւիին աղջիկը, որուն մայրը զանիկա Եգիպտոսի մէջ ծնաւ Ղեւիին։ Անիկա Ամրամին ծնաւ Ահարոնն ու Մովսէսը եւ անոնց քոյրը Մարիամը։
60. Եւ Ահարոնին՝ Նադաբ եւ Աբիուդ, Եղիազար ու Իթամար ծնան։
61. Բայց Նադաբ ու Աբիուդ Տէրոջը առջեւ օտար կրակ մատուցանած ատեննին մեռան։
62. Արդ, ասոնց թիւը, այսինքն մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները, քսանըերեք հազար հոգի էին. քանզի անոնք Իսրայէլի որդիներուն հետ չհամրուեցան, քանի որ Իսրայէլի որդիներուն մէջ անոնց ժառանգութիւն պիտի չտրուէր։
63. Մովաբի դաշտերուն մէջ, Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ, Իսրայէլի որդիները հաշիւի անցընող Մովսէսին ու Եղիազար քահանային համրածները ասոնք են։
64. Ասոնց մէջ բնաւ մարդ մը չկար Իսրայէլի որդիներուն նախապէս համրուածներէն, որոնք Մովսէս ու Ահարոն քահանան Սինայի անապատին մէջ համրեցին։
65. Քանզի Տէրը անոնց համար ըսեր էր թէ՝ «Անշուշտ անապատին մէջ պիտի մեռնին». ուստի անոնցմէ մարդ մը չմնաց, բացի Յեբոնեան Քաղէբէն ու Նաւեան Յեսուէն։
About Թվեր Chapter 26
Read Թվեր Chapter 26 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Թվեր in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Թվեր
Chapter: 26
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Թվեր. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Թվեր Chapter 26 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Թվեր Chapter 26?
Թվեր Chapter 26 is part of the Book of Թվեր in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Թվեր Chapter 26 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Թվեր
- Թվեր Chapter 18
- Թվեր Chapter 4
- Թվեր Chapter 1
- Թվեր Chapter 16
- Թվեր Chapter 8
- Թվեր Chapter 33
- Թվեր Chapter 20
Explore More from Հին Կտակարան
- Թվեր Chapter 17
- Սաղմոսներ Chapter 96
- Գ Թագավորներ Chapter 12
- Առակներ Chapter 26
- Սաղմոսներ Chapter 31
- Երկրորդ Օրինաց Chapter 1
- Բ Մնացորդաց Chapter 20