Բ Մնացորդաց Chapter 30

For English

Read Բ Մնացորդաց Chapter 30 Online

Read Բ Մնացորդաց Chapter 30 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Բ Մնացորդաց in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Բ Մնացորդաց and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Բ Մնացորդաց 30

Գլուխ 30

1. Եզեկիա Իսրայէլին եւ Յուդային մարդ ղրկեց ու Եփրեմին ու Մանասէին ալ նամակներ գրեց, որպէս զի Երուսաղէմ Տէրոջը տունը գան ու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն Զատիկը տօնեն։

2. Թագաւորն ու անոր իշխանները ու բոլոր ժողովուրդը Երուսաղէմի մէջ խորհուրդ ըրին, որ Զատիկը երկրորդ ամսուան մէջ տօնեն.

3. Վասն զի այն ատեն կարող չէին զանիկա ընելու, քանզի պէտք եղածին չափ քահանաներ սրբուած չէին ու ժողովուրդը Երուսաղէմ հաւաքուած չէր։

4. Այս բանը թագաւորին առջեւ ու բոլոր ժողովուրդին հաճելի երեւցաւ։

5. Այնպէս որոշեցին, որ բոլոր Իսրայէլի մէջ Բերսաբէէէն մինչեւ Դան լուր ղրկեն, որպէս զի գան ու Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն Զատիկը տօնեն. քանզի շատ ատենէ ի վեր գրուածին պէս ըրած չէին։

6. Սուրհանդակները թագաւորին ու իշխաններուն նամակներովը բոլոր Իսրայէլ ու Յուդա գացին ու թագաւորին հրամանին համեմատ ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, Աբրահամին, Իսահակին ու Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք ու ան ալ պիտի դառնայ ձեզի, որ Ասորեստանի թագաւորներուն ձեռքէն ազատուելով՝ ձեր երկիրը մնացեր էք։

7. Ձեր հայրերուն պէս ու ձեր եղբայրներուն պէս մի՛ ըլլաք, որոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն դէմ ապստամբեցան. ան ալ զանոնք կործանման մատնեց, ինչպէս դուք կը տեսնէք։

8. Ուրեմն ձեր հայրերուն պէս ձեր պարանոցը մի՛ խստացնէք. հնազանդեցէ՛ք Տէրոջը ու եկէ՛ք անոր սրբարանը, որ ինք յաւիտեան սրբած է ու ձեր Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ըրէ՛ք, որպէս զի անոր սաստիկ բարկութիւնը իջնէ

9. Քանզի եթէ դուք Տէրոջը դառնաք՝ ձեր եղբայրներն ու ձեր որդիները զիրենք գերի տանողներուն երեսէն գթութիւն պիտի գտնեն եւ այս երկիրը պիտի դառնան, վասն զի ձեր Տէր Աստուածը ողորմած ու գթած է ու եթէ անոր դառնաք, ձեզմէ երես պիտի չդարձնէ»։

10. Սուրհանդակները Եփրեմին ու Մանասէին երկիրը քաղաքէ քաղաք պտըտելով, մինչեւ Զաբուղոն գացին. բայց զանոնք ծաղր կ’ընէին ու կ’արհամարհէին։

11. Սակայն Ասերէն ու Մանասէէն ու Զաբուղոնէն ոմանք խոնարհեցան ու Երուսաղէմ գացին։

12. Աստուծոյ ձեռքը Յուդայի վրայ ալ էր, որ անոնց մէկ սիրտ տայ, որպէս զի թագաւորին ու իշխաններուն՝ Տէրոջը խօսքին համեմատ պատուիրածը կատարեն։

13. Երուսաղէմի մէջ բազմաթիւ ժողովուրդներ հաւաքուեցան երկրորդ անսուան մէջ բաղարջակերաց տօնը կատարելու համար ու խիստ մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ։

14. Ելան Երուսաղէմի մէջ եղող զոհի սեղաններն ու խունկի սեղանները վերցուցին ու Կեդրոն հեղեղատը նետեցին։

15. Երկրորդ ամսուան տասնըչորրորդ օրը զատիկը մորթեցին եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները պատկառանքով սրբուեցան ու Տէրոջը տունը ողջակէզներ բերին։

16. Աստուծոյ մարդուն Մովսէսին օրէնքին համեմատ, իրենց սովորութեանը պէս, իրենց տեղը կեցան։ Քահանաները Ղեւտացիներուն ձեռքէն արիւնը կ’առնէին ու կը սրսկէին։

17. Քանզի ժողովուրդին մէջ չսրբուածները շատ էին ու բոլոր մաքուր չեղողներուն համար զատկի գառը Ղեւտացիները կը մորթէին, որպէս զի զանիկա Տէրոջը առջեւ սրբացնեն։

18. Վասն զի ժողովուրդէն շատերը, այսինքն Եփրեմէն, Մանասէէն, Իսաքարէն ու Զաբուղոնէն եկողներէն շատերը մաքուր չէին։ Ամէն պարագայի զատիկը կերան՝ բայց ո՛չ թէ գրուածին համեմատ, իսկ Եզեկիա անոնց համար աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Բարերար Տէրը քաւութիւն թող ընէ այն բոլոր մարդոց,

19. Որոնք սրտանց փնտռեցին Տէր Աստուածը, իրենց հայրերուն Աստուածը, թէեւ անոնք սրբարանին մաքրութեանը համեմատ մաքրուած չէին»։

20. Տէրը Եզեկիային աղօթքը լսեց ու ժողովուրդին թողութիւն տուաւ՝ ՝։

21. Երուսաղէմի մէջ գտնուող Իսրայէլի որդիները մեծ ուրախութեամբ եօթը օր բաղարջակերաց տօնը կատարեցին ու Ղեւտացիները եւ քահանաները ամէն օր բարձրաձայն նուագարաններ հնչեցնելով՝ Տէրը կ’օրհնէին։

22. Եզեկիա քաղցրութեամբ խօսեցաւ Տէրոջը բարի հանճարը իմացող բոլոր Ղեւտացիներուն։ Տօնին եօթը օրը խաղաղութեան զոհեր մատուցանելով ու իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն գոհութիւն տալով կ’ուտէին։

23. Բոլոր ժողովուրդը խորհուրդ ըրին, որ ուրիշ եօթը օր ալ տօն պահեն։ Եօթը օր ալ մեծ ուրախութիւն ըրին։

24. Քանզի Յուդայի Եզեկիա թագաւորը ժողովուրդին հազար զուարակ ու եօթը հազար ոչխար պարգեւեց։ Իշխաններն ալ ժողովուրդին հազար զուարակ ու տասը հազար ոչխար պարգեւեցին ու շատ քահանաներ սրբուեցան։

25. Բոլոր Յուդայի ժողովուրդը ու քահանաներն ու Ղեւտացիները եւ Իսրայէլէն եկողներուն բոլոր ժողովուրդը ու Իսրայէլի երկրէն եկող եւ Յուդայի մէջ բնակող պանդուխտները ուրախացան։

26. Երուսաղէմի մէջ մեծ ուրախութիւն եղաւ։ Իսրայէլի թագաւորին, Դաւիթին որդիին Սողոմոնին օրերէն ի վեր Երուսաղէմի մէջ այսպիսի ուրախութիւն եղած չէր։

27. Անկէ ետքը Ղեւտացի քահանաները ելան ու ժողովուրդը օրհնեցին եւ անոնց ձայնը լսուեցաւ ու անոնց աղօթքը Աստուծոյ սուրբ բնակարանը՝ երկինք՝ հասաւ։

About Բ Մնացորդաց Chapter 30

Read Բ Մնացորդաց Chapter 30 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Բ Մնացորդաց in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Բ Մնացորդաց
Chapter: 30
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Բ Մնացորդաց. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Բ Մնացորդաց Chapter 30 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Բ Մնացորդաց Chapter 30?

Բ Մնացորդաց Chapter 30 is part of the Book of Բ Մնացորդաց in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Բ Մնացորդաց Chapter 30 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Բ Մնացորդաց

  1. Բ Մնացորդաց Chapter 35
  2. Բ Մնացորդաց Chapter 25
  3. Բ Մնացորդաց Chapter 19
  4. Բ Մնացորդաց Chapter 29
  5. Բ Մնացորդաց Chapter 21
  6. Բ Մնացորդաց Chapter 20
  7. Բ Մնացորդաց Chapter 6

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Բ Սամուել Chapter 3
  2. Հոբ Chapter 14
  3. Ելից Chapter 27
  4. Ելից Chapter 38
  5. Ա Սամուել Chapter 11
  6. Ա Սամուել Chapter 30
  7. Ա Մնացորդաց Chapter 17

Related Chapters & Readings

  1. Ա Մնացորդաց Chapter 7
  2. Եզեկիել Chapter 3
  3. Սաղմոսներ Chapter 33
  4. Փիլիպպեցիներ Chapter 1
  5. Նեեմիա Chapter 1
  6. Ղևտական Chapter 11
  7. Սաղմոսներ Chapter 120
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *