Առակներ Chapter 29

For English

Read Առակներ Chapter 29 Online

Read Առակներ Chapter 29 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Առակներ and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Առակներ 29

Գլուխ 29

1. Շատ անգամ յանդիմանուած մարդը, երբ իր պարանոցը խստացնէ, Յանկարծ պիտի կոտրուի ու բժշկութիւն պիտի չգտնէ։

2. Եթէ արդարները զօրանան, ժողովուրդը կ’ուրախանայ, Բայց երբ ամբարիշտը իշխանութիւն ունենայ, ժողովուրդը կը հեծէ։

3. Իմաստութիւն սիրող մարդը իր հայրը կ’ուրախացնէ, Բայց պոռնիկներուն ընկեր եղողը ստացուածքը կը ցրուէ։

4. Արդարութեա՛մբ թագաւորը կը հաստատէ իր երկիրը, Բայց կաշառք առնողը զանիկա կը կործանէ։

5. Իր ընկերին շողոքորթութիւն ընող մարդը, Անոր քայլերուն որոգայթ կը լարէ։

6. Չար մարդուն ամբարշտութեանը մէջ որոգայթ կայ, Բայց արդարը ցնծութեան եւ ուրախութեան մէջ պիտի ըլլայ։

7. Արդարը աղքատներուն իրաւունքը կը ճանչնայ, Բայց չար մարդը տեղեակ չըլլար։

8. Ծաղրող մարդիկ քաղաքը կը բռնկեցնեն, Բայց իմաստունները բարկութիւնը կը դադրեցնեն։

9. Իմաստուն մարդը, երբ յիմարին հետ վիճաբանութիւն ընէ, Թէ՛ սրդողի եւ թէ՛ ծիծաղի՝ հանգիստ չըլլար։

10. Արիւնահեղ մարդիկ արդարը կ’ատեն, Բայց ուղիղները անոր որպիսութիւնը կը հարցնեն։

11. Յիմարը իր միտքը բոլորովին կը յայտնէ, Բայց իմաստունը զանիկա ուրիշ ատենի կը պահէ։

12. Սուտ խօսքերու ականջ դնող իշխանին Բոլոր ծառաները չար կ’ըլլան։

13. Աղքատն ու բռնաւորը իրարու հանդիպեցան. Երկուքին ալ աչքերուն լոյս տուողը Տէրն է։

14. Աղքատները ճշմարտութեամբ դատող թագաւորին աթոռը Յաւիտեան հաստատ պիտի ըլլայ։

15. Գաւազանն ու յանդիմանութիւնը իմաստութիւն կու տան, Բայց իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ’ամչցնէ։

16. Երբ ամբարիշտները շատնան, յանցանքը կը շատնայ, Բայց արդարները անոնց իյնալը պիտի տեսնեն։

17. Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէս զի քեզ հանգստացնէ Եւ քու հոգիդ զուարճացնէ։

18. Առանց մարգարէութեան՝ ժողովուրդը կը խոտորի, Բայց օրէնքը պահողը երջանիկ կ’ըլլայ։

19. Հասկցող ու պատասխան տուող ծառան Խօսքերով չի խրատուիր։

20. Իր խօսքերուն մէջ արտորացող մարդ մը տեսա՞ր. Աւելի յոյս կայ յիմարէն, քան թէ՝ անկէ։

21. Եթէ մէկը իր ծառան տղայութենէն փափկութեամբ մեծցնէ, Վերջապէս անիկա իր տղան կ’ըլլայ։

22. Բարկասիրտ մարդը կռիւ կը հանէ Եւ ցասկոտ մարդը շատ յանցանքներ կը գործէ։

23. Մարդուն հպարտութիւնը զինք կը կործանէ, Բայց հեզահոգի մարդը փառք կը վաստկի։

24. Գողին ընկեր եղողը իր հոգին կ’ատէ, Անիկա կ’երդնու, բայց իր գիտցածը չի յայտներ։

25. Վախը մարդը որոգայթի մէջ կը ձգէ, Բայց Տէրոջը ապաւինողը ամուր ապաստանարան կ’ունենայ։

26. Շատերը իշխանին օգնութիւնը կը փնտռեն, Բայց Տէրոջմէն է մարդուն իրաւունքը։

27. Անօրէն մարդը արդարներուն զզուելի է, Իսկ ուղղութեամբ քալողը ամբարշտին զզուելի է։

About Առակներ Chapter 29

Read Առակներ Chapter 29 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Առակներ
Chapter: 29
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Առակներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Առակներ Chapter 29 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Առակներ Chapter 29?

Առակներ Chapter 29 is part of the Book of Առակներ in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Առակներ Chapter 29 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Առակներ

  1. Առակներ Chapter 24
  2. Առակներ Chapter 1
  3. Առակներ Chapter 27
  4. Առակներ Chapter 20
  5. Առակներ Chapter 28
  6. Առակներ Chapter 12
  7. Առակներ Chapter 23

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Դատավորներ Chapter 17
  2. Առակներ Chapter 2
  3. Սաղմոսներ Chapter 77
  4. Նեեմիա Chapter 5
  5. Սաղմոսներ Chapter 51
  6. Զաքարիա Chapter 2
  7. Նեեմիա Chapter 8

Related Chapters & Readings

  1. Հոբ Chapter 18
  2. Սաղմոսներ Chapter 111
  3. Երեմիա Chapter 2
  4. Ովսեե Chapter 3
  5. Ելից Chapter 6
  6. Մատթեոս Chapter 23
  7. Սաղմոսներ Chapter 135
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *