Առակներ Chapter 10

For English

Read Առակներ Chapter 10 Online

Read Առակներ Chapter 10 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Առակներ and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Առակներ 10

Գլուխ 10

1. Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ, Բայց անմիտ տղան իր մօրը տրտմութիւն է։

2. Անօրէնութեան գանձերը օգուտ չեն ըներ, Բայց արդարութիւնը մահուանէ կ’ազատէ։

3. Տէրը արդարին հոգին անօթի չի թողուր, Բայց ամբարիշտներուն ցանկութիւնը կը խափանէ։

4. Ծոյլ ձեռքով բանողը աղքատ կ’ըլլայ, Բայց ժիր մարդոց ձեռքը հարստութիւն կը բերէ։

5. Ան որ ամառը կը հաւաքէ, խոհեմ տղայ է, Հունձքի ատեն քնացող տղան նախատինք կը բերէ։

6. Արդարին գլխուն վրայ օրհնութիւններ կան, Բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ։

7. Արդարներուն յիշատակը օրհնեալ կ’ըլլայ, Բայց ամբարիշտներուն անունը կը փտտի։

8. Իմաստուն սիրտ ունեցողը պատուիրանքները կը պահէ, Բայց յիմար շրթունք ունեցողը կը կործանի։

9. Կատարելութեամբ քալողը ապահովութեամբ կը քալէ, Բայց իր ճամբաները ծռողը պիտի ճանչցուի։

10. Աչքով ակնարկութիւն ընողը նեղութիւն կու տայ Ու յիմար շրթունք ունեցողը կը կործանի։

11. Արդարին բերանը կեանքի աղբիւր է, Բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ։

12. Ատելութիւնը կռիւներ կը հանէ, Բայց սէրը ամէն յանցանք կը ծածկէ։

13. Իմաստունին շրթունքներուն վրայ իմաստութիւն կը գտնուի, Բայց պակասամիտ եղողին կռնակին համար գաւազան պէտք է։

14. Իմաստունները գիտութիւն կը հաւաքեն, Բայց յիմարին բերանը կործանման մօտ է։

15. Հարուստին ճոխութիւնը իր ամուր քաղաքն է, Բայց տնանկներուն աղքատութիւնը իրենց կործանումն է։

16. Արդարին գործը կեանքի համար է, Իսկ ամբարշտին արդիւնքը մեղքի համար է։

17. Խրատը պահողը կեանքի ճամբուն մէջ է, Բայց յանդիմանութիւնը մերժողը կը մոլորի։

18. Ատելութիւնը ծածկողը ստախօս շրթունքներ ունի Ու բամբասանք հանողը անմիտ է։

19. Շատ խօսքերու մէջ յանցանք պակաս չէ, Բայց իր շրթունքները զսպողը խելացի է։

20. Արդարին լեզուն ընտիր արծաթ է։ Ամբարիշտներուն սիրտը քիչ արժէք ունի։

21. Արդարին շրթունքները շատերուն առաջնորդութիւն կ’ընեն, Բայց յիմարները խելքի պակասութենէ կը մեռնին։

22. Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ Ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ։

23. Չարութիւն ընելը յիմարին զբօսանքն է, Բայց խոհեմ մարդունը՝ իմաստութիւնը։

24. Չար մարդուն վախցած բանը իր վրայ կու գայ, Բայց արդարներուն փափաքը կը լեցուի։

25. Մրրիկը անցնելուն պէս ամբարիշտը բնաջինջ կ’ըլլայ, Բայց արդարը յաւիտենական հիմ ունի։

26. Ինչպէս քացախը՝ ակռաներուն եւ ծուխը՝ աչքերուն, Ծոյլն ալ զինք ղրկողներուն այնպէս է։

27. Տէրոջը վախը օրեր կ’աւելցնէ, Բայց ամբարիշտներուն տարիները պիտի կարճնան։

28. Արդարներուն յոյսը ուրախութիւն է, Բայց ամբարիշտներուն ակնկալութիւնը պիտի կորսուի։

29. Տէրոջը ճամբան արդարին զօրութիւն է, Բայց անօրէնութիւն գործողներուն կործանում է։

30. Արդարը պիտի չսասանի յաւիտեան, Բայց ամբարիշտները երկրի վրայ պիտի չբնակին։

31. Արդարին բերանը իմաստութիւն կը բղխեցնէ, Բայց նենգաւոր լեզուն պիտի կտրուի։

32. Արդարին շրթունքները հաճելի բանը գիտեն, Բայց ամբարիշտներուն բերանը՝ միայն նենգութիւն։

About Առակներ Chapter 10

Read Առակներ Chapter 10 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Առակներ
Chapter: 10
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Առակներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Առակներ Chapter 10 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Առակներ Chapter 10?

Առակներ Chapter 10 is part of the Book of Առակներ in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Առակներ Chapter 10 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Առակներ

  1. Առակներ Chapter 1
  2. Առակներ Chapter 24
  3. Առակներ Chapter 20
  4. Առակներ Chapter 27
  5. Առակներ Chapter 28
  6. Առակներ Chapter 16
  7. Առակներ Chapter 13

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Սաղմոսներ Chapter 32
  2. Երեմիա Chapter 51
  3. Ելից Chapter 26
  4. Եսայի Chapter 8
  5. Առակներ Chapter 15
  6. Թվեր Chapter 2
  7. Երկրորդ Օրինաց Chapter 23

Related Chapters & Readings

  1. Երեմիա Chapter 46
  2. Ելից Chapter 18
  3. Բ Կորնթացիներ Chapter 8
  4. Ելից Chapter 38
  5. Բ Մնացորդաց Chapter 2
  6. Բ Մնացորդաց Chapter 28
  7. Դ Թագավորներ Chapter 17
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *