Եսայի Chapter 22

For English

Read Եսայի Chapter 22 Online

Read Եսայի Chapter 22 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եսայի and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Եսայի 22

Գլուխ 22

1. Հիմա ձեզի ի՞նչ եղաւ, Որ ամէնքդ տանիքներու վրայ ելաք։

2. Ով խռովութեամբ լեցուած Աղմուկի քաղաք՝ զբօսասէր քաղաք Քու սպաննուածներդ սուրով սպաննուած չեն Ու պատերազմի մէջ չմեռան։

3. Բոլոր իշխաններդ մէկէն փախան, Աղեղնաւորներէն կապուեցան։ Քու ժողովուրդիդ հեռու փախչողներէն Բոլոր գտնուածները մէկտեղ կապուեցան։

4. Անոր համար ըսի. «Թո՛ղ տուէք զիս, որ դառնապէս լամ։ Իմ ժողովուրդիս աղջկան կործանումին համար Զիս մխիթարելու մի՛ աշխատիք»։

5. Քանզի տեսիլքի ձորին մէջ զօրքերու Եհովա Տէրոջը Խռովութեան, կոխման ու շփոթութեան օրն է։ Պարիսպը կը փլցնեն եւ աղաղակը մինչեւ լեռը կը հասնի։

6. Եղամ՝ իր ձիաւոր մարդոցմով կապարճը վերցուց Եւ Կիր վահանը բացաւ

7. Եւ քու ընտիր հովիտներդ կառքերով լեցուեցան Ու ձիաւորները գունդ կազմեցին դռներուն քով։

8. Յուդային ծածկոցը բացուեցաւ Ու այն օրը անտառին տանը զէնքերուն նայեցաք եւ

9. Դաւիթին քաղաքին փլած տեղերուն շատ ըլլալը տեսաք։ Վարի աւազանին ջուրերը հաւաքեցիք

10. Ու Երուսաղէմի տուները համրեցիք։ Պարիսպը ամրացնելու համար տուներ փլցուցիք։

11. Հին աւազանին ջուրերուն համար Երկու պարսպին մէջտեղ ջրամբար մը շինեցիք, Բայց զանիկա շինողին չնայեցաք Ու նախապէս զանիկա կազմողին ուշադրութիւն չըրիք։

12. Այն օրը զօրքերու Տէր Եհովան ձեզ կանչեց Լալու ու սգալու, Գլուխ կնտեցնելու եւ քուրձ հագնելու։

13. Ահա ցնծութիւն եւ ուրախութիւն ըրիք, Արջառներ կը սպաննէիք եւ ոչխարներ կը մորթէիք, Միս կ’ուտէիք ու գինի կը խմէիք՝ ըսելով. «Ուտենք ու խմենք, Քանզի վաղը պիտի մեռնինք»։

14. Բայց զօրքերու Տէրոջը կողմանէ իմ ականջներուս յայտնուեցաւ թէ՝ «Անշուշտ այս անօրէնութիւնը ձեզի պիտի չթողուի, Մինչեւ որ դուք մեռնիք», Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան։

15. Զօրքերու Եհովա Տէրը այսպէս ըսաւ. «Գնա՛ ու պալատին հրամանատարին, Սեբնա գանձապետին քով մտիր ու ըսէ՛.

16. ‘Դուն հոս ի՞նչ ունիս եւ հոս ո՞վ ունիս, Որ հոս քեզի գերեզման փորեցիր. Ո՛վ դուն, որ քու գերեզմանդ բարձր տեղ կը փորես Ու քեզի վէմի մէջ բնակարան կը շինես’։

17. Ահա Տէրը քեզ պիտի նետէ ուժգնօրէն Եւ քեզ բոլորովին պիտի ծածկէ։

18. Անշուշտ գնդակի պէս Լայնատարած երկիր մը պիտի գլորէ քեզ Դուն հոն պիտի մեռնիս Եւ քու փառքիդ կառքերը հոն պիտի մնան, Ո՛վ քու տիրոջդ տանը անարգանքը։

19. Ու քու պաշտօնէդ քեզ պիտի վռնտեմ, Քու աստիճանէդ քեզ պիտի զրկեմ։

20. Այն օրը պիտի կանչեմ իմ ծառաս, Քեղկիայի որդին՝ Եղիակիմը՝

21. Եւ քու պատմուճանդ անոր պիտի հագցնեմ, Քու գօտիովդ զանիկա պիտի զօրացնեմ, Քու իշխանութիւնդ անոր ձեռքը պիտի տամ, Անիկա Երուսաղէմի բնակիչներուն Ու Յուդային տանը հայրը պիտի ըլլայ։

22. Դաւիթին տանը բանալին Անոր ուսին վրայ պիտի դնեմ, Որպէս զի անիկա բանայ եւ գոցող չըլլայ Ու գոցէ եւ բացող չըլլայ։

23. Զանիկա հաստատ տեղ մը Բեւեռի պէս պիտի գամեմ։ Անիկա իր հօրը տանը Փառաւոր աթոռի պէս պիտի ըլլայ։

24. Անոր հօրը տանը բոլոր փառքը անոր վրայ պիտի կախուի, Անոր սերունդէն եղող պատուականներն ու անարգները, Բոլոր պզտիկ ամանները, տեսակ տեսակ թասերէն Մինչեւ ամէն տեսակ տիկերը։

25. «Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Այս հաստատ տեղը գամուած բեւեռը պիտի վերցուի Եւ պիտի կոտրի ու իյնայ Ու անոր վրայ եղած բեռը պիտի կոտրտի», Քանզի Տէրը խօսեցաւ։

About Եսայի Chapter 22

Read Եսայի Chapter 22 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Եսայի
Chapter: 22
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եսայի. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Եսայի Chapter 22 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Եսայի Chapter 22?

Եսայի Chapter 22 is part of the Book of Եսայի in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Եսայի Chapter 22 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Եսայի

  1. Եսայի Chapter 20
  2. Եսայի Chapter 6
  3. Եսայի Chapter 59
  4. Եսայի Chapter 50
  5. Եսայի Chapter 31
  6. Եսայի Chapter 30
  7. Եսայի Chapter 29

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Դ Թագավորներ Chapter 24
  2. Ծննդոց Chapter 35
  3. Ժողովող Chapter 12
  4. Թվեր Chapter 18
  5. Երկրորդ Օրինաց Chapter 29
  6. Սաղմոսներ Chapter 61
  7. Սաղմոսներ Chapter 72

Related Chapters & Readings

  1. Ա Կորնթացիներ Chapter 10
  2. Եսայի Chapter 60
  3. Եզեկիել Chapter 9
  4. Ա Մնացորդաց Chapter 6
  5. Երեմիա Chapter 41
  6. Բ Սամուել Chapter 3
  7. Ա Սամուել Chapter 2
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *