Read Առակներ Chapter 19 Online
Read Առակներ Chapter 19 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Առակներ and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Առակներ 19
Գլուխ 19
1. Իր կատարելութեան մէջ քալող աղքատը Նենգաւոր շրթունք ունեցող յիմարէն աղէկ է։
2. Հոգիին տգիտութիւնը աղէկ չէ Ու ոտքերովը արտորացողը կը սահի։
3. Մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ’աւերէ Եւ անոր սիրտը Տէրոջը դէմ տրտունջ կ’ընէ։
4. Հարստութիւնը շատ բարեկամներ կ’աւելցնէ Բայց աղքատը իր բարեկամէն կը լքուի։
5. Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայ Ու ստութիւններ խօսողը պիտի չազատի։
6. Շատերը առատաձեռն մարդուն՝ ՝ հաճութիւնը կը փնտռեն Ու ամէն մարդ պարգեւատու մարդուն բարեկամ կ’ըլլայ։
7. Աղքատին բոլոր եղբայրները անկէ կը զզուին. Անոր բարեկամները ա՛լ աւելի անկէ կը հեռանան Ու անիկա ոչինչ խօսքերու ետեւէ կ’իյնայ՝ ՝։
8. Խելքը վաստկողը իր հոգին կը սիրէ, Իմաստութիւն պահողը բարիք պիտի գտնէ։
9. Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայ Ու ստութիւններ խօսողը պիտի կորսուի։
10. Յիմարին փափկութիւն չի վայլեր, Նոյնքան եւ աւելի ծառայի մը՝ իշխաններու վրայ իշխել։
11. Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ Եւ յանցանքը ներելը անոր պարծանք է։
12. Թագաւորին բարկութիւնը առոյգ առիւծի մռնչիւնին կը նմանի, Իսկ անոր հաճութիւնը խոտին վրայի ցօղին պէս է։
13. Անմիտ տղան իր հօրը թշուառութիւնն է Ու կնոջ կռիւները շարունակական կաթիլներու պէս են։
14. Տունն ու ստացուածքը հայրերէն մնացած ժառանգութիւն են, Բայց խոհեմ կինը Տէրոջմէն է։
15. Ծուլութիւնը խորունկ քուն կը բերէ Եւ թոյլ մարդը անօթի կը մնայ։
16. Պատուիրանքը պահողը իր հոգին կը պահէ, Իր ճամբաները անարգողը պիտի մեռնի։
17. Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ Ու անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ։
18. Քանի որ յոյս կայ՝ տղադ խրատէ Եւ անոր մահուանը կամակից մի՛ ըլլար՝ ՝։
19. Խիստ բարկացող մարդը պատիժը պէտք է կրէ, Վասն զի եթէ անգամ մը ազատես՝ պիտի ստիպուիս կրկնել։
20. Խրատը լսէ՛ եւ կրթութիւնը ընդունէ՛, Որպէս զի ապագային իմաստուն ըլլաս։
21. Մարդուն սրտին մէջ շատ դիտաւորութիւններ կան, Բայց Տէրոջը խորհուրդը հաստատուն պիտի մնայ։
22. Մարդուն ողորմածութիւնը իր փառքն է Ու աղքատը ստախօսէն աղէկ է։
23. Տէրոջը երկիւղը կեանքի պատճառ է, Եւ զանիկա ունեցողը կուշտ կը պառկի ու ձախորդութեան չի հանդիպիր։
24. Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը խոթէ Ու զանիկա իր բերանն անգամ չի տանիր։
25. Ծաղրողը ծեծէ, որ միամիտը խելացի ըլլայ։ Եթէ իմաստունը յանդիմանես՝ գիտութիւն պիտի շահի։
26. Իր հայրը կործանողը ու իր մայրը վռնտողը՝ Ամօթ ու նախատինք բերող տղայ մըն է։
27. Որդեա՛կ իմ, ե՛տ կեցիր այն խրատին մտիկ ընելէն, Որը քեզ իմաստութեան խօսքերէն կը խոտորցնէ։
28. Չար վկան արդարութիւնը ծաղր կ’ընէ Ու ամբարիշտներուն բերանը անիրաւութիւնը կը կլլէ։
29. Ծաղրողներուն համար՝ դատապարտութիւններ Եւ անմիտներուն կռնակին համար ծեծեր պատրաստուած են։
About Առակներ Chapter 19
Read Առակներ Chapter 19 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Առակներ
Chapter: 19
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Առակներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Առակներ Chapter 19 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Առակներ Chapter 19?
Առակներ Chapter 19 is part of the Book of Առակներ in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Առակներ Chapter 19 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Առակներ
- Առակներ Chapter 24
- Առակներ Chapter 1
- Առակներ Chapter 27
- Առակներ Chapter 20
- Առակներ Chapter 28
- Առակներ Chapter 13
- Առակներ Chapter 12
Explore More from Հին Կտակարան
- Բ Մնացորդաց Chapter 11
- Ելից Chapter 26
- Նավում Chapter 1
- Բ Սամուել Chapter 18
- Ա Սամուել Chapter 2
- Ղևտական Chapter 14
- Սաղմոսներ Chapter 112