Read Առակներ Chapter 14 Online
Read Առակներ Chapter 14 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Առակներ and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Առակներ 14
Գլուխ 14
1. Իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն, Բայց յիմար կինը զանիկա իր ձեռքովը կը փլցնէ։
2. Իր ուղղութեանը մէջ քալողը Տէրոջմէ կը վախնայ, Բայց ծուռ ճամբայ ունեցողը զանիկա կ’անարգէ։
3. Յիմարին բերանը հպարտութեան գաւազան կայ, Բայց իմաստուններուն շրթունքները զիրենք կը պահեն։
4. Ուր արջառ չկայ, մսուրը մաքուր կը մնայ, Իսկ արդիւնքին առատութիւնը եզին զօրութենէն յառաջ կու գայ։
5. Ճշմարտութեան վկան սուտ չի խօսիր, Բայց անիրաւ վկան ստութիւններ կը թափէ բերնէն։
6. Ծաղրողը իմաստութիւն կը փնտռէ ու չի գտներ, Բայց իմաստուններուն համար գիտութիւնը դիւրին է։
7. Յիմար մարդէն հեռացիր, Երբ իմանաս, որ իմաստուն շրթունքներ չունի։
8. Խելացի մարդուն իմաստութիւնը իր ճամբան հասկնալն է. Բայց յիմարներուն անմտութիւնը նենգութիւն է։
9. Յիմարները յանցաւորը կը ծաղրեն, Բայց ուղիղներուն մէջ ներողամտութիւն կայ։
10. Մարդուն սիրտը իր հոգիին ցաւը կը ճանչնայ, Ուրիշը անոր ուրախութեանը մասնակից չըլլար։
11. Ամբարիշտներուն տունը պիտի կործանի, Բայց ուղիղներուն վրանը պիտի ծաղկի։
12. Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, Բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է։
13. Ծիծաղելու ատենն ալ մարդուս սիրտը տրտմութիւն կը զգայ Եւ ուրախութեան վախճանը սուգ կ’ըլլայ։
14. Ապականած մարդը՝ իր ճամբաներու պտուղէն, Իսկ բարի մարդը իր գործերու պտուղէն պիտի կշտանայ։
15. Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, Բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ։
16. Իմաստունը կը վախնայ ու չարութենէ կը փախչի, Բայց անմիտը կը հպարտանայ ու յանձնապաստան կ’ըլլայ։
17. Շուտ բարկացողը յիմարութիւն կ’ընէ Իսկ իմաստուն մարդը կը համբերէ։
18. Անխոհեմները անմտութիւն կը ժառանգեն, Բայց խելացիները գիտութեամբ կը պսակուին։
19. Չարերը բարիներուն առջեւ կը խոնարհին Եւ ամբարիշտները՝ արդարներուն դրանը քով։
20. Աղքատը մինչեւ անգամ իր ընկերին ատելի է, Բայց հարուստին բարեկամները շատ են։
21. Տնանկը անարգողը մեղք կը գործէ, Բայց աղքատին ողորմողը երանելի կ’ըլլայ։
22. Չարութիւն մտածողները կը մոլորին, Բայց բարութիւն մտածողներուն ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն կը հանդիպի։
23. Ամէն աշխատանքի մէջ օգուտ մը կայ, Բայց դատարկաբանութիւնը միայն կարօտութեան կը տանի մարդը։
24. Իմաստուններուն հարստութիւնը իրենց պսակն է, Բայց անմիտներուն բարձրութիւնը յիմարութիւն է։
25. Հաւատարիմ վկան հոգիներ կ’ազատէ, Բայց խարդախը ստութիւններ դուրս կու տայ։
26. Տէրոջը վախին մէջ հաստատ վստահութիւն կայ Ու անոր որդիները ապաւէն պիտի ունենան։
27. Տէրոջը վախը կեանքի աղբիւր է՝ Մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար։
28. Ժողովուրդին բազմութիւնը թագաւորին պատիւ է, Բայց ժողովուրդին նուազութիւնը իշխանին կործանումն է։
29. Երկայնամիտ մարդը շատ խոհեմ է, Իսկ կարճամիտը շատ յիմարութիւն կ’ընէ։
30. Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է, Բայց նախանձը ոսկորներուն փտտութիւն է։
31. Աղքատին զրկանք ընողը անոր Ստեղծիչը կ’անարգէ, Բայց տնանկին ողորմութիւն ընողը զԱնիկա կը պատուէ։
32. Ամբարիշտը իր չարութեանը համար կը կործանի, Բայց արդարը իր մահուան ատենը ապահովութիւն կ’ունենայ։
33. Խելացի մարդուն սրտին մէջ իմաստութիւնը կը հանգչի, Իսկ յիմարներուն ներսը եղածը չի ճանչցուիր։
34. Արդարութիւնը ազգը կը բարձրացնէ, Բայց մեղքը ժողովուրդներուն անարգանք է։
35. Թագաւորը խոհեմ ծառային կը հաճի, Բայց նախատինք բերող ծառային կը բարկանայ։
About Առակներ Chapter 14
Read Առակներ Chapter 14 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Առակներ
Chapter: 14
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Առակներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Առակներ Chapter 14 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Առակներ Chapter 14?
Առակներ Chapter 14 is part of the Book of Առակներ in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Առակներ Chapter 14 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Առակներ
- Առակներ Chapter 1
- Առակներ Chapter 24
- Առակներ Chapter 20
- Առակներ Chapter 27
- Առակներ Chapter 28
- Առակներ Chapter 26
- Առակներ Chapter 16
Explore More from Հին Կտակարան
- Ելից Chapter 37
- Հոբ Chapter 6
- Եսայի Chapter 39
- Ողբեր Chapter 1
- Թվեր Chapter 5
- Ծննդոց Chapter 14
- Սաղմոսներ Chapter 67