Read Առակներ Chapter 13 Online
Read Առակներ Chapter 13 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Առակներ and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Առակներ 13
Գլուխ 13
1. Իմաստուն տղան իր հօրը խրատին մտիկ կ’ընէ, Բայց ծաղրողը յանդիմանութեան մտիկ չըներ։
2. Մարդը իր բերնին պտուղէն բարութիւն կ’ուտէ. Բայց նենգերուն հոգին՝ բռնութիւն։
3. Իր բերանը զսպողը իր անձը կը պահէ, Բայց շրթունքները լայն բացողը պիտի կորսուի։
4. Ծոյլին հոգին կը ցանկայ ու բան մը չունի, Բայց ժրաջան մարդոց հոգին կը գիրնայ։
5. Արդարը սուտ խօսքը կ’ատէ, Բայց ամբարիշտը կ’այպանէ ու կը խայտառակէ ինքզինքը։
6. Արդարութիւնը կատարելութեամբ քալողները կը պաշտպանէ, Բայց չարութիւնը մեղաւորները կը կործանէ։
7. Մարդիկ կան, որ զիրենք հարուստ կը ցուցնեն, բայց բան մը չունին, Մարդիկ ալ կան, որ զիրենք աղքատ կը ցուցնեն, բայց շատ հարստութիւն ունին։
8. Մարդուն կեանքին փրկանքը իր հարստութիւնն է, Բայց աղքատը յանդիմանութիւն չի լսեր։
9. Արդարներուն լոյսը զուարթ պիտի ըլլայ, Բայց ամբարիշտներուն ճրագը պիտի մարի։
10. Յիրաւի հպարտութենէն կռիւ կը ծագի, Բայց խրատին մտիկ ընողներուն քով իմաստութիւն կայ։
11. Անիրաւութեամբ հաւաքուած հարստութիւնը պիտի պակսի, Բայց իր աշխատութիւնով հաւաքողը պիտի շատցնէ։
12. Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ, Բայց փափաքին հասնիլը կեանքի ծառ մըն է։
13. Խօսքը արհամարհողը պիտի կորսուի, Բայց պատուիրանքէն վախցողը վարձք պիտի առնէ։
14. Իմաստունին օրէնքը կեանքի աղբիւր է՝ Մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար։
15. Բարի խոհեմութիւնը շնորհք կու տայ, Բայց անօրէններուն ճամբան դժուարին է։
16. Ամէն խելացի իմաստութեամբ կը գործէ, Բայց անմիտը յիմարութիւն կը տարածէ։
17. Չար պատգամաւորը թշուառութեան մէջ կ’իյնայ, Բայց հաւատարիմ դեսպանը բժշկութիւն է։
18. Խրատը անարգողը աղքատութիւն ու անարգութիւն կը կրէ, Բայց յանդիմանութեան մտիկ ընողը պատիւ կը գտնէ։
19. Փափաքին կատարուիլը հոգիին անոյշ է Ու չարագործութենէ ետ կենալը յիմարներուն զզուելի է։
20. Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, Բայց անմիտներուն ընկերացողը չար կ’ըլլայ՝ ՝։
21. Մեղաւորներուն ետեւէն ձախորդութիւն կ’երթայ, Բայց արդարներուն բարիք կը հատուցանուի։
22. Բարի մարդը իր թոռներուն ժառանգութիւն կը թողու, Բայց մեղաւորին ստացուածքը արդարին համար կը պահուի։
23. Աղքատներուն մշակած երկրին մէջ շատ ուտելիք կայ, Բայց մարդ կայ, որ անիրաւութենէ կը կորսուի։
24. Գաւազանին խնայողը իր որդին կ’ատէ, Բայց իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ։
25. Արդարը մինչեւ իր անձին կշտանալը կ’ուտէ, Բայց ամբարիշտները կարօտութիւն պիտի քաշեն։
About Առակներ Chapter 13
Read Առակներ Chapter 13 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Առակներ
Chapter: 13
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Առակներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Առակներ Chapter 13 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Առակներ Chapter 13?
Առակներ Chapter 13 is part of the Book of Առակներ in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Առակներ Chapter 13 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Առակներ
- Առակներ Chapter 24
- Առակներ Chapter 1
- Առակներ Chapter 27
- Առակներ Chapter 20
- Առակներ Chapter 28
- Առակներ Chapter 12
- Առակներ Chapter 23
Explore More from Հին Կտակարան
- Երկրորդ Օրինաց Chapter 27
- Եզեկիել Chapter 8
- Եզեկիել Chapter 18
- Ելից Chapter 7
- Բ Մնացորդաց Chapter 32
- Հեսու Chapter 1
- Թվեր Chapter 18