Առակներ Chapter 12

For English

Read Առակներ Chapter 12 Online

Read Առակներ Chapter 12 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Առակներ and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Առակներ 12

Գլուխ 12

1. Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, Բայց յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է։

2. Բարի մարդը Տէրոջմէն շնորհք կը ստանայ, Բայց Աստուած նենգաւոր մարդը պիտի դատապարտէ։

3. Մարդը անիրաւութեամբ հաստատութիւն չունենար, Բայց արդարներուն արմատը չի շարժիր։

4. Առաքինի կինը իր էրկանը պսակ է, Բայց նախատինք բերողը անոր ոսկորներուն փտտութեանը պէս է։

5. Արդարներուն մտածումները իրաւունք են, Բայց ամբարիշտներուն խորհուրդները՝ նենգ։

6. Ամբարիշտներուն խօսքերը արիւնի համար դարան են, Բայց ուղիղներուն բերանը զիրենք կ’ազատէ։

7. Ամբարիշտները կը կործանին ու բնաջինջ կ’ըլլան, Բայց արդարներուն տունը կը հաստատուի։

8. Մարդը իր խոհեմութեանը չափ կը գովուի, Բայց ծուռ սիրտ ունեցողը կ’անարգուի։

9. Իր հացին համար ծառայող մարդը աւելի աղէկ է, Քան թէ զինք մեծ ցուցնող, բայց հացի կարօտ մարդը։

10. Արդարը իր անասուններուն հոգ կը տանի, Բայց ամբարիշտները անողորմ են։

11. Իր երկիրը մշակողը հացով կը կշտանայ. Բայց դատարկ մարդոց հետեւողը պակասամիտ է։

12. Ամբարիշտը չարերուն աւարին կը փափաքի, Բայց արդարներուն արմատը պտուղ կուտայ։

13. Չարը իր շրթունքներուն յանցանքովը որոգայթը կ’իյնայ, Բայց արդարը նեղութենէ կ’ազատի։

14. Մարդը իր բերնին պտուղէն բարիքներով պիտի լեցուի Եւ իր գործերուն հատուցում պիտի ընդունի։

15. Յիմարին ճամբան իր աչքերուն շիտակ է, Բայց իմաստունը խրատին մտիկ կ’ընէ։

16. Յիմարը նոյն օրը կը յայտնէ իր բարկութիւնը, Բայց անարգանքը ծածկողը խելացի է։

17. Ճշմարտութիւն խօսողը արդարութիւնը կը յայտնէ, Իսկ սուտ վկան՝ նենգութիւնը։

18. Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն, Բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է։

19. Ճշմարտախօս շրթունքը միշտ հաստատ կը մնայ, Բայց ստախօս լեզուն վայրկենական է.

20. Չարութիւն մտածողին սրտին մէջ նենգութիւն կ’ըլլայ, Բայց խաղաղութեան համար խորհուրդ ընողները ուրախութիւն կ’ունենան։

21. Արդարին բնաւ չարիք չի հասնիր, Բայց ամբարիշտները թշուառութիւններով կը լեցուին։

22. Սուտ շրթունքը Տէրոջը զզուելի է, Բայց հաւատարմութիւն ընողները անոր հաճելի են։

23. Խոհեմ մարդը իր գիտցածը կը ծածկէ, Բայց յիմարներուն սիրտը յիմարութիւնը կը հրատարակէ։

24. Ժիր մարդոց ձեռքը կ’իշխէ, Բայց ծոյլը հարկատու կ’ըլլայ։

25. Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, Բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա։

26. Արդարը իր ընկերին ճամբայ կը ցուցնէ՝ ՝, Բայց ամբարիշտներուն ճամբան զիրենք կը մոլորեցնէ։

27. Ծոյլը իր որսը չ’եփեր, Բայց ժիր մարդուն ստացուածքը պատուական է։

28. Արդարութեան ճամբուն մէջ կեանք կայ Եւ անոր շաւիղներուն ճամբուն մէջ մահ չկայ՝ ՝։

About Առակներ Chapter 12

Read Առակներ Chapter 12 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Առակներ
Chapter: 12
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Առակներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Առակներ Chapter 12 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Առակներ Chapter 12?

Առակներ Chapter 12 is part of the Book of Առակներ in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Առակներ Chapter 12 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Առակներ

  1. Առակներ Chapter 24
  2. Առակներ Chapter 1
  3. Առակներ Chapter 27
  4. Առակներ Chapter 20
  5. Առակներ Chapter 28
  6. Առակներ Chapter 23
  7. Առակներ Chapter 22

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Բ Մնացորդաց Chapter 11
  2. Հեսու Chapter 19
  3. Բ Մնացորդաց Chapter 35
  4. Ա Սամուել Chapter 18
  5. Սաղմոսներ Chapter 38
  6. Դանիել Chapter 12
  7. Առակներ Chapter 30

Related Chapters & Readings

  1. Երեմիա Chapter 30
  2. Մատթեոս Chapter 28
  3. Եզեկիել Chapter 24
  4. Սաղմոսներ Chapter 135
  5. Հովհաննես Chapter 20
  6. Եսայի Chapter 34
  7. Բ Թեսաղոնիկեցիներ Chapter 3
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *