Read Եսայի Chapter 47 Online
Read Եսայի Chapter 47 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եսայի and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Եսայի 47
Գլուխ 47
1. Ո՛վ Բաբելոնի կոյս աղջիկ, Իջի՛ր ու հողի վրայ նստէ. Ո՛վ Քաղդէացիներու աղջիկ, Գետնի վրայ առանց աթոռի նստէ, Քանզի անգամ մըն ալ քնքուշ ու փափուկ պիտի չկոչուիս։
2. Աղօրիքին քարերը ա՛ռ, ալի՛ւր աղա. Լաչակդ հանէ՛, քղանցքդ վերցո՛ւր. Սրունքդ բա՛ց, գետերէն անցի՛ր։
3. Թող քու մերկութիւնդ բացուի Եւ նախատինքդ ալ երեւնայ։ Քեզմէ վրէժ պիտի առնեմ Ու ոեւէ մէկուն միջնորդութիւնը պիտի չընդունիմ։
4. (Մեր Փրկչին անունը Եհովա Սաբաւովթ՝ ՝ է. Անիկա Իսրայէլին Սուրբն է)։
5. Լո՛ւռ նստէ՛, խաւարի մէ՛ջ մտի՛ր, ո՛վ Քաղդէացիներու աղջիկ, Քանզի անգամ մըն ալ թագաւորութիւններու տիկին պիտի չկոչուիս։
6. Ես իմ ժողովուրդիս բարկացայ, Իմ ժառանգութիւնս պղծեցի, Զանոնք քու ձեռքդ տուի. Դուն անոնց գթութիւն չցուցուցիր, Ծերին վրայ քու լուծդ խիստ ծանրացուցիր
7. Եւ ըսիր. «Ես յաւիտեան տիկին պիտի մնամ»։ Այնպէս որ ասիկա մտքիդ մէջ չդրիր, Ասոր վախճանը չյիշեցիր։
8. Հիմա մտի՛կ ըրէ, Ո՛վ անհոգութեամբ նստող հեշտասէր, Որ սրտիդ մէջ կ’ըսես. «Ե՛ս եմ ու ինծմէ զատ մէկը չկայ։ Որպէս որբեւարի պիտի չնստիմ Եւ զաւակ պիտի չկորսնցնեմ»։
9. Հիմա ասոնց երկուքն ալ՝ Անզաւակութիւն եւ որբեւարութիւն՝ Յանկարծ՝ մէկ օրուան մէջ քու վրադ պիտի գան։ Քու դիւթանքներուդ շատութեանը մէջ Եւ քու անթիւ կախարդութիւններուդ մէջ Անոնք ամբողջ քու վրադ պիտի գան։
10. Դուն քու չարութեանդ ապաւինեցար Ու ըսիր. «Զիս տեսնող չկայ»։ Քեզ գլխէ հանողը քու իմաստութիւնդ ու գիտութիւնդ են։ Սրտիդ մէջ ըսիր. «Ե՛ս եմ ու ինծմէ զատ մէկը չկայ»։
11. Անոր համար քու վրադ ձախորդութիւն մը պիտի գայ, Որուն ուրկէ ծագիլը պիտի չգիտնաս։ Քու վրադ թշուառութիւն մը պիտի իյնայ, Որը ետ դարձնելու կարող պիտի չըլլաս։ Քու վրադ յանկարծ աւերում մը պիտի գայ, Բայց դուն պիտի չգիտնաս։
12. Հիմա քու կախարդութիւններուդ եւ շատ դիւթանքներուդ մէջ կեցիր, Որոնցմով քու մանկութենէդ ի վեր աշխատեր ես, Թերեւս օգուտ մը գտնելու կարող ըլլաս, Թերեւս կարենաս յաղթել։
13. Խորհուրդներուդ շատութենէն ձանձրացար։ Հիմա երկինքը զննողները, աստղագէտները, Նոր ամիսներով գուշակութիւն ընողները թող ելլեն Եւ քու վրադ գալիք չարիքէն քեզ ազատեն։
14. Ահա անոնք մղեղի պէս պիտի ըլլան Ու զանոնք կրակը պիտի այրէ։ Իրենց հոգին բոցին զօրութենէն պիտի չկրնան ազատել։ Տաքնալու համար կայծ մը, Կամ դիմացը նստելու համար կրակ պիտի չմնայ։
15. Այսպէս պիտի ըլլան քեզի անոնք, որոնց հետ աշխատեցար Ու մանկութենէդ ի վեր առուտուր ըրիր։ Ամէն մէկը իր ճամբան երթալով՝ ցիրուցան պիտի ըլլան Ու քեզ ազատող մը պիտի չըլլայ։
About Եսայի Chapter 47
Read Եսայի Chapter 47 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Եսայի
Chapter: 47
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եսայի. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Եսայի Chapter 47 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Եսայի Chapter 47?
Եսայի Chapter 47 is part of the Book of Եսայի in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Եսայի Chapter 47 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Եսայի
- Եսայի Chapter 20
- Եսայի Chapter 6
- Եսայի Chapter 50
- Եսայի Chapter 31
- Եսայի Chapter 30
- Եսայի Chapter 59
- Եսայի Chapter 29
Explore More from Հին Կտակարան
- Ժողովող Chapter 9
- Եսայի Chapter 63
- Ծննդոց Chapter 21
- Ծննդոց Chapter 3
- Ղևտական Chapter 5
- Դ Թագավորներ Chapter 13
- Եսայի Chapter 34