Առակներ Chapter 27

For English

Read Առակներ Chapter 27 Online

Read Առակներ Chapter 27 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Առակներ and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Առակներ 27

Գլուխ 27

1. Վաղուան համար մի՛ պարծենար, Վասն զի չես գիտեր թէ օրը ի՞նչ պիտի ծնանի։

2. Քեզ ուրիշը թող գովէ եւ ոչ թէ՝ քու բերանդ, Օտարը՝ ո՛չ թէ քու շրթունքներդ։

3. Քարը՝ ծանրութիւն ու աւազը ծանր բեռ ունի, Բայց յիմարին բարկութիւնը երկուքէն ալ ծանր է։

4. Բարկութիւնը անողորմ է ու սրտմտութիւնը՝ խիստ. Բայց նախանձին առջեւ ո՞վ կրնայ կենալ։

5. Յայտնի յանդիմանութիւնը Ծածուկ սէրէն աղէկ է։

6. Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են, Բայց թշնամիին համբոյրները առատ են։

7. Կուշտ մարդը խորիսխը կ’արհամարհէ, Բայց անօթի մարդուն լեղի բանն ալ անոյշ կու գայ։

8. Իր տեղէն թափառական եղող մարդը, Իր բոյնէն թափառական եղող թռչունին պէս է։

9. Իւղն ու խունկը սիրտը կը զուարճացնեն Եւ սրտմտութենէն հոգին կը խռովի։

10. Քու բարեկամդ ու քու հօրդ բարեկամը մի՛ թողուր Եւ քու նեղութեանդ ատենը քու եղբօրդ տունը մի՛ երթար։ Մօտ դրացին հեռու եղող եղբօրմէն աղէկ է։

11. Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, Որպէս զի անարգողին պատասխան տամ։

12. Խորագէտը չարիք կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, Բայց միամիտները յառաջ կ’անցնին ու վնաս կը կրեն։

13. Օտարականի մը երաշխաւոր եղողին զգեստը ա՛ռ Եւ օտար կնոջ համար երաշխաւոր եղողէն գրաւ ա՛ռ։

14. Եթէ մէկը առտու կանուխ ելլէ ու իր դրացին բարձր ձայնով օրհնէ, Ասիկա անոր անէծք կը սեպուի։

15. Անձրեւոտ օրուան շարունակ կաթիլն Ու կռուազան կինը իրարու կը նմանին։

16. Զանիկա պահողը հովը կը պահէ Եւ աջ ձեռքին մէջ պահուած իւղը զինք կը յայտնէ։

17. Երկաթը երկաթով կը սրուի Ու մարդը իր բարեկամին երեսը կը սրէ։

18. Թզենիին հոգ տանողը անոր պտուղը կ’ուտէ Եւ իր տէրը պահպանողը պատիւ կը գտնէ։

19. Ինչպէս ջուրը՝ երեսը երեսին, Նոյնպէս սիրտը մարդը մարդուն կը ցուցնէ։

20. Դժոխքն ու կորուստը չեն կշտանար, Մարդուն աչքերն ալ չեն կշտանար։

21. Ինչպէս հալոցը՝ արծաթը եւ քուրան ոսկին կը փորձէ, Այնպէս ալ մարդը զինք գովող բերանը թող փորձէ։

22. Յիմարը ցորենի հետ անկանի մէջ հաւանով ծեծես ալ, Անոր յիմարութիւնը անկէ չ’երթար։

23. Քու ոչխարներուդ վիճակը աղէ՛կ գիտցիր Եւ քու հօտերուդ աղէ՛կ նայէ,

24. Վասն զի հարստութիւնը միշտ չի մնար Ու թագը դարէ դար չի տեւեր։

25. Կանանչը կը բուսնի, խոտը կ’երեւնայ Եւ լեռներուն խոտերը կը հաւաքեն։

26. Գառները քու հագուստիդ համար են Ու նոխազները դաշտերուն գինն են։

27. Քու կերակուրիդ համար եւ քու տանդ կերակուրին համար Ու քու աղախիններուդ ապրուստին համար Բաւական այծի կաթ պիտի ունենաս։

About Առակներ Chapter 27

Read Առակներ Chapter 27 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Առակներ
Chapter: 27
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Առակներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Առակներ Chapter 27 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Առակներ Chapter 27?

Առակներ Chapter 27 is part of the Book of Առակներ in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Առակներ Chapter 27 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Առակներ

  1. Առակներ Chapter 1
  2. Առակներ Chapter 24
  3. Առակներ Chapter 20
  4. Առակներ Chapter 28
  5. Առակներ Chapter 23
  6. Առակներ Chapter 16
  7. Առակներ Chapter 13

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Թվեր Chapter 18
  2. Սաղմոսներ Chapter 84
  3. Ելից Chapter 28
  4. Բ Սամուել Chapter 15
  5. Բ Մնացորդաց Chapter 25
  6. Սաղմոսներ Chapter 143
  7. Երեմիա Chapter 4

Related Chapters & Readings

  1. Հեսու Chapter 2
  2. Սաղմոսներ Chapter 70
  3. Երեմիա Chapter 23
  4. Հովհաննես Chapter 4
  5. Մատթեոս Chapter 11
  6. Առակներ Chapter 28
  7. Ելից Chapter 2
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *