Թվեր Chapter 16

For English

Read Թվեր Chapter 16 Online

Read Թվեր Chapter 16 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Թվեր in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Թվեր and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Թվեր 16

Գլուխ 16

1. Ղեւիի որդիին Կահաթին որդիին Իսահառին որդին Կորխ եւ Ռուբէնի որդիներէն Եղիաբին որդիները՝ Դաթան ու Աբիրոն եւ Փաղեթի որդին Օն ելան

2. Եւ Իսրայէլի որդիներէն երկու հարիւր յիսուն հոգի ժողովուրդին ծանօթ գլխաւորներ ու անուանի մարդիկ իրենց հետ առնելով՝ Մովսէսին առջեւ եկան

3. Եւ Մովսէսին ու Ահարոնին քով հաւաքուեցան ու ըսին անոնց. «Ալ հերի՛ք է ըրածնիդ. վասն զի բոլոր ժողովուրդը ամէնքն ալ սուրբ են եւ Տէրը անոնց մէջ է եւ ինչո՞ւ Տէրոջը ժողովուրդին վրայ դուք ձեզ կը բարձրացնէք»։

4. Երբ Մովսէս աս լսեց, իր երեսին վրայ ինկաւ

5. Ու խօսեցաւ Կորխին եւ անոր բոլոր ընկերներուն՝ ըսելով. «Վաղը Տէրը պիտի ցուցնէ թէ ո՛րն է իրը եւ ո՛րն է սուրբը ու զանիկա իրեն պիտի մօտեցնէ եւ ո՛րը որ ինքը ընտրէ, իրեն պիտի մօտեցնէ։

6. Ուստի, առէք ձեզի բուրվառներ, դո՛ւն, ո՛վ Կորխ եւ քու բոլոր ընկերներդ

7. Եւ վաղը անոնց մէջ կրակ դրէ՛ք ու Տէրոջը առջեւ անոնց վրայ խունկ դրէ՛ք եւ այն մարդը սուրբ պիտի ըլլայ, որ Տէրը կ’ընտրէ։ Ալ հերի՛ք է ըրածնիդ, ո՛վ Ղեւիի որդիներ»։

8. Մովսէս ըսաւ Կորխին. «Լսեցէ՛ք, ո՛վ Ղեւիի որդիներ.

9. Պզտի՞կ բան կ’երեւնայ ձեզի՝ որ Իսրայէլի Աստուածը ձեզ իրեն մօտեցնելու համար Իսրայէլի ժողովուրդէն զատեց ձեզ, որպէս զի Տէրոջը վկայութեան խորանին պաշտամունքը կատարէք եւ ժողովուրդին առջեւ կայնիք՝ անոնց սպասաւորութիւնը ընելու

10. Եւ քեզ ու քեզի հետ քու բոլոր եղբայրներդ՝ Ղեւիի որդիները՝ իրեն մօտեցուց ու դուք քահանայութի՞ւն ալ կը փնտռէք։

11. Ուրեմն դուն ու քու բոլոր ընկերներդ Տէրոջը դէմ հաւաքուեցաք եւ Ահարոնը ո՞վ է, որ անոր դէմ դուք տրտունջ կ’ընէք»։

12. Եւ Մովսէս Եղիաբին որդիները՝ Դաթանն ու Աբիրոնը՝ կանչելու համար մարդ ղրկեց եւ անոնք ըսին. «Չենք գար.

13. Մեզ անապատին մէջ մեռցնելու համար՝ կաթ ու մեղր բղխող երկրէ մը մեզ հանելդ քի՞չ բան է, որ նաեւ մեր վրայ տիրապետել կ’ուզես։

14. Եւ մեզ կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը չտարիր, ո՛չ ալ մեզի արտ ու այգի տուիր իբր ժառանգութիւն։ Միթէ այս մարդոց աչքե՞րը պիտի հանես. մենք չենք գար»։

15. Մովսէս խիստ բարկացաւ ու ըսաւ Տէրոջը. «Մի՛ նայիր անոնց ընծաներուն. անոնցմէ էշ մըն ալ չառի եւ անոնց մէկո՛ւն չարիք մը չըրի»։

16. Մովսէս ըսաւ Կորխին. «Վաղը դուն ու քու բոլոր ժողովուրդդ Տէրոջը առջեւ ներկայացէք, դուն եւ անոնք ու Ահարոն։

17. Ամէնքդ ձեր բուրվառները առէք եւ անոնց մէջ խունկ դրէք։ Ամէն մէկը իր բուրվառը առնելով, (այսինքն երկու հարիւր յիսուն բուրվառները,) դուն ու Ահարոնն ալ ձեր բուրվառները Տէրոջը մօտեցուցէք»։

18. Ամէն մէկը իր բուրվառը առնելով՝ անոնց մէջ կրակ դրին ու անոնց վրայ խունկ դրին եւ վկայութեան խորանին դուռը կեցան Մովսէսին ու Ահարոնին հետ։

19. Կորխ անոնց դէմ վկայութեան խորանին դուռը հաւաքեց բոլոր ժողովուրդը։ Տէրոջը փառքը բոլոր ժողովուրդին երեւցաւ։

20. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով.

21. «Այդ ժողովուրդին մէջէն զատուեցէք, որպէս զի շուտով կորսնցնեմ զանոնք»։

22. Բայց անոնք երեսնուն վրայ ինկան ու ըսին. «Ո՛վ Աստուած, բոլոր մարդոց հոգիներուն Աստուածը, մէկ մարդու մեղանչելովը՝ բոլոր ժողովուրդին վրա՞յ պիտի գայ քու բարկութիւնդ»։

23. Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.

24. «Խօսէ՛ ժողովուրդին ու ըսէ՛, Կորխի, Դաթանի ու Աբիրոնի բնակարանին բոլորտիքէն հեռացէք»։

25. Մովսէս ելաւ ու Դաթանին եւ Աբիրոնին գնաց եւ Իսրայէլի ծերերը անոր ետեւէն գացին։

26. Եւ խօսեցաւ ժողովուրդին՝ ըսելով. «Այդ չար մարդոց վրաններուն քովէն ետ քաշուեցէք ու անոնց ոեւէ մէ՛կ բանին մի՛ դպչիք, որպէս զի անոնց բոլոր մեղքերով չկորսուիք»։

27. Այսպէս անոնք Կորխին, Դաթանին ու Աբիրոնին բնակարանին բոլորտիքէն հեռացան եւ Դաթան ու Աբիրոն եւ անոնց կիներն ու անոնց որդիները եւ ընտանիքը իրենց վրաններուն դուռը ելան կեցան։

28. Եւ Մովսէս ըսաւ. «Ասով պիտի գիտնաք թէ Տէրը զիս ղրկած է բոլոր այս գործերը ընելու եւ ոչ թէ ես ինծմէ բան մը ըրի.

29. Եթէ ասոնք ամէն մարդու մեռնելուն պէս մեռնին եւ եթէ ամէն մարդու պատահածը ասոնց ալ պատահի, Տէրը զիս ղրկած չէ։

30. Բայց եթէ Տէրը հրաշք մը ընէ եւ երկիր իր բերանը բանայ ու զանոնք եւ անոնց բոլոր ունեցածը կլլէ ու անոնք ողջ ողջ դժոխք իջնեն, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ այս մարդիկը Տէրը անարգեցին»։

31. Երբ այս բոլոր խօսքերը լմնցուց, անոնց տակի գետինը պատռտուեցաւ

32. Եւ երկիր իր բերանը բացաւ ու զանոնք եւ անոնց տուները ու Կորխին ունեցած բոլոր մարդիկը եւ բոլոր անոնց ինչքը կլլեց։

33. Եւ անոնք ու բոլոր անոնց ունեցածները ողջ ողջ դժոխք իջան եւ երկիրը ծածկեց զանոնք ու ժողովուրդին մէջէն կորսուեցան։

34. Անոնց բոլորտիքը գտնուող բոլոր Իսրայէլը անոնց ձայնէն փախան. քանզի ըսին. «Չըլլայ թէ երկիրը մեզ ալ կլլէ»։

35. Եւ Տէրոջմէ կրակ ելաւ ու խունկ մատուցանող երկու հարիւր յիսուն հոգին սպառեց։

36. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.

37. «Խօսէ՛ Ահարոն քահանային որդիին Եղիազարին, որ բուրվառները այն բոցերուն մէջէն վերցնէ եւ դուն անոնց մէջ եղած կրակը անդին ցրուէ՛. քանզի անոնք սուրբ եղան։

38. Իրենց հոգիներուն դէմ մեղք գործողներուն բուրվառներէն թիթեղէ տախտակներ թող շինուին՝ սեղանը պատելու համար. վասն զի անոնք Տէրոջը առջեւ մատուցուելով՝ սուրբ եղած են։ Իսրայէլի որդիներուն նշան թող ըլլան»։

39. Ու Եղիազար քահանան այն այրուած մարդոց մատուցանած պղնձէ բուրվառները առաւ եւ անոնցմէ սեղանը պատելու համար թիթեղէ տախտակներ շինեց.

40. (Իսրայէլի որդիներուն յիշատակ ըլլալու համար, որպէս զի Ահարոնի սերունդէն չեղող օտար մէկը Տէրոջը առջեւ խունկ մատուցանել չհամարձակի եւ Կորխի պէս ու անոր ընկերներուն պէս չըլլայ.) ինչպէս Տէրը ըսաւ անոր՝ Մովսէսին միջոցով։

41. Հետեւեալ օրը Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Մովսէսին դէմ ու Ահարոնին դէմ տրտունջ ըրին՝ ըսելով. «Դուք Տէրոջը ժողովուրդը մեռցուցիք»։

42. Եւ երբ ժողովուրդը Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ հաւաքուած էին, դէպի խորանը նայեցան եւ ահա ամպը ծածկեց զայն ու Տէրոջը փառքը երեւցաւ։

43. Մովսէս ու Ահարոն վկայութեան խորանին առջեւ եկան։

44. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.

45. «Այդ ժողովուրդին մէջէն ելէք, որպէս զի շուտով սպառեմ զանոնք»։ Անոնք երեսնուն վրայ ինկան։

46. Եւ Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Բուրվառը ա՛ռ ու մէջը սեղանին վրայէն կրակ դի՛ր եւ վրան խունկ դի՛ր ու շուտով ժողովուրդին գնա՛ ու անոնց համար քաւութիւն ըրէ, վասն զի Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ եւ ժանտախտը սկսաւ»։

47. Եւ Ահարոն Մովսէսին ըսածին պէս բուրվառը առաւ ու ժողովուրդին մէջ վազեց։ Արդէն ժանտախտը սկսած էր ժողովուրդին մէջ։ Բուրվառին վրան խունկ դրաւ ու ժողովուրդին համար քաւութիւն ըրաւ

48. Եւ մեռելներուն ու ողջերուն մէջտեղ կեցաւ ու ժանտախտը դադրեցաւ։

49. Եւ ժանտախտէն մեռածները տասնըչորս հազար եօթը հարիւր հոգի էին, Կորխի գործին մէջ մեռածներէն զատ։

50. Եւ Ահարոն դարձաւ Մովսէսին՝ վկայութեան խորանին դուռը ու ժանտախտը դադրեցաւ։

About Թվեր Chapter 16

Read Թվեր Chapter 16 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Թվեր in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Թվեր
Chapter: 16
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Թվեր. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Թվեր Chapter 16 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Թվեր Chapter 16?

Թվեր Chapter 16 is part of the Book of Թվեր in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Թվեր Chapter 16 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Թվեր

  1. Թվեր Chapter 18
  2. Թվեր Chapter 4
  3. Թվեր Chapter 1
  4. Թվեր Chapter 8
  5. Թվեր Chapter 20
  6. Թվեր Chapter 2
  7. Թվեր Chapter 33

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Ելից Chapter 13
  2. Եզրաս Chapter 6
  3. Եսայի Chapter 50
  4. Անգե Chapter 2
  5. Դ Թագավորներ Chapter 16
  6. Երեմիա Chapter 15
  7. Ժողովող Chapter 12

Related Chapters & Readings

  1. Թվեր Chapter 4
  2. Ա Սամուել Chapter 24
  3. Գ Թագավորներ Chapter 4
  4. Ա Սամուել Chapter 12
  5. Երկրորդ Օրինաց Chapter 12
  6. Երեմիա Chapter 10
  7. Ա Սամուել Chapter 7
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *