Read Առակներ Chapter 22 Online
Read Առակներ Chapter 22 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Առակներ and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Առակներ 22
Գլուխ 22
1. Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է Ու շնորհքը արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է։
2. Հարուստն ու աղքատը իրարու կը հանդիպին, Ամէնքը ստեղծողը Տէրն է։
3. Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, Բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին։
4. Խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը Հարստութիւն, փառք ու կեանք են։
5. Ծուռ մարդուն ճամբուն մէջ փուշեր ու որոգայթներ կան Ուստի իր հոգին պահողը՝ անոնցմէ հեռու պիտի կենայ։
6. Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը՝ ՝, Որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի։
7. Հարուստը աղքատներուն վրայ կը տիրէ Ու փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ։
8. Չարութիւն ցանողը ունայնութիւն կը հնձէ Եւ անոր բարկութեան գաւազանը պիտի կորսուի։
9. Աղէկ աչք ունեցողը օրհնեալ կ’ըլլայ, Վասն զի իր հացէն աղքատին կու տայ։
10. Ծաղրողը եթէ վռնտես, կռիւը կ’անցնի Ու վէճը եւ անարգանքը կը դադրին։
11. Սրտի մաքրութիւն սիրողին շրթունքներուն վրայ շնորհք կայ Ու թագաւորը անոր բարեկամ կ’ըլլայ։
12. Տէրոջը աչքերը գիտութիւնը կը պահպանեն, Բայց ինք անօրէնին խօսքերը կ’աւրէ։
13. Ծոյլը կ’ըսէ. «Դուրսը առիւծ կայ, Հրապարակին մէջ պիտի մեռցուիմ»։
14. Օտար կիներուն բերանը խորունկ փոս է, Տէրոջը ատելի եղողը հոն կ’իյնայ։
15. Մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է. Խրատի գաւազանը զանիկա կը հեռացնէ անկէ։
16. Իր ստացուածքը շատցնելու համար աղքատին զրկանք ընողը Ու հարուստին տուողը՝ անշուշտ կարօտութեան պիտի մատնուի։
17. Ականջդ ծռէ ու իմաստուններուն խօսքերուն մտիկ ըրէ Եւ քու սիրտդ իմ գիտութեանս տուր.
18. Վասն զի եթէ անոնք քու սրտիդ մէջ պահես, հաճելի բան է, Անոնք քու շրթունքներուդ վրայ ալ պիտի հաստատուին։
19. Ահա քեզի այս բաները այսօր իմացուցի, Որպէս զի քու ապաւէնդ Տէրը ըլլայ։
20. Միթէ ես քեզի երեսուն խրատներ Ու գիտութիւն չգրեցի՞,
21. Որպէս զի քեզի ճշմարիտ խօսքերուն ստուգութիւնը ցուցնեմ, Որպէս զի քեզի հարցնողներուն ճշմարիտ խօսքերով պատասխան տաս։
22. Աղքատը մի՛ կողոպտեր իր աղքատութեանը համար Ու տնանկը դատաստանի մէջ մի՛ անարգեր։
23. Վասն զի Տէրը անոնց իրաւունքը պիտի պաշտպանէ Եւ զանոնք կողոպտողներուն հոգին պիտի կողոպտէ։
24. Բարկացող մարդուն հետ ընկերութիւն մի՛ ըներ Ու ցասկոտ մարդուն հետ մի՛ երթար.
25. Որպէս զի չըլլայ թէ անոր ճամբաները սորվիս Եւ դուն քեզ որոգայթի մէջ ձգես։
26. Գրաւական տուողներէն մի՛ ըլլար, Ոչ ալ՝ պարտքի համար երաշխաւոր եղողներէն։
27. Եթէ վճարելու կարողութիւն չունիս, Ինչո՞ւ համար տակէդ քու անկողինդ առնեն։
28. Տեղէն մի՛ շարժեր հին սահմանին նշանը, Որ քու հայրերդ դրեր են։
29. Իր գործին մէջ ժիր մարդ մը կը տեսնե՞ս, Անիկա թագաւորներուն առջեւ պիտի կենայ, Բայց աննշան մարդոց առջեւ պիտի չկենայ։
About Առակներ Chapter 22
Read Առակներ Chapter 22 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Առակներ
Chapter: 22
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Առակներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Առակներ Chapter 22 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Առակներ Chapter 22?
Առակներ Chapter 22 is part of the Book of Առակներ in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Առակներ Chapter 22 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Առակներ
- Առակներ Chapter 1
- Առակներ Chapter 24
- Առակներ Chapter 27
- Առակներ Chapter 20
- Առակներ Chapter 28
- Առակներ Chapter 23
- Առակներ Chapter 16
Explore More from Հին Կտակարան
- Երկրորդ Օրինաց Chapter 31
- Երեմիա Chapter 40
- Երկրորդ Օրինաց Chapter 7
- Հովնան Chapter 1
- Սաղմոսներ Chapter 39
- Ա Մնացորդաց Chapter 2
- Ա Սամուել Chapter 19