Առակներ Chapter 23

For English

Read Առակներ Chapter 23 Online

Read Առակներ Chapter 23 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Առակներ and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Առակներ 23

Գլուխ 23

1. Երբ իշխանի հետ սեղան նստիս, Առջեւդ դրուածին աղէ՛կ նայէ.

2. Ու եթէ դուն ախորժակի տէր մարդ ես, Կոկորդիդ վրայ դանակ դի՛ր։

3. Անոր ազնիւ կերակուրներուն մի՛ ցանկար, Վասն զի անոնք խաբէութեան հաց են։

4. Հարուստ ըլլալու մի՛ աշխատիր, Քու խորհուրդէդ ետ կեցի՛ր։

5. Աչք պիտի տնկե՞ս այն բանին, որ ոչինչ է. Անիկա անշուշտ իրեն թեւեր կը շինէ Ու արծիւի պէս օդը կը թռչի։

6. Չար աչք ունեցողին հացը մի՛ ուտեր Եւ անոր ազնիւ կերակուրներուն մի՛ ցանկար.

7. Վասն զի անիկա իր սրտին մէջ ինչպէս կը մտածէ, այնպէս է։ «Կե՛ր ու խմէ՛», կ’ըսէ քեզի, Բայց անոր սիրտը քեզի հետ չէ։

8. Կերած պատառդ պիտի փսխես Ու հաճելի խօսքերդ պիտի կորսնցնես։

9. Յիմարին ականջներուն մի՛ խօսիր, Քանզի քու խօսքերուդ իմաստութիւնը կ’անարգէ։

10. Վաղեմի սահմանին նշանը տեղէն մի՛ վերցներ Ու սրբերուն արտերը մի՛ մտներ,

11. Քանզի անոնց Վրէժխնդիրը զօրաւոր է Եւ քեզի դէմ անոնց իրաւունքը անիկա՛ պիտի պաշտպանէ։

12. Քու սիրտդ խրատի տուր Ու ականջներդ՝ գիտութեան խօսքերուն։

13. Տղայէն խրատը մի՛ կտրեր, Վասն զի եթէ զանիկա գաւազանով ծեծես, չի մեռնիր։

14. Թէեւ դուն անիկա գաւազանով կը ծեծես, Բայց անոր հոգին դժոխքէն կ’ազատես։

15. Որդեա՛կ իմ, եթէ քու սիրտդ իմաստուն ըլլայ, Իմ սիրտս կ’ուրախանայ։

16. Ու երբ քու շրթունքներդ ուղիղ բաներ խօսին, Իմ երիկամունքներս պիտի ցնծան։

17. Թող քու սիրտդ մեղաւորներուն չնախանձի, Հապա ամէն օր Տէրոջը վախին մէջ եղիր։

18. Վասն զի իրաւցընէ վախճան մը կայ Ու քու յոյսդ պիտի չկտրի։

19. Որդեա՛կ իմ, լսէ՛ ու իմաստուն եղի՛ր Եւ քու սիրտդ դէպի ուղիղ ճամբան շտկէ՛։

20. Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն Ու իրենց մարմինը մաշողներուն

21. Վասն զի գինեմոլն ու շռայլը աղքատ կ’ըլլան Եւ շատ քունը՝ պատռտած հանդերձներ կը հագցնէ։

22. Հնազանդէ՛ մօրդ, որ քեզ ծներ է Ու մի՛ անարգեր քու հայրդ, երբ կը ծերանայ։

23. Ճշմարտութիւնը ծախու ա՛ռ ու զանիկա մի՛ ծախեր։ Նմանապէս՝ իմաստութիւնը, խրատն ու հանճարը։

24. Արդարին հայրը շատ պիտի ցնծայ Եւ իմաստուն զաւակ ծնանողը անոր համար պիտի ուրախանայ։

25. Թող քու հայրդ ու մայրդ քու վրադ ուրախանան Ու քեզ ծնանողը թող ցնծայ։

26. Որդեա՛կ իմ, քու սիրտդ ինծի՛ տուր Եւ քու աչքերդ թող իմ ճամբաներս դիտեն.

27. Վասն զի պոռնիկը խորունկ փոս է Ու օտար կինը նեղ ջրհոր է։

28. Անիկա գողի պէս դարանը կը մտնէ Ու մարդոց մէջ անհաւատարիմները կ’աւելցնէ։

29. Որո՞ւն է վայը. որո՞ւն է ցաւը. Որո՞ւն են կռիւները. որո՞ւն են տրտունջները, Որո՞ւն են առանց պատճառի վէրքերը. Որո՞ւն է աչքերու կարմրութիւնը։

30. Գինիին քով մնացողներուն, Խառնուած գինին փնտռելու գնացողներուն։

31. Մի՛ նայիր գինիին կարմրութեանը, Գաւաթին մէջ իր գոյնը ցուցնելուն ու շիտակ վազելուն։

32. Անիկա ետքը օձի պէս կը խածնէ Ու քարբի պէս կը խայթէ։

33. Անկէ ետքը քու աչքդ օտար կիներու պիտի նայի Եւ քու սիրտդ ծուռ բաներ պիտի խօսի

34. Եւ ծովու մէջ պառկողի պէս Ու կայմի վրայ պառկողի պէս պիտի ըլլաս։

35. Եւ պիտի ըսես. «Զիս ծեծեցին ու ես ցաւ մը չզգացի, Ինծի զարկին ու ես բան մը չիմացայ. Ե՞րբ պիտի արթննամ, Որպէս զի զանիկա նորէն փնտռեմ»։

About Առակներ Chapter 23

Read Առակներ Chapter 23 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Առակներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Առակներ
Chapter: 23
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Առակներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Առակներ Chapter 23 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Առակներ Chapter 23?

Առակներ Chapter 23 is part of the Book of Առակներ in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Առակներ Chapter 23 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Առակներ

  1. Առակներ Chapter 1
  2. Առակներ Chapter 24
  3. Առակներ Chapter 20
  4. Առակներ Chapter 27
  5. Առակներ Chapter 28
  6. Առակներ Chapter 13
  7. Առակներ Chapter 8

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Ելից Chapter 3
  2. Ողբեր Chapter 5
  3. Սաղմոսներ Chapter 60
  4. Երեմիա Chapter 30
  5. Ելից Chapter 28
  6. Բ Մնացորդաց Chapter 11
  7. Երեմիա Chapter 39

Related Chapters & Readings

  1. Գործք Առաքելոց Chapter 5
  2. Գործք Առաքելոց Chapter 28
  3. Մատթեոս Chapter 4
  4. Ելից Chapter 4
  5. Հովհաննես Chapter 7
  6. Ամոս Chapter 7
  7. Սաղմոսներ Chapter 122
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *