Read Բ Մնացորդաց Chapter 35 Online
Read Բ Մնացորդաց Chapter 35 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Բ Մնացորդաց in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Բ Մնացորդաց and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Բ Մնացորդաց 35
Գլուխ 35
1. Յովսիա Երուսաղէմի մէջ Տէրոջը զատիկը տօնեց ու զատիկը առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը մորթեցին։
2. Քահանաները իրենց պահպանութեանը վրայ կեցուց ու զանոնք քաջալերեց, որ Տէրոջը տանը ծառայութիւն ընեն։
3. Բոլոր Իսրայէլին սորվեցնող ու Տէրոջը նուիրուած Ղեւտացիներուն ըսաւ. «Սուրբ տապանակը Իսրայէլի թագաւորին, Դաւիթին որդիին Սողոմոնին, շինած տունը դրէք, ձեր ուսերուն վրայ բեռ թող չըլլայ ու ձեր Տէր Աստուծոյն ու անոր ժողովուրդին Իսրայէլին ծառայութիւն ըրէ՛ք։
4. Ձեր ազգատոհմերովն ու ձեր բաժանումներովը՝ Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին գրածին պէս ու անոր որդիին Սողոմոնին գրածին պէս պատրաստ եղէ՛ք։
5. Ձեր եղբայրներուն, ժողովուրդին որդիներուն տոհմերուն որոշումներուն համեմատ ու Ղեւտացիներուն ազգատոհմերուն բաժանումներուն համեմատ, սրբարանին մէջ կեցէք։
6. Զատիկը մորթեցէ՛ք ու սրբուեցէ՛ք ու զանիկա ձեր եղբայրներուն համար պատրաստեցէ՛ք, որպէս զի անոնք Տէրոջը Մովսէսին միջոցով ըսած խօսքին պէս ընեն։
7. Յովսիա բոլոր հոն գտնուող ժողովուրդին որդիներուն՝ իր հօտերէն երեսուն հազար գառ ու այծի ձագ պարգեւեց, ամէնքն ալ զատկի համար, նաեւ երեք հազար արջառ։ Ասոնք թագաւորին ստացուածքէն էին։
8. Իր իշխաններն ալ ժողովուրդին, քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն յօժարութեամբ պարգեւ տուին։ Աստուծոյ տանը իշխանները՝ Քեղկիան, Զաքարիան ու Յեքիէլը, զատկի համար երկու հազար վեց հարիւր գառ ու երեք հարիւր արջառ քահանաներուն տուին։
9. Քոնոնիան ու անոր եղբայրները, Սեմայիան ու Նաթանայէլը ու Ղեւտացիներուն իշխանները, Ասաբիան, Յէիէլը եւ Յովզաբադը, զատկի համար Ղեւտացիներուն հինգ հազար գառ ու հինգ հազար արջառ պարգեւեցին։
10. Պաշտամունքը պատրաստուեցաւ ու թագաւորին հրամայածին պէս, քահանաները իրենց կարգին համեմատ ու Ղեւտացիները իրենց բաժանումներուն համեմատ կեցան.
11. Զատիկը կը մորթէին ու քահանաները անոնց ձեռքէն արիւնը առնելով կը սրսկէին. իսկ Ղեւտացիները մորթը կը հանէին
12. Եւ ողջակէզ ըլլալու մասերը կը զատէին ու զանոնք ժողովուրդին որդիներուն՝ ազգատոհմերուն համեմատ՝ կը բաժնէին, որպէս զի Տէրոջը մատուցանեն Մովսէսին գրքին մէջ գրուածին պէս։ Արջառներն ալ նոյնպէս կ’ընէին։
13. Զատիկը սովորութեան համաձայն կրակով խորովեցին. բայց նուիրուած բաները կաթսաներով, սաներով ու տապակներով եփեցին ու փութով բաժնեցին բոլոր ժողովուրդին։
14. Իրենց քահանաներուն համար ետքը պատրաստեցին. քանզի Ահարոնին որդիները՝ քահանաները, մինչեւ գիշեր ողջակէզներն ու ճարպերը մատուցանելով զբաղած էին. ուստի Ղեւտացիները իրենց համար եւ Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ համար պատրաստեցին։
15. Իսկ Ասափին որդիները, երգողները, Դաւիթին ու Ասափին ու Եմանին եւ թագաւորական տեսանող Իդիթունին պատուիրածին համեմատ իրենց տեղը ու դռնապանները մէկ մէկ դուռը կեցեր էին. պէտք չեղաւ որ իրենց պաշտօնէն զատուին. վասն զի անոնց համար անոնց եղբայրները, Ղեւտացիները կը պատրաստէին։
16. Յովսիա թագաւորին հրամայածին պէս՝ այն օրը Տէրոջը բոլոր պաշտամունքը կարգի դրուեցաւ, զատիկը ընելու ու ողջակէզները Տէրոջը սեղանին վրայ մատուցանելու համար։
17. Այն ատեն հոն գտնուող Իսրայէլի որդիները զատիկն ու բաղարջակերաց տօնը եօթը օր ըրին։
18. Սամուէլ մարգարէին օրերէն ի վեր Իսրայէլի մէջ ասոր պէս զատիկ մը եղած չէր. Յովսիային ու քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն բոլոր հոն գտնուող Յուդայի ու Իսրայէլի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըրած զատկին պէս Իսրայէլի բոլոր թագաւորները ըրած չէին։
19. Այս զատիկը Յովսիային թագաւորութեան տասնըութերորդ տարին եղաւ։
20. Այս բոլոր բաներէն եւ Յովսիային տաճարին կարգադրութիւնը հաստատելէն ետքը, Եգիպտոսի Նեքաւով թագաւորը Եփրատի քով Քարքամիս քաղաքին դէմ պատերազմելու գնաց։ Յովսիա զանիկա դիմաւորելու գնաց։
21. Նեքաւով դեսպաններ ղրկեց Յովսափատին ու ըսաւ. «Ո՛վ Յուդայի թագաւոր, դուն ինծի հետ ի՞նչ գործ ունիս. ես այսօր քեզի դէմ ելած չեմ, հապա ինծի հետ պատերազմ ընող տանը դէմ։ Աստուած ինծի հրամայեց, որ շուտով ընեմ. ինծի հետ եղող Աստուծմէն ետ կեցիր, որպէս զի քեզ չկորսնցնէ»։
22. Բայց Յովսիա իր երեսը անկէ չդարձուց, հապա անոր հետ պատերազմելու համար իր հագուստը փոխեց՝ ՝ ու մտիկ չըրաւ Նեքաւովին խօսքին, որ Աստուծոյ բերնէն էր ու Մակեդդովի հովիտը պատերազմելու գնաց։
23. Աղեղնաւորները Յովսիա թագաւորը նետով զարկին։ Թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ. «Զիս վերցուցէք ասկէ, վասն զի սաստիկ վիրաւորուեցայ»։
24. Իր ծառաները զանիկա կառքէն հանեցին, իր երկրորդ կառքը հեծցնելով Երուսաղէմ տարին, ուր մեռաւ ու իր հայրերուն գերեզմաններուն մէջ թաղուեցաւ եւ բոլոր Յուդան ու Երուսաղէմը Յովսիային համար սուգ ըրին։
25. Երեմիան Յովսիային վրայ ողբաց։ Բոլոր երգողները՝ այրեր եւ կիներ՝ մինչեւ այսօր իրենց ողբերուն մէջ Յովսիան կը յիշեն։ Զանոնք երգելու սովորութիւնը Իսրայէլի մէջ մտցուցին, որոնք ողբերուն մէջ գրուած են։
26. Եւ Յովսիային մնացորդ պատմութիւնն ու անոր՝ Տէրոջը օրէնքին մէջ գրուածին համեմատ ըրած բարեգործութիւնը
27. Եւ անոր առաջին ու վերջին պատմութիւնը ահա Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած են։
About Բ Մնացորդաց Chapter 35
Read Բ Մնացորդաց Chapter 35 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Բ Մնացորդաց in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Բ Մնացորդաց
Chapter: 35
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Բ Մնացորդաց. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Բ Մնացորդաց Chapter 35 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Բ Մնացորդաց Chapter 35?
Բ Մնացորդաց Chapter 35 is part of the Book of Բ Մնացորդաց in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Բ Մնացորդաց Chapter 35 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Բ Մնացորդաց
- Բ Մնացորդաց Chapter 29
- Բ Մնացորդաց Chapter 20
- Բ Մնացորդաց Chapter 19
- Բ Մնացորդաց Chapter 25
- Բ Մնացորդաց Chapter 21
- Բ Մնացորդաց Chapter 6
- Բ Մնացորդաց Chapter 15
Explore More from Հին Կտակարան
- Սաղմոսներ Chapter 3
- Բ Մնացորդաց Chapter 12
- Ծննդոց Chapter 33
- Ովսեե Chapter 14
- Միքիա Chapter 2
- Ծննդոց Chapter 16
- Ովսեե Chapter 4