Read Եսայի Chapter 33 Online
Read Եսայի Chapter 33 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եսայի and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Եսայի 33
Գլուխ 33
1. Վա՜յ քեզի, ո՛վ կործանող, որ դուն չկործանուեցար Ու վա՜յ քեզի, ո՛վ յափշտակող որ քեզ չյափշտակեցին։ Երբ դուն կործանելը լմնցնես, քեզ պիտի կործանեն. Երբ յափշտակելէ դադրիս, քեզ պիտի յափշտակեն։
2. Ո՛վ Տէր, մեզի ողորմէ, քեզի՛ կը յուսանք. Ամէն առտու մեր զօրութիւնը եղիր Ու նեղութեան ժամանակ մեզի փրկութիւն եղիր։
3. Աղմուկին ձայնէն ժողովուրդները կը փախչին, Քու բարձրանալէդ ազգերը կը ցրուին։
4. Ձեր աւարը թրթուրին հաւաքուելուն պէս պիտի հաւաքեն. Անոր վրայ՝ մարախներուն ցատկելուն պէս պիտի ցատկեն։
5. Տէրը բարձրացած է, վասն զի բարձրերը կը բնակի։ Սիօնը իրաւունքով ու արդարութիւնով լեցուց։
6. Քու ժամանակներուդ հաստատութիւնը Ու փրկութեանդ զօրութիւնը իմաստութիւն ու գիտութիւն պիտի ըլլայ։ Տէրոջը վախը անոր գանձն է։
7. Ահա անոնց քաջերը դուրսը կ’աղաղակեն. Խաղաղութեան դեսպանները դառնապէս կու լան։
8. Բանուկ ճամբաները ամայի եղան, Ճամբայէն անցնող չմնաց։ Անիկա ուխտը աւրեց, քաղաքները անարգեց, Մարդը բանի տեղ չի սեպեր.
9. Երկիրը սուգ կը բռնէ ու կը նուաղի, Լիբանան ամչցաւ ու թառամեցաւ, Սարօն անապատի պէս եղաւ։ Բասան ու Կարմեղոս կը թօթուուին։
10. «Հիմա պիտի ելլեմ, կ’ըսէ Տէրը, Հիմա պիտի փառաւորուիմ, Հիմա պիտի բարձրանամ։
11. Դուք յարդով պիտի յղանաք եւ մղեղ պիտի ծնանիք Ու ձեր շունչը կրակի պէս ձեզ պիտի ուտէ։
12. Ժողովուրդները կիրի այրուելուն պէս պիտի ըլլան. Անոնք կրակի մէջ նետուած փուշերու պէս պիտի այրին»։
13. Ո՛վ հեռու եղողներ, լսեցէք թէ ի՞նչ ըրի Ու մօտ եղողներ, իմ զօրութիւնս ճանչցէք։
14. Սիօնի մէջ մեղաւորները կը վախնան, Դողը կեղծաւորները կը բռնէ։ Մեզմէ ո՞վ կրնայ բնակիլ լափող կրակի մէջ. Մեզմէ ո՞վ կրնայ բնակիլ յաւիտենական բոցերուն մէջ։
15. Արդարութեամբ քալողը եւ ուղղութեամբ խօսողը, Անիրաւութեան շահը մերժողը, Կաշառք առնելէն ձեռք թօթուողը, Արիւնահեղութեան խօսքերը չլսելու համար ականջները գոցողը Ու չարութիւնը չտեսնելու համար աչքերը գոցողը։
16. Անիկա բարձրերը պիտի բնակի, Անոր բերդը ամուր վէմերու վրայ պիտի ըլլայ. Անոր հաց պիտի տրուի Ու անոր ջուրը անպակաս պիտի ըլլայ։
17. Քու աչքերդ թագաւորը իր վայելչութիւնովը պիտի տեսնեն, Անոնք հեռաւոր երկրի պիտի նային։
18. Քու միտքդ վախերու վրայ պիտի մտածէ. «Ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է կշռողը, Ո՞ւր է աշտարակները համրողը։
19. Դուն պիտի չտեսնես այն խիստ ժողովուրդը, Դժուարիմաց ու անծանօթ լեզու ունեցող ժողովուրդը, Թոթովախօս ու անիմանալի լեզուով խօսող ժողովուրդը։
20. Մեր տօնախմբութիւններու քաղաքին՝ Սիօնին՝ նայէ՛։ Քու աչքերդ Երուսաղէմը պիտի տեսնեն, Իբրեւ խաղաղ բնակարան մը ու անխախտ վրան մը, Որուն ցիցերը յաւիտեան պիտի չշարժին Ու չուանները բնաւ պիտի չկտրին։
21. Հապա հոն փառաւորեալ Տէրը պիտի ըլլայ մեզի Լայնատարած գետերու ու վտակներու տեղ, Ուր թիաքարշ նաւ պիտի չմտնէ Եւ անկէ մեծ նաւ պիտի չանցնի։
22. Քանզի մեր դատաւորը Տէրն է, Մեր օրէնսդիրը Տէրն է, Մեր թագաւորը Տէրն է, Անիկա մեզ պիտի ազատէ։
23. Քու չուաններդ թուլցան, Իրենց կայմին խարիսխը չկրցան հաստատ բռնել, Առագաստը չկրցան բանալ։ Այն ատեն մեծ աւար բաժնուեցաւ։ Մինչեւ անգամ կաղերը աւար առին։
24. Ու հոն բնակողը պիտի չըսէ. «Հիւանդ եմ»։ Հոն բնակող ժողովուրդին անօրէնութիւնը պիտի ներուի։
About Եսայի Chapter 33
Read Եսայի Chapter 33 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Եսայի
Chapter: 33
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եսայի. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Եսայի Chapter 33 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Եսայի Chapter 33?
Եսայի Chapter 33 is part of the Book of Եսայի in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Եսայի Chapter 33 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Եսայի
- Եսայի Chapter 20
- Եսայի Chapter 6
- Եսայի Chapter 50
- Եսայի Chapter 31
- Եսայի Chapter 59
- Եսայի Chapter 30
- Եսայի Chapter 29
Explore More from Հին Կտակարան
- Ա Սամուել Chapter 15
- Սաղմոսներ Chapter 113
- Դ Թագավորներ Chapter 13
- Եզրաս Chapter 8
- Սոփոնիա Chapter 1
- Ամոս Chapter 1
- Ծննդոց Chapter 22