Հոբ Chapter 20

For English

Read Հոբ Chapter 20 Online

Read Հոբ Chapter 20 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հոբ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Հոբ and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Հոբ 20

Գլուխ 20

1. Այն ատեն Սոփար Նաամացին պատասխանեց.

2. «Ասոր համար իմ խորհուրդներս ինծի պատասխանել կու տան Ու ասոր համար կ’արտորամ։

3. Զիս խայտառակող յանդիմանութիւնը լսեցի, Բայց իմ հոգիս ունեցած իմաստութենէս կը ստիպէ, որ պատասխանեմ։

4. Դուն գիտե՞ս թէ սկիզբէն՝ Մարդս երկրի վրայ դրուելէն ի վեր՝

5. Անզգամին յաղթանակը քիչ ժամանակ կը տեւէ Ու կեղծաւորին ուրախութիւնը մէկ վայրկեանի համար է։

6. Թէեւ անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք ելլէ Ու գլուխը ամպերուն հասնի,

7. Իր աղբին պէս յաւիտեան պիտի ոչնչանայ Ու զինք տեսնողները պիտի ըսեն՝ ‘Ո՞ւր է անիկա’։

8. Երազի պէս պիտի թռչի ու պիտի չգտնուի Ու գիշերուան ցնորքի պէս պիտի փախչի։

9. Զանիկա տեսնող աչքը ա՛լ պիտի չտեսնէ Ու անոր բնակած տեղը ա՛լ պիտի չնայի անոր։

10. Անոր զաւակները աղքատներէն շնորհք պիտի խնդրեն՝ ՝ Ու անոր ձեռքերը յափշտակածը ետ պիտի տան։

11. Անոր ոսկորները երիտասարդութեան մեղքերուն պատիժովը լեցուն են Ու անոր հետ հողին մէջ պիտի պառկին։

12. Եթէ անզգամութիւնը անոր բերնին մէջ քաղցր է Եւ եթէ իր լեզուին տակ կը պահէ զանիկա,

13. Եթէ զանիկա խնայէ ու չձգէ Ու իր քիմքին մէջ պահէ զանիկա,

14. Կերակուրը անոր աղիքներուն մէջ պիտի փոխուի, Անոր ներսիդին քարբի լեղի պիտի ըլլայ։

15. Անիկա հարստութիւններ կուլ տուաւ, բայց պիտի փսխէ զանոնք։ Աստուած անոր փորէն դուրս պիտի հանէ զանոնք։

16. Անիկա քարբին թոյնը պիտի ծծէ Ու իժի լեզուն զանիկա պիտի մեռցնէ։

17. Անիկա պիտի չտեսնէ վտակները, Մեղրի ու կոգիի հեղեղներուն գետերը։

18. Իր աշխատանքով վաստկածը ետ պիտի տայ ու պիտի չկլլէ Ու ետ տուածը իր հարստութեանը չափ պիտի ըլլայ։ Անոր վրայ պիտի չուրախանայ։

19. Քանի որ աղքատները ճնշեց ու երեսի վրայ թողուց Ու իր չշինած տունը յափշտակեց,

20. Անշուշտ իր ներսիդին խաղաղութիւն պիտի չզգայ Ու ցանկացածը պիտի չկրնայ ազատել։

21. Անոր ուտելու բան մը պիտի չմնայ, Անոր համար անոր յաջողութիւնը հաստատ պիտի չըլլայ։

22. Առատութեամբ լեցուն եղած ժամանակն ալ նեղութեան մէջ պիտի ըլլայ. Թշուառութեան մէջ եղողներուն ամէն հարուած անոր վրայ պիտի գայ։

23. Երբ փորը կշտացնելու վրայ ըլլայ, Աստուած իր սաստիկ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ղրկէ Ու անձրեւի պէս անոր վրայ պիտի թափէ՝ կերակուր ուտելու ատենը։

24. Երկաթէ զէնքին առջեւէն փախած ատենը Պղնձէ աղեղը զանիկա պիտի խոցէ։

25. Անոր դէմ արձակուած աղեղը մարմնէն պիտի անցնի Ու փայլուն տէգը անոր մաղձէն պիտի ելլէ. Անոր վրայ արհաւիրք պիտի գայ։

26. Բոլոր խաւարը անոր գաղտուկ տեղերը պիտի պահուի. Մարած կրակը զանիկա պիտի լափէ. Անոր վրանին մէջ մնացողը ապերջանիկ պիտի ըլլայ՝ ՝։

27. Երկինք անոր ապօրէնութիւնը պիտի յայտնէ, Երկիր ալ անոր դէմ պիտի ելլէ։

28. Անոր տանը եկամուտը պիտի յափշտակուի, Ամէն բան պիտի անցնի Աստուծոյ բարկութեան օրը։

29. Ասիկա է ամբարիշտ մարդուն բաժինը, որ Աստուծմէ պիտի առնէ Եւ ասիկա է այն ժառանգութիւնը, որ Աստուած անոր համար սահմաներ է»։

About Հոբ Chapter 20

Read Հոբ Chapter 20 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հոբ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Հոբ
Chapter: 20
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Հոբ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Հոբ Chapter 20 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Հոբ Chapter 20?

Հոբ Chapter 20 is part of the Book of Հոբ in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Հոբ Chapter 20 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Հին Կտակարան

  1. Սաղմոսներ Chapter 121
  2. Ծննդոց Chapter 45
  3. Ծննդոց Chapter 13
  4. Ծննդոց Chapter 8
  5. Սաղմոսներ Chapter 8
  6. Եզրաս Chapter 1
  7. Ծննդոց Chapter 4

Explore More from Հոբ

  1. Հոբ Chapter 26
  2. Հոբ Chapter 42
  3. Հոբ Chapter 41
  4. Հոբ Chapter 13
  5. Հոբ Chapter 29
  6. Հոբ Chapter 3
  7. Հոբ Chapter 33

Related Chapters & Readings

  1. Թվեր Chapter 18
  2. Ղևտական Chapter 26
  3. Սաղմոսներ Chapter 48
  4. Սաղմոսներ Chapter 91
  5. Հռոմեացիներ Chapter 4
  6. Եսթեր Chapter 10
  7. Ղուկաս Chapter 10
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *