Read Եզեկիել Chapter 26 Online
Read Եզեկիել Chapter 26 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզեկիել in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եզեկիել and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Եզեկիել 26
Գլուխ 26
1. Տասնըմէկերորդ տարին, ամսուան առաջին օրը,
2. Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, որովհետեւ Տիւրոս Երուսաղէմի համար ըսաւ՝ ‘Վա՜շ, ժողովուրդներուն դռները կոտրեցան, անոր ամէն բանը ինծի փոխանցուեցաւ, անոր անապատ դառնալովը ես պիտի լեցուիմ’.
3. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Տիւրոս ու քու վրադ շատ ազգեր պիտի բարձրացնեմ, ինչպէս ծովը իր ալիքները կը բարձրացնէ
4. Եւ անոնք Տիւրոսի պարիսպները պիտի աւերեն ու անոր աշտարակները պիտի փլցնեն։ Ես անոր հողը անկէ պիտի աւլեմ եւ զանիկա չոր ապառաժի պիտի վերածեմ։
5. Անիկա ծովուն մէջ ուռկաններ փռելու տեղ պիտի ըլլայ, վասն զի ես խօսեցայ’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ ‘Անիկա ազգերուն աւար պիտի ըլլայ
6. Եւ անոր աղջիկները որոնք դաշտի մէջ են, սուրով պիտի սպաննուին’։ Մարդիկ պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։
7. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես հիւսիսէն Տիւրոսի վրայ պիտի բերեմ թագաւորներու թագաւորը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը, ձիերով, կառքերով, ձիաւորներով, բազմութիւնով ու շատ ժողովուրդով։
8. Անիկա քու աղջիկներդ դաշտի մէջ սուրով պիտի մեռցնէ եւ քեզի դէմ մարտկոց պիտի շինէ ու քեզի դէմ հողաբլուր պիտի կանգնեցնէ ու քեզի դէմ վահան պիտի վերցնէ
9. Եւ քու պարիսպներուդ դէմ իր պատերազմական մեքենաները պիտի դնէ ու իր տապարներովը քու աշտարակներդ պիտի փլցնէ։
10. Անոր ձիերուն բազմութենէն փոշին քեզ պիտի ծածկէ. ձիաւորներուն ու անիւններուն եւ կառքերուն ձայնէն քու պարիսպներդ պիտի սասանին, երբ ինք քու դռներէդ մտնէ՝ պարիսպը փլած քաղաքի մէջ մտնողներու պէս։
11. Քու բոլոր փողոցներդ իր ձիերուն սմբակները պիտի կոխկռտեն, քու ժողովուրդդ սուրով պիտի սպաննէ եւ քու ամուր բերդերդ գետնի հաւասար պիտի ըլլան։
12. Քու հարստութիւնդ պիտի թալլեն ու ապրանքներդ պիտի կողոպտեն եւ քու պարիսպներդ պիտի փլցնեն ու գեղեցիկ տուներդ պիտի քակեն։ Քու քարերդ, փայտերդ ու հողդ ջուրերուն մէջ պիտի ձգեն։
13. Եւ քու երգերուդ աղաղակը պիտի դադրեցնեմ ու քու քնարներուդ ձայնը անգամ մըն ալ պիտի չլսուի։
14. Եւ քեզ չոր ապառաժի պիտի վերածեմ, ուռկաններ փռելու տեղ պիտի ըլլաս, անգամ մըն ալ պիտի չշինուիս. վասն զի ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ»։
15. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ Տիւրոսին. «Միթէ քու կործանումիդ ձայնէն կղզիները պիտի չսասանի՞ն, երբ քու մէջդ կոտորած ըլլալով՝ վիրաւորները հեծեն։
16. Այն ատեն ծովուն բոլոր իշխանները իրենց աթոռներուն վրայէն պիտի իջնեն եւ իրենց պատմուճանները պիտի հանեն ու իրենց զարդարուն հանդերձներէն պիտի մերկանան, սուգի հագուստ պիտի հագնին, գետնի վրայ պիտի նստին եւ ամէն վայրկեան պիտի սարսափին ու քու վրայովդ պիտի ապշին
17. Եւ քու վրայովդ ողբ ընելով՝ քեզի պիտի ըսեն. ‘Ինչպէ՜ս կործանեցար, ո՛վ ծովաբնակ անուանի քաղաք, որ ծովուն մէջ զօրաւոր էիր’։ Դուն ու քու բնակիչներդ, որ ծովեզերքին բոլոր բնակիչներէն աւելի ահարկու էիք։
18. Հիմա քու կործանումիդ օրը կղզիները պիտի դողան ու ծովու մէջ եղող կղզիները քու բնաջինջ ըլլալուդ վրայով պիտի ապշին’»։
19. Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Երբ քեզ աւերեմ այն քաղաքներուն պէս, որոնք բնակիչ չունին եւ քու վրադ անդունդը հանեմ ու շատ ջուրեր քեզ ծածկեն
20. Եւ քեզ գուբը իջնողներուն հետ հին ժողովուրդին իջեցնեմ ու քեզ գուբը իջնողներուն հետ գետնին տակերը, յաւիտենկաան աւերակներուն մէջ նստեցնեմ, այնպէս որ անգամ մըն ալ մէկը մէջդ չբնակի, այն ատեն ես կենդանիներու երկիրը պիտի փառաւորեմ։
21. Ամենէն պիտի սոսկաս ու պիտի ոչնչանաս, պիտի փնտռուիս, բայց յաւիտեան պիտի չգտնուիս»։
About Եզեկիել Chapter 26
Read Եզեկիել Chapter 26 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզեկիել in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Եզեկիել
Chapter: 26
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եզեկիել. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Եզեկիել Chapter 26 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Եզեկիել Chapter 26?
Եզեկիել Chapter 26 is part of the Book of Եզեկիել in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Եզեկիել Chapter 26 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Եզեկիել
- Եզեկիել Chapter 36
- Եզեկիել Chapter 35
- Եզեկիել Chapter 28
- Եզեկիել Chapter 24
- Եզեկիել Chapter 25
- Եզեկիել Chapter 8
- Եզեկիել Chapter 47
Explore More from Հին Կտակարան
- Բ Մնացորդաց Chapter 36
- Սաղմոսներ Chapter 124
- Սաղմոսներ Chapter 53
- Եսայի Chapter 31
- Ղևտական Chapter 2
- Ղևտական Chapter 19
- Բ Մնացորդաց Chapter 8