Երկրորդ Օրինաց Chapter 15

For English

Read Երկրորդ Օրինաց Chapter 15 Online

Read Երկրորդ Օրինաց Chapter 15 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երկրորդ Օրինաց in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Երկրորդ Օրինաց and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Երկրորդ Օրինաց 15

Գլուխ 15

1. «Եւ ամէն եօթներորդ տարի պարտքեր շնորհէ՛։ Շնորհելու կանոնը այս է՝

2. Ամէն պարտատէր որ իր դրացիին բան մը փոխ տուած է, զանիկա պիտի շնորհէ. իր դրացիէն կամ եղբօրմէն պիտի չպահանջէ զայն, վասն զի թողութիւն յայտարարուած է Տէրոջմէ։

3. Օտարազգիէն պիտի պահանջես, բայց քու եղբօրմէդ առնելիքդ պիտի շնորհես.

4. Մինչեւ որ քու քովդ աղքատ չգտնուի. վասն զի Տէրը անշուշտ քեզ պիտի օրհնէ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն պիտի տայ, որպէս զի անոր տիրես։

5. Միայն՝ եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին ամէն կերպով հնազանդիս ու այս բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ՝ զգուշութեամբ գործադրես,

6. Քու Տէր Աստուածդ ալ քեզի ըսածին պէս քեզ պիտի օրհնէ եւ դուն շատ ազգերու փոխ պիտի տաս, բայց դուն փոխ մի՛ առներ, քանզի դուն շատ ազգերու վրայ պիտի տիրես, բայց անոնք քու վրադ թող չտիրեն։

7. «Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկրին մէջ, քու քաղաքներէդ մէկուն մէջ, եթէ եղբայրներէդ մէկը աղքատ ըլլայ, խստասրտութիւն մի՛ ըներ ու աղքատ եղբօրդ ձեռքը մի՛ գոցեր։

8. Հապա անպատճառ ձեռքդ բաց անոր ու անոր կարօտութեանը բաւելու չափ անոր տո՛ւր։

9. Զգոյշ կեցի՛ր, չըլլայ թէ սրտիդ մէջէն չար խորհուրդ մը անցընես ու եօթներորդ տարին, շնորհելու տարին, մօտ է՝ մտածելով՝ աղքատ եղբօրդ վրայ անգութ աչքով նայիս ու անոր փոխ չտաս եւ ան ալ քեզի դէմ Տէրոջը աղաղակէ ու դուն մեղքի տէր ըլլաս։

10. Անպատճառ անոր տուր ու անոր տալու ատենդ սիրտդ թող չնեղուի. վասն զի Տէր Աստուածդ այս պատճառով քու բոլոր գործերուդ ու ձեռնարկներուդ մէջ քեզ պիտի օրհնէ։

11. Որովհետեւ երկրին մէջէն աղքատ պակաս պիտի չըլլայ, անոր համար քեզի կը պատուիրեմ ու կ’ըսեմ՝ ‘Քու երկրիդ մէջ եղած աղքատ ու չքաւոր եղբօրդ ձեռքդ բաց ըլլայ’։

12. «Եթէ քու եղբայրներէդ Եբրայեցի մարդ մը կամ կին մը քեզի ծախուի, անիկա վեց տարի քեզի ծառայութիւն թող ընէ, բայց եօթներորդ տարին զանիկա ազատ արձակէ՛։

13. Ազատ արձակելու ատենդ զանիկա պարապ մի՛ արձակեր.

14. Քու ոչխարներէդ, քու կալէդ եւ քու հնձանէդ անպատճառ պարգեւ մը տուր անոր. քու Տէր Աստուածդ ինչպէս քեզ օրհնեց, նոյնպէս տուր անոր։

15. Միտքդ բե՛ր, թէ դուն ալ Եգիպտոսի մէջ ծառայ էիր ու քու Տէր Աստուածդ քեզ անկէ փրկեց։ Այս պատճառով այսօր քեզի կը պատուիրեմ այս բանը։

16. Բայց եթէ քեզ եւ քու տունդ սիրելուն համար ու անիկա քու քովդ հանգիստ ըլլալուն համար ‘Քովէդ չեմ ելլեր’ ըսէ,

17. Այն ատեն հերիւն մը ա՛ռ ու անոր ականջը դրանը վրայ ծակէ՛ եւ անիկա քեզի յաւիտեան ծառայ թող ըլլայ։ Աղախինիդ ալ նոյնպէս ըրէ։

18. Զանիկա քու քովէդ ազատ արձակելդ դժուար թող չերեւնայ քեզի, վասն զի քեզի վեց տարի ծառայութիւն ըրած է, որ վարձկանի մը վարձքին կրկնապատիկ արժէքը ունի ու քու Տէր Աստուածդ բոլոր գործերուդ մէջ քեզ պիտի օրհնէ։ ԱՐՋԱՌԻՆ ԵՒ ՈՉԽԱՐԻՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿԸ

19. «Քու արջառներէդ ու հօտերէդ ծնած ամէն արու անդրանիկները քու Տէր Աստուծոյդ նուիրէ՛։ Արջառներուդ անդրանիկներովը մի՛ գործեր ու անդրանիկ ոչխարներուդ բուրդը մի՛ կտրեր։

20. Ամէն տարի քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ, Տէրոջը ընտրած տեղը, կերէք զանոնք դուն եւ քու ընտանիքդ։

21. Բայց եթէ անոնք արատաւոր ըլլան, կաղ կամ կոյր ըլլան, կամ ոեւէ ուրիշ գէշ արատ մը ունենան, զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ մի՛ զոհեր։

22. Այնպիսին քու քաղաքներուդ մէջ կե՛ր։ Անմաքուր ու մաքուր եղողները անխտրաբար կրնան ուտել այծեամի ու եղջերուի պէս։

23. Միայն անոր արիւնը մի՛ ուտեր, այլ ջուրի պէս գետինը թափէ զայն։

About Երկրորդ Օրինաց Chapter 15

Read Երկրորդ Օրինաց Chapter 15 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երկրորդ Օրինաց in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Երկրորդ Օրինաց
Chapter: 15
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Երկրորդ Օրինաց. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Երկրորդ Օրինաց Chapter 15 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Երկրորդ Օրինաց Chapter 15?

Երկրորդ Օրինաց Chapter 15 is part of the Book of Երկրորդ Օրինաց in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Երկրորդ Օրինաց Chapter 15 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Երկրորդ Օրինաց

  1. Երկրորդ Օրինաց Chapter 29
  2. Երկրորդ Օրինաց Chapter 13
  3. Երկրորդ Օրինաց Chapter 20
  4. Երկրորդ Օրինաց Chapter 12
  5. Երկրորդ Օրինաց Chapter 11
  6. Երկրորդ Օրինաց Chapter 9
  7. Երկրորդ Օրինաց Chapter 3

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Հոբ Chapter 35
  2. Դ Թագավորներ Chapter 22
  3. Ղևտական Chapter 5
  4. Գ Թագավորներ Chapter 7
  5. Առակներ Chapter 30
  6. Բ Մնացորդաց Chapter 15
  7. Երկրորդ Օրինաց Chapter 19

Related Chapters & Readings

  1. Դ Թագավորներ Chapter 20
  2. Երեմիա Chapter 8
  3. Եսթեր Chapter 8
  4. Ովսեե Chapter 1
  5. Մարկոս Chapter 13
  6. Սաղմոսներ Chapter 91
  7. Մատթեոս Chapter 16
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *