Read Երեմիա Chapter 21 Online
Read Երեմիա Chapter 21 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երեմիա in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Երեմիա and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Երեմիա 21
Գլուխ 21
1. Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, երբ Սեդեկիա թագաւորը Մեղքիային որդին՝ Փասուրը ու Մաասիայի որդին՝ Սոփոնիա քահանան անոր ղրկեց՝ ըսելով.
2. «Շնորհք ըրէ՛, մեզի համար Տէրոջը հարցուր, վասն զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը մեզի հետ պատերազմ կ’ընէ. թերեւս Տէրը մեզի համար իր բոլոր սքանչելիքներուն համեմատ ընէ եւ անիկա մեզմէ դառնայ՝ ՝»։
3. Երեմիա անոնց ըսաւ. «Սեդեկիային այսպէս ըսէք. Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.
4. ‘Ահա ես ձեր ձեռքերուն մէջ եղող պատերազմական զէնքերը պիտի դարձնեմ, որոնցմով դուք պարսպին դուրսէն ձեզ պաշարող Բաբելոնի թագաւորին ու Քաղդէացիներուն հետ կը պատերազմիք եւ զանոնք այս քաղաքին մէջ պիտի հաւաքեմ։
5. Ես ալ երկնցած ձեռքով եւ զօրաւոր բազուկով, սրտմտութեամբ, բարկութեամբ ու մեծ ցասումով ձեզի հետ պիտի պատերազմիմ։
6. Այս քաղաքին բնակիչները, թէ՛ մարդ եւ թէ անասուն պիտի զարնեմ։ Անոնք մեծ ժանտախտով պիտի մեռնին’։
7. Ու անկէ ետքը, կ’ըսէ Տէրը, ‘Յուդայի թագաւորը Սեդեկիան եւ անոր ծառաները ու ժողովուրդը եւ այս քաղաքին մէջ ժանտախտէն, սուրէն ու սովէն ազատուածները, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը եւ անոնց թշնամիներուն ձեռքը ու անոնց հոգիները փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ։ Անոնք ալ սուրի բերնէ պիտի անցընեն, անոնց պիտի չխնայեն, պիտի չգթան ու ողորմութիւն պիտի չընեն’»։
8. «Եւ այս ժողովուրդին ըսէ՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեր առջեւ կը դնեմ կեանքի ճամբան ու մահուան ճամբան։
9. Ան որ քաղաքին մէջ կը կենայ՝ սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնի. իսկ ան որ դուրս կ’ելլէ եւ ձեզ պաշարող Քաղդէացիներուն կը յանձնուի, ողջ պիտի մնայ ու անոր կեանքը աւարի մը պէս պիտի ըլլայ։
10. Քանզի իմ երեսս այս քաղաքին վրայ հաստատեցի չարիք ընելու համար եւ ո՛չ թէ բարիք, կ’ըսէ Տէրը. անիկա Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի ու ան ալ զանիկա կրակով պիտի այրէ’»։
11. «Եւ Յուդայի թագաւորին տանը ըսէ՛. ‘Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք.
12. Ո՛վ Դաւիթի տուն, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Առտուն իրաւունքով դատաստան տեսէ՛ք ու զրկուածը հարստահարողին ձեռքէն ազատեցէ՛ք, չըլլայ որ ձեր չար գործերուն համար իմ բարկութիւնս կրակի պէս ելլելով բռնկի ու մարող մը չըլլայ»։
13. «Ահա ես ձեզի դէմ եմ, ո՛վ հովիտին, դաշտի վէմին բնակիչներ, որ կ’ըսէք թէ ‘Մեզի դէմ ո՞վ պիտի ելլէ, կամ մեր բնակարններուն մէջ ո՞վ պիտի մտնէ’.
14. Բայց ես ձեզ ձեր գործերուն պտուղին համեմատ պիտի պատժեմ, կ’ըսէ Տէրը ու անոր անտառին մէջ կրակ պիտի բռնկցնեմ եւ ան անոր բոլորտիքը եղածը պիտի ուտէ’»։
About Երեմիա Chapter 21
Read Երեմիա Chapter 21 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Երեմիա in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Երեմիա
Chapter: 21
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Երեմիա. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Երեմիա Chapter 21 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Երեմիա Chapter 21?
Երեմիա Chapter 21 is part of the Book of Երեմիա in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Երեմիա Chapter 21 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Երեմիա
- Երեմիա Chapter 33
- Երեմիա Chapter 40
- Երեմիա Chapter 30
- Երեմիա Chapter 50
- Երեմիա Chapter 38
- Երեմիա Chapter 32
- Երեմիա Chapter 24
Explore More from Հին Կտակարան
- Եզեկիել Chapter 39
- Ժողովող Chapter 9
- Ծննդոց Chapter 3
- Ծննդոց Chapter 5
- Սաղմոսներ Chapter 41
- Սաղմոսներ Chapter 55
- Սաղմոսներ Chapter 147