Read Ժողովող Chapter 8 Online
Read Ժողովող Chapter 8 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ժողովող in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Ժողովող and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Ժողովող 8
Գլուխ 8
1. Իմաստունին պէս ո՞վ կայ Ու խօսքի մեկնութիւնը ո՞վ գիտէ։ Մարդուն իմաստութիւնը անոր երեսը կը փայլեցնէ Ու երեսին պնդութիւնը կը փոխուի։
2. Թագաւորին հրամանը կատարէ Աստուծոյ ուխտին համաձայն։
3. Անոր առջեւէն ելլելու մի՛ արտորար, Չար գործի մէջ մի՛ կենար, Վասն զի անիկա ինչ որ ուզէ՝ կ’ընէ։
4. Ուր որ թագաւորին խօսքը կայ, հոն իշխանութիւն կայ. Ու ո՞վ կրնայ անոր ըսել՝ «Ի՞նչ կ’ընես»։
5. Պատուիրանքը պահողը չարիքի չի հանդիպիր Եւ իմաստունին միտքը ժամանակն ու ճամբան գիտէ։
6. Վասն զի ամէն դիտաւորութիւն իր ժամանակն ու յարմարութիւնը ունի, Քանզի մարդուն վրայ շատ նեղութիւն կու գայ։
7. Վասն զի անիկա ըլլալիքը չի գիտեր Եւ ո՞վ պիտի յայտնէ անոր թէ ի՞նչպէս պիտի ըլլայ։
8. Հոգիին վրայ իշխող մարդ չկայ, որ հոգին արգիլէ։ Մահուան օրուանը վրայ տիրող չկայ. Պատերազմին մէջ արձակում չկայ Ու ամբարշտութիւնը իրեն հետեւողները չ’ազատեր։
9. Ասոնց ամէնքը տեսայ Ու արեւուն տակ եղող ամէն գործի իմ սիրտս տուի։ Ատեն կայ, երբ մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ Իրեն թշուառութեան համար։
10. Տեսայ ամբարիշտներ, Որոնք թաղուեցան գացին ու սուրբ տեղէն ելան Եւ մոռցուեցան այն քաղաքին մէջ, ուր այսպէս բաներ ըրին։ Այս ալ ունայնութիւն է։
11. Որովհետեւ գէշ գործին վրայ վճիռը շուտով չի կատարուիր, Այս պատճառով մարդոց որդիներուն սիրտը Չարութիւն ընելու փափաքով լեցուած է։
12. Թէեւ մեղաւորը հարիւր անգամ չարութիւն ընէ Ու անոր կեանքը երկննայ ալ, Ամէն պարագայի ստոյգ գիտեմ թէ բարութիւնը՝ Աստուծմէ վախցողներուն, անոր երեսէն վախցողներուն պիտի ըլլայ,
13. Բայց ամբարշտին բարութիւն պիտի չըլլայ։ Անիկա իր օրերը պիտի չերկնցնէ, հապա ստուերի պէս պիտի ըլլայ. Վասն զի Աստուծոյ երեսէն չի վախնար։
14. Ունայնութիւն մը կայ, որ աշխարհիս վրայ կ’ըլլայ, Այսինքն արդարներ կան, որոնց ամբարիշտներուն գործին պէս կը պատահի Ու ամբարիշտներ ալ կան, որոնց արդարներուն գործին պէս կը պատահի։ Ըսի թէ՝ «Այս ալ ունայնութիւն է»։
15. Ես ուրախութիւնը գովեցի, Վասն զի մարդ արեւուն տակ Ուտելէ, խմելէ եւ ուրախութիւն ընելէ զատ Աղէկ բան մը չունի։ Վասն զի արեւուն տակ Աստուծոյ տուած կեանքին օրերուն մէջ Իր աշխատանքէն ասիկա կը մնայ իրեն։
16. Երբ ես իմ սիրտս տուի իմաստութիւնը գիտնալու Ու երկրի վրայ եղած զբաղումները տեսնելու (Վասն զի թէ՛ ցորեկ եւ թէ՛ գիշեր Իր աչքը քուն չտեսնող մարդ կայ)։
17. Այն ատեն Աստուծոյ բոլոր գործերէն հասկցայ, Թէ մարդ չի կրնար գտնել այն գործը, որ արեւուն տակ կ’ըլլայ. Վասն զի մարդ կ’աշխատի փնտռելու, բայց չի գտներ Ու թէեւ իմաստունն ալ «Գիտեմ» ըսէ՝ գտնելու կարող չըլլար։
About Ժողովող Chapter 8
Read Ժողովող Chapter 8 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ժողովող in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Ժողովող
Chapter: 8
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Ժողովող. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Ժողովող Chapter 8 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Ժողովող Chapter 8?
Ժողովող Chapter 8 is part of the Book of Ժողովող in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Ժողովող Chapter 8 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Ժողովող
- Ժողովող Chapter 7
- Ժողովող Chapter 6
- Ժողովող Chapter 4
- Ժողովող Chapter 12
- Ժողովող Chapter 11
- Ժողովող Chapter 10
- Ժողովող Chapter 9
Explore More from Հին Կտակարան
- Սաղմոսներ Chapter 55
- Առակներ Chapter 26
- Ծննդոց Chapter 9
- Եզեկիել Chapter 29
- Առակներ Chapter 27
- Ելից Chapter 10
- Ովսեե Chapter 3