Ժողովող Chapter 9

For English

Read Ժողովող Chapter 9 Online

Read Ժողովող Chapter 9 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ժողովող in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Ժողովող and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Ժողովող 9

Գլուխ 9

1. Վասն զի բոլորը իմ սրտիս մէջ դրի, Որ բոլորը զննեմ եւ յիշեցի Թէ արդարները եւ իմաստուններն ու անոնց գործերը Աստուծոյ ձեռքին մէջ են։ Մարդ չի գիտեր՝ թէ սէրը եւ ատելութիւնը, Ամէն բան անոնց առջեւ է։

2. Ամէն բան ամենուն հաւասարապէս կը պատահի. Արդարին ու ամբարշտին, Բարի մարդուն, մաքուրին ու անմաքուրին, Զոհ ընողին ու զոհ չընողին Պատահածը նոյնն է։ Ինչպէս է բարի մարդը, մեղաւորն ալ այնպէս է։ Երդում ընողը՝ երդումէ վախցողին պէս է։

3. Արեւուն տակ եղած բոլոր գործերուն մէջ գէշ բանը այս է, Որ ամենուն պատահածը նոյնն է։ Մարդոց որդիներուն սիրտը Չարութեամբ լեցուած ըլլալով՝ Իրենց կենդանութեան ատենը իրենց սրտին մէջ խենդութիւն կայ, Անկէ յետոյ պիտի մեռնին։

4. Բայց բոլոր կենդանիներուն ընկերացող մարդը յոյս ունի, Վասն զի ողջ շունը մեռած առիւծէն աղէկ է։

5. Որովհետեւ անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. Բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր Ու ալ վարձք մը չեն առներ. Վասն զի անոնց յիշատակը մոռցուեցաւ։

6. Թէ՛ անոնց սէրը, թէ՛ ատելութիւնը Եւ թէ՛ նախանձը արդէն կորսուեցան Ու անոնք արեւուն տակ եղող բաներէն Ա՛լ յաւիտեան բաժին չունին։

7. Գնա՛ հացդ ուրախութեամբ կե՛ր Ու գինիդ ուրախ սրտով խմէ՛, Վասն զի Աստուած քու գործերուդ հաւնեցաւ։

8. Հանդերձներդ ամէն ատեն ճերմակ թող ըլլան Ու գլխուդ վրայէն իւղը պակաս թող չըլլայ։

9. Քու սիրած կնոջդ հետ կեանքը վայլէ Քու ունայն կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ, Որ Աստուած քեզի տուաւ արեւուն տակ, Բոլոր ունայն օրերուդ մէջ։ Վասն զի այս կեանքին մէջ քու բաժինդ անիկա է Արեւուն տակ կատարած աշխատանքէդ։

10. Ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, Բոլոր ուժովդ ըրէ, Քանզի գերեզմանիդ մէջ Գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ։

11. Դարձայ ու արեւուն տակ տեսայ, Թէ ճամբան վազողներունը չէ, Պատերազմը զօրաւորներունը չէ Նաեւ հացը իմաստուններունը չէ, Հարստութիւնն ալ հանճարեղներունը չէ, Նաեւ շնորհքը գիտուններունը չէ. Հապա ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն։

12. Վասն զի ժամանակն անգամ չի գիտեր։ Ինչպէս ձուկերը չար ուռկանով կը բռնուին Եւ թռչունները ծուղակի մէջ կը բռնուին, Նոյնպէս մարդոց որդիներն ալ որոգայթի մէջ կ’իյնան, Երբ չար ժամանակը յանկարծ անոնց վրայ գայ։

13. Արեւուն տակ այս իմաստութիւնն ալ տեսայ։ Անիկա ինծի մեծ երեւցաւ.

14. Պզտիկ քաղաքին վրայ, որուն մէջ քիչ մարդ կար, Մեծ թագաւոր մը եկաւ ու զանիկա պաշարեց Եւ անոր դէմ մեծ պատնէշներ շինեց

15. Ու անոր մէջ աղքատ իմաստուն մը գտնուեցաւ Եւ անիկա իր իմաստութիւնովը քաղաքը ազատեց, Բայց այդ աղքատ մարդը բնաւ յիշող մը չեղաւ։

16. Այն ատեն ըսի թէ՝ Իմաստութիւնը ուժէն աղէկ է, Թէեւ աղքատին իմաստութիւնը կ’անարգեն Ու անոր խօսքերուն մտիկ չեն ըներ։

17. Իմաստուններուն մեղմ խօսքերը Յիմարներուն մէջ իշխան եղողին աղաղակէն աղէկ կը լսուին։

18. Իմաստութիւնը պատերազմական զէնքերէն աղէկ է, Բայց մէկ մեղաւորը շատ բարիքներու կորուստին պատճառ կ’ըլլայ։ Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

About Ժողովող Chapter 9

Read Ժողովող Chapter 9 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ժողովող in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Ժողովող
Chapter: 9
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Ժողովող. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Ժողովող Chapter 9 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Ժողովող Chapter 9?

Ժողովող Chapter 9 is part of the Book of Ժողովող in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Ժողովող Chapter 9 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Ժողովող

  1. Ժողովող Chapter 6
  2. Ժողովող Chapter 7
  3. Ժողովող Chapter 4
  4. Ժողովող Chapter 12
  5. Ժողովող Chapter 11
  6. Ժողովող Chapter 10
  7. Ժողովող Chapter 1

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Բ Սամուել Chapter 15
  2. Ա Մնացորդաց Chapter 19
  3. Հոբ Chapter 40
  4. Եսայի Chapter 43
  5. Ա Սամուել Chapter 6
  6. Ա Սամուել Chapter 17
  7. Առակներ Chapter 27

Related Chapters & Readings

  1. Եսայի Chapter 40
  2. Հոբ Chapter 10
  3. Եսայի Chapter 13
  4. Ելից Chapter 25
  5. Եզեկիել Chapter 22
  6. Նեեմիա Chapter 1
  7. Երեմիա Chapter 28
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *