Եսթեր Chapter 3

For English

Read Եսթեր Chapter 3 Online

Read Եսթեր Chapter 3 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսթեր in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եսթեր and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Եսթեր 3

Գլուխ 3

1. Այս բաներէն ետքը Ասուերոս թագաւորը Ագագացի Ամադաթայի որդին Համանը մեծցուց ու զանիկա բարձրացուց ու անոր աթոռը իրեն հետ եղող բոլոր իշխաններուն վերի կողմը դրաւ։

2. Եւ թագաւորին դուռը եղող թագաւորին բոլոր ծառաները ծնրադրութեամբ երկրպագութիւն կ’ընէին Համանին, վասն զի թագաւորը անոր համար այսպէս հրամայեր էր. բայց Մուրթքէ ծնրադրութիւն ու երկրպագութիւն չէր ըներ։

3. Թագաւորին դուռը եղող՝ թագաւորին ծառաները Մուրթքէին ըսին. «Ինչո՞ւ համար դուն թագաւորին հրամանէն դուրս կ’ելլես»։

4. Անոնք ամէն օր անոր կ’ըսէին ու երբ անոնց մտիկ չըրաւ, այն ատեն Համանին իմացուցին, որպէս զի տեսնեն թէ Մուրթքէին բանը ո՞ւր պիտի հասնի՝ ՝. վասն զի անիկա իր Հրեայ ըլլալը անոնց իմացուցեր էր։

5. Երբ Համան տեսաւ թէ Մուրթքէ իրեն ծնրադրութիւն ու երկրպագութիւն չըներ, խիստ բարկացաւ

6. Ու միայն Մուրթքէին ձեռք զարնելը անոր աչքին անարժէք երեւցաւ, քանի որ Մուրթքէին ազգը անոր իմացուցեր էին. Համան Մուրթքէին ազգը, այսինքն Ասուերոսի բոլոր թագաւորութեանը մէջ եղող բոլոր Հրեաները կորսնցնել խորհեցաւ։

7. Առաջին ամսուան, այսինքն Նիսան ամսուան մէջ Ասուերոս թագաւորին տասնըերկրորդ տարին մինչեւ տասնըերկրորդ ամիսը, այսինքն Ադար ամիսը, օրէ օր ու ամսէ ամիս Համանին առջեւ Փուր, այսինքն վիճակ ձգեցին։

8. Համան Ասուերոս թագաւորին ըսաւ. «Քու թագաւորութեանդ բոլոր գաւառներուն մէջ՝ ժողովուրդներուն մէջ ցրուած ու տարածուած ազգ մը կայ։ Անոնց օրէնքները բոլոր ժողովուրդներուն օրէնքներէն տարբեր են, որով թագաւորին օրէնքները չեն կատարեր. ուստի չի վայլեր, որ թագաւորը անոնց թոյլտուութիւն ընէ։

9. Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, հրաման տրուի՝ ՝, որ զանոնք կորսնցնեն։ Ես պաշտօնատարներուն ձեռքը, թագաւորին գանձը բերելու համար, տասը հազար տաղանդ արծաթ կը կշռեմ կու տամ»։

10. Այն ատեն թագաւորը իր ձեռքէն իր մատանին հանեց ու զանիկա Հրեաներու թշնամիին, Ագագացի Ամադաթայի որդիին Համանին տուաւ։

11. Թագաւորը Համանին ըսաւ. «Այն արծաթը քեզի կու տամ ու այն ազգն ալ, որպէս զի քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ընես անոնց»։

12. Առաջին ամսուան տասներեքերորդ օրը թագաւորին գրագիրները կանչուեցան ու թագաւորին նախարարներուն ու բոլոր գաւառներուն վրայ եղող կուսակալներուն ու ամէն գաւառի ամէն մէկ ժողովուրդին իշխաններուն իրենց գրովը ու ամէն ժողովուրդին իր լեզուովը Համանին հրամայածին պէս Ասուերոս թագաւորին անունովը գրուեցաւ ու թագաւորին մատանիովը կնքուեցաւ

13. Եւ սուրհանդակներու ձեռքով թագաւորին բոլոր գաւառները հրովարտակներ ղրկուեցան, որպէս զի մէկ օրուան մէջ, տասնըերկրորդ ամսուն, այսինքն Ադար ամսուն, տասնըերեքերորդ օրը, բոլոր Հրեաները, երիտասարդներէն մինչեւ ծերերը, նաեւ տղաքներն ու կիները կոտորեն, մեռցնեն ու կորսնցնեն եւ անոնց ունեցածը իբրեւ աւար յափշտակեն։

14. Ու հրովարտակին պատուէրը այնպէս էր՝ որ հրամանը ամէն մէկ գաւառի մէջ հրատարակուի ու բոլոր ժողովուրդներուն բացատրուի, որպէս զի այն օրուան համար պատրաստ գտնուին։

15. Սուրհանդակները թագաւորին հրամանէն ստիպուելով՝ ճամբայ ելան ու հրովարտակը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ ալ հրատարակուեցաւ եւ թագաւորը ու Համան խմելու նստան, սակայն Շուշան քաղաքը շփոթութեան մէջ էր։

About Եսթեր Chapter 3

Read Եսթեր Chapter 3 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսթեր in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Եսթեր
Chapter: 3
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եսթեր. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Եսթեր Chapter 3 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Եսթեր Chapter 3?

Եսթեր Chapter 3 is part of the Book of Եսթեր in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Եսթեր Chapter 3 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Եսթեր

  1. Եսթեր Chapter 1
  2. Եսթեր Chapter 7
  3. Եսթեր Chapter 6
  4. Եսթեր Chapter 9
  5. Եսթեր Chapter 10
  6. Եսթեր Chapter 5
  7. Եսթեր Chapter 4

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Հոբ Chapter 17
  2. Բ Սամուել Chapter 2
  3. Եզեկիել Chapter 46
  4. Առակներ Chapter 13
  5. Եսայի Chapter 58
  6. Եսայի Chapter 39
  7. Ծննդոց Chapter 14

Related Chapters & Readings

  1. Եսայի Chapter 39
  2. Եզրաս Chapter 1
  3. Ամոս Chapter 1
  4. Բ Մնացորդաց Chapter 21
  5. Դատավորներ Chapter 2
  6. Գ Թագավորներ Chapter 22
  7. Առակներ Chapter 6
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *