Ժողովող Chapter 10

For English

Read Ժողովող Chapter 10 Online

Read Ժողովող Chapter 10 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ժողովող in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Ժողովող and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Ժողովող 10

Գլուխ 10

1. Մեռած ճանճերը իւղագործին իւղը գարշահոտ կ’ընեն։ Քիչ մը անմտութիւնն ալ իմաստութեամբ եւ պատուով երեւելի սեպուած մարդը այնպէս կ’ընէ՝ ՝։

2. Իմաստունին սիրտը իր աջ կողմն է, Իսկ անմիտին սիրտը իր ձախ կողմն է։

3. Անմիտ մարդը ճամբան քալելու ատենն ալ՝ Խելքը պակաս ըլլալուն համար՝ իր յիմար ըլլալը ամենուն կը յայտնէ։

4. Եթէ իշխանին բարկութիւնը քեզի դէմ ելլէ, Քու տեղդ մի՛ ձգեր, Վասն զի քաղցրութիւնը մեծ յանցանքները կը դադրեցնէ։

5. Արեւուն տակ չարութիւն մըն ալ տեսայ, Որպէս թէ իշխանին երեսէն ելած անխոհեմութիւն մը ըլլար։

6. Անմտութիւնը խիստ բարձր տեղերու վրայ կը դրուի Ու հարուստները ցած տեղ մը կը նստին։

7. Տեսայ ծառաներ, որոնք ձիերու վրայ հեծեր էին Եւ իշխաններ, որոնք հետիոտն կը քալէին։

8. Փոս փորողը ինք անոր մէջ կ’իյնայ Ու օձը կը խածնէ ցանկ քակողը։

9. Քարեր կտրողը անոնցմէ կը վնասուի Եւ փայտ ճեղքողը անկէ վտանգի մէջ կ’իյնայ։

10. Եթէ երկաթը բթացած է ու անոր բերանը չոր է, Այն ատեն մարդը իր ոյժը կրկնապատկելու է. Բայց իմաստութիւնը կ’օգնէ, որ յաջողի։

11. Եթէ օձը թովելէն առաջ խածնէ, Այն ատեն թովիչը օգուտ մը չունենար։

12. Իմաստունին բերնին խօսքերը շնորհալի են, Բայց անմիտին շրթունքները զինք կ’սպառեն։

13. Անոր բերնին խօսքերուն սկզբնաւորութիւնը անմտութիւն է Ու անոր խօսքին վերջը կատաղի խենդութիւն է։

14. Յիմարը իր խօսքերը կը շատցնէ։ Մարդ ինչ ըլլալիքը չի գիտեր։ Անոր ո՞վ պիտի յայտնէ Թէ անկէ ետքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։

15. Յիմարներուն աշխատանքը զիրենք կը յոգնեցնէ, Քաղաքին ճամբան չգիտցողին պէս։

16. Վա՜յ քեզի, երկի՛ր, երբ քու թագաւորդ մանուկ է Ու իշխաններդ առտուն կերակուր կ’ուտեն։

17. Երա՜նի քեզի, երկի՛ր, երբ քու թագաւորդ ազնուազարմ է Եւ քու իշխաններդ ժամանակին կ’ուտեն՝ Ուժի համար եւ ո՛չ թէ գինովութեան համար։

18. Ծուլութիւնով շէնքը կը փլչի Եւ ձեռքերու թուլութիւնով տունը կը կաթի։

19. Կոչունքը ծիծաղելու համար կ’ընէն Ու գինին կեանքը կ’ուրախացնէ. Իսկ արծաթը ամէն բան կը գոհացնէ։

20. Մտքիդ մէջ անգամ թագաւորին անէծք մի՛ տար Եւ քու ննջարանիդ մէջ մեծերուն անէծք մի՛ տար. Վասն զի երկնքի թռչունը այդ ձայնը կը տանի Ու թեւաւորը խօսքը կը պատմէ։

About Ժողովող Chapter 10

Read Ժողովող Chapter 10 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ժողովող in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Ժողովող
Chapter: 10
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Ժողովող. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Ժողովող Chapter 10 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Ժողովող Chapter 10?

Ժողովող Chapter 10 is part of the Book of Ժողովող in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Ժողովող Chapter 10 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Ժողովող

  1. Ժողովող Chapter 6
  2. Ժողովող Chapter 7
  3. Ժողովող Chapter 4
  4. Ժողովող Chapter 1
  5. Ժողովող Chapter 12
  6. Ժողովող Chapter 11
  7. Ժողովող Chapter 9

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Հոբ Chapter 12
  2. Երեմիա Chapter 32
  3. Սաղմոսներ Chapter 33
  4. Նեեմիա Chapter 6
  5. Սաղմոսներ Chapter 147
  6. Թվեր Chapter 35
  7. Եզրաս Chapter 1

Related Chapters & Readings

  1. Ովսեե Chapter 7
  2. Երկրորդ Օրինաց Chapter 29
  3. Հովնան Chapter 3
  4. Գործք Առաքելոց Chapter 28
  5. Սաղմոսներ Chapter 57
  6. Ղուկաս Chapter 12
  7. Ա Մնացորդաց Chapter 17
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *