Ժողովող Chapter 7

For English

Read Ժողովող Chapter 7 Online

Read Ժողովող Chapter 7 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ժողովող in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Ժողովող and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Ժողովող 7

Գլուխ 7

1. Բարի անունը՝ հոտաւէտ իւղէն Ու մահուան օրը ծննդեան օրէն աղէկ է։

2. Սուգի տուն երթալը Կոչունքի տուն երթալէն աղէկ է. Վասն զի ամէն մարդու վախճանը այն է Ու կենդանի եղողը զանիկա իր սրտին մէջ պէտք է պահէ։

3. Տրտմութիւնը ծիծաղելէն աղէկ է, Վասն զի երեսին տրտմութիւնովը սիրտը կը զուարճանայ։

4. Իմաստուններուն սիրտը՝ սուգի տուն, Իսկ յիմարներուն սիրտը ուրախութեան տուն կ’ըլլայ։

5. Իմաստունին յանդիմանութիւնը լսելը Յիմարներուն երգը լսելէն աղէկ է։

6. Վասն զի ինչպէս է փուշերուն ձայնը կաթսային տակ, Յիմարներուն ծիծաղն ալ այնպէս է։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է։

7. Իրաւ որ բռնութիւնը իմաստունը յիմար կ’ընէ Ու կաշառքը մարդուն սիրտը կ’ապականէ։

8. Բանի մը վախճանը սկիզբէն աղէկ է Ու երկայնամիտ ոգին հպարտ ոգիէն աղէկ է։

9. Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու, Քանզի բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի։

10. Մի՛ ըսեր՝ «Ինչո՞ւ համար առաջուան օրերը այս օրերէն աղէկ էին», Վասն զի այս բանին համար ըրած հարցումդ իմաստութեամբ չէ։

11. Իմաստութիւնը ժառանգութեան պէս աղէկ է Ու արեւը տեսնողներուն օգտակար է։

12. Վասն զի իմաստութեան հովանաւորութիւնը Արծաթին հովանաւորութեան պէս է։ Բայց գիտութեան օգուտն այս է, Որ իմաստութիւնը զինք ստացողները կ’ապրեցնէ։

13. Աստուծոյ գործին նայէ, Վասն զի անոր ծռածը ո՞վ կրնայ շտկել։

14. Աղէկ օրը աղէկութեամբ անցուր Ու գէշ օրը զգուշութիւն ըրէ։ Աստուած իրարու առջեւ դրաւ ասոնք, Որպէս զի մարդ իրմէ ետքը բան մը չգտնէ։

15. Իմ ունայն կեանքիս մէջ ամէն բան տեսայ Արդար կայ, որ իր արդարութեանը մէջ կը կորսուի Եւ ամբարիշտ կայ, որ իր ամբարշտութեանը մէջ իր կեանքը կ’երկնցնէ։

16. Խիստ շատ արդար մի՛ ըլլար։ Ինքզինքդ չափէ դուրս իմաստուն մի՛ կարծեր։

17. Խիստ ամբարիշտ մի՛ ըլլար ու յիմար մի՛ ըլլար. Ինչո՞ւ համար ատենդ չեկած մեռնիս։

18. Աղէկ է, որ մէկը բռնես ու միւսէն ալ ձեռքդ չքաշես, Վասն զի Աստուծմէ վախցողը ամենէն ապահով կ’ելլէ։

19. Իմաստութիւնը աւելի ոյժ կու տայ իմաստունին, Քան թէ քաղաքի մը մէջ եղող տասը իշխան՝ այն քաղաքին։

20. Իրաւ որ երկրի վրայ արդար մարդ չկայ, Որ աղէկութիւն ընէ ու մեղք չգործէ։

21. Արդ քու սիրտդ ամէն խօսուած խօսքերուն մի՛ տար, Որպէս զի քու ծառայիդ անէծք տալը չլսես.

22. Վասն զի քու սիրտդ գիտէ թէ Դուն ալ շատ անգամ ուրիշներուն անէծք տուած ես։

23. Ասոնց ամէնքը իմաստութեամբ փորձեցի Եւ ըսի՝ «Ես իմաստուն պիտի ըլլամ»։ Բայց անիկա ինծմէ հեռու էր։

24. Ինչ որ հեռուն է Ու խիստ խորունկ եղածը ո՞վ կրնայ գտնել։

25. Ես իմ սրտովս պտըտեցայ, որպէս զի գիտնամ եւ քննեմ Ու փնտռեմ իմաստութիւնն ու հանճարը Եւ յիմարութեան չարութիւնը Ու անմտութիւնը եւ խենդութիւնը։

26. Ես մահուանէն աւելի դառն գտայ այն կինը, Որուն սրտին մէջ ցանցեր եւ ուռկաններ Ու ձեռքերուն մէջ կապանքներ կան։ Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղողը անկէ կ’ազատի, Բայց մեղաւորը անկէ կը բռնուի։

27. Ահա ասիկա գտայ, կ’ըսէ Ժողովողը, Մէկիկ մէկիկ համրելով՝ հաշիւը գտնելու համար.

28. (Որ հոգիս տակաւին կը փնտռէ, Բայց չեմ կրնար գտնել)։ Այր մարդ՝ հազարէն մէկը գտայ, Բայց բոլոր ասոնց մէջ մէկ կին չգտայ։

29. Ահա միայն ասիկա գտայ՝ Թէ Աստուած մարդը ուղիղ ստեղծեց, Բայց անոնք շատ հնարքներ փնտռեցին։

About Ժողովող Chapter 7

Read Ժողովող Chapter 7 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ժողովող in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Ժողովող
Chapter: 7
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Ժողովող. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Ժողովող Chapter 7 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Ժողովող Chapter 7?

Ժողովող Chapter 7 is part of the Book of Ժողովող in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Ժողովող Chapter 7 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Ժողովող

  1. Ժողովող Chapter 6
  2. Ժողովող Chapter 4
  3. Ժողովող Chapter 12
  4. Ժողովող Chapter 10
  5. Ժողովող Chapter 9
  6. Ժողովող Chapter 1
  7. Ժողովող Chapter 11

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Ելից Chapter 7
  2. Թվեր Chapter 2
  3. Սաղմոսներ Chapter 20
  4. Ելից Chapter 29
  5. Դատավորներ Chapter 5
  6. Եսայի Chapter 36
  7. Առակներ Chapter 20

Related Chapters & Readings

  1. Երկրորդ Օրինաց Chapter 6
  2. Սաղմոսներ Chapter 23
  3. Եսայի Chapter 21
  4. Երեմիա Chapter 21
  5. Գ Թագավորներ Chapter 12
  6. Բ Մնացորդաց Chapter 14
  7. Ա Հովհաննես Chapter 3
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *