Read Եզեկիել Chapter 29 Online
Read Եզեկիել Chapter 29 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզեկիել in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եզեկիել and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Եզեկիել 29
Գլուխ 29
1. Տասներորդ տարուան, տասներորդ ամսուան տասներկրորդ օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին կողմը դարձուր ու անոր դէմ ու բոլոր Եգիպտոսի դէմ մարգարէութիւնը ըրէ՛,
3. Խօսէ՛ ու ըսէ՛. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւոր, քու գետերուդ մէջ պառկող մեծ վիշապ, որ կ’ըսես թէ ‘Իմ գետս իմս է ու զանիկա ես ինծի համար շինեցի’։
4. Բայց ես քու կզակներուդ կարթեր պիտի անցընեմ եւ քու գետերուդ ձուկերը քու թեփերուդ պիտի փակցնեմ ու քեզ գետերուդ մէջէն պիտի հանեմ ու գետերուդ բոլոր ձուկերը քու թեփերուդ պիտի փակչին։
5. Քեզ ու գետերուդ բոլոր ձուկերը անապատը պիտի նետեմ։ Դուն դաշտի երեսին վրայ պիտի իյնաս ու պիտի չհաւաքուիս եւ չամփոփուիս։ Քեզ երկրի գազաններուն ու երկնքի թռչուններուն կերակուր պիտի տամ։
6. Եգիպտոսի բոլոր բնակիչները պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, վասն զի Իսրայէլի տանը համար եղէգէ ցուպ եղան։
7. Երբ անոնք քեզ ձեռքով բռնեցին, դուն կոտրտեցար ու անոնց բազուկը ճեղքեցիր ու երբ քեզի կռթնեցան, փշրուեցար ու անոնց մէջքը դողացուցիր»։
8. Ասոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քու վրադ սուր պիտի բերեմ եւ մարդն ու անասունը պիտի կոտորեմ։
9. Եգիպտոսը աւերակ ու անապատ պիտի ըլլայ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը. որովհետեւ անիկա ըսաւ. ‘Գետը իմս է ու զանիկա ես շինեցի’։
10. Անոր համար ահա ես քեզի եւ քու գետերուդ դէմ եմ ու Եգիպտոսի երկիրը Մագդողէն մինչեւ Սուհէն ու մինչեւ Եթովպիացիներու սահմանը աւերակ ու անշէն անապատ պիտի ընեմ.
11. Անկէ մարդու ոտք պիտի չանցնի, ո՛չ ալ անասունի ոտք եւ քառասուն տարի անբնակ պիտի մնայ։
12. Եգիպտոսը ամայացած երկիրներու մէջ ամայի պիտի ընեմ եւ անոր քաղաքները աւերուած քաղաքներու մէջ քառասուն տարի ամայի պիտի մնան ու Եգիպտացիները ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ ու զանոնք երկիրներու մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ»։
13. Սակայն Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Քառասուն տարի ետքը Եգիպտացիները պիտի հաւաքեմ այն ազգերէն որոնց մէջ ցրուեցան
14. Ու Եգիպտացիները գերութենէ պիտի դարձնեմ եւ զանոնք Պաթուրէսի երկիրը, իրենց հայրենի երկիրը պիտի դարձնեմ ու հոն խոնարհ թագաւորութիւն մը պիտի ըլլան։
15. Թագաւորութիւններուն խիստ խոնարհը պիտի ըլլայ ու անգամ մըն ալ ազգերու վրայ պիտի չբարձրանայ. վասն զի անոնք պիտի պզտիկցնեմ, որպէս զի ազգերուն վրայ չտիրեն։
16. Անոնք անգամ մըն ալ Իսրայէլի տանը ապաւէն պիտի չըլլան, իրենց անօրէնութիւնը յիշելով երբ օգնութեան համար անոր դիմեն։ Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէր Եհովան»։
17. Քսանեօթներորդ տարուան, առաջին ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
18. «Որդի՛ մարդոյ, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր զօրքը ուժով գործածեց Տիւրոսի դէմ։ Ամէն գլուխ կնտացաւ ու ամէն ուսի մորթ ելաւ. սակայն իրեն եւ իր զօրքին հատուցում մը չստացաւ Տիւրոսէն՝ այն ծառայութեան համար, որ անոր ըրաւ»։
19. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Եգիպտոսը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին պիտի տամ ու անոր հարստութիւնը պիտի առնէ, պիտի կողոպտէ ու անոր աւարը պիտի յափշտակէ եւ ասիկա անոր զօրքին վարձք մը պիտի ըլլայ։
20. Հոն ըրած գործին համար Եգիպտոսը անոր տուի, վասն զի ինծի համար աշխատեցան», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
21. «Այն օրը Իսրայէլի տանը եղջիւրը պիտի բուսցնեմ ու անոնց մէջ քու շրթունքներդ պիտի բանամ։ Անոնք պիտի գիտնան թէ՝ ես եմ Տէրը»։
About Եզեկիել Chapter 29
Read Եզեկիել Chapter 29 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եզեկիել in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Եզեկիել
Chapter: 29
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եզեկիել. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Եզեկիել Chapter 29 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Եզեկիել Chapter 29?
Եզեկիել Chapter 29 is part of the Book of Եզեկիել in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Եզեկիել Chapter 29 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Եզեկիել
- Եզեկիել Chapter 36
- Եզեկիել Chapter 35
- Եզեկիել Chapter 28
- Եզեկիել Chapter 24
- Եզեկիել Chapter 46
- Եզեկիել Chapter 25
- Եզեկիել Chapter 8
Explore More from Հին Կտակարան
- Սաղմոսներ Chapter 92
- Երեմիա Chapter 2
- Նեեմիա Chapter 5
- Սաղմոսներ Chapter 71
- Երեմիա Chapter 32
- Դանիել Chapter 7
- Բ Սամուել Chapter 13