Եսայի Chapter 45

For English

Read Եսայի Chapter 45 Online

Read Եսայի Chapter 45 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եսայի and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Եսայի 45

Գլուխ 45

1. Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ իր օծեալ Կիւրոսին, Որուն աջ ձեռքը բռնեցի, Որպէս զի ազգերը անոր առջեւ հնազանդեցնեմ, Թագաւորներուն մէջքը թուլցնեմ, Անոր առջեւ դռներուն փեղկերը բացուին, Դռները բնաւ չգոցուին։

2. Ես քու առջեւէդ պիտի երթամ, Խորտուբորտ տեղերը պիտի շտկեմ, Պղնձէ դռները պիտի փշրեմ, Երկաթէ նիգերը պիտի կոտրտեմ

3. Եւ խաւարի մէջ ծածկուած գանձերը Ու պահուած հարստութիւնները քեզի պիտի տամ, Որպէս զի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ որ քեզ անունովդ կը կանչեմ։

4. Իմ Յակոբ ծառայիս համար Եւ իմ ընտրած Իսրայէլիս համար Քեզ քու անունովդ կանչեցի։ Քեզի մականուն դրի՝ թէեւ զիս չէիր ճանչնար։

5. Ես եմ Տէրը եւ ուրիշ մը չկայ, Ինծմէ զատ Աստուած չկայ։ Ես քեզի գօտի կապեցի, թէեւ զիս չէիր ճանչնար,

6. Որպէս զի արեւելքէն ու արեւմուտքէն գիտնան Թէ ինծմէ զատ մէ՛կը չկայ։ Ե՛ս եմ Տէրը եւ ուրիշ մը չկայ։

7. Լոյսը հաստատողը եւ խաւարը ստեղծողը, Խաղաղութիւն ընողն ու չարիքը ստեղծողը, Այս բոլոր բաները ընողը ես Տէրս եմ։

8. «Ո՛վ երկինքներ, վերէն ցօղ կաթեցուցէ՛ք Եւ ամպերը արդարութիւն թող տեղան։ Երկիրը թող բացուի ու փրկութեան պտուղ թող տայ Ու մէկտեղ արդարութիւն թող բուսնի։ Ասոնք ստեղծողը ես՝ Տէրս եմ։

9. Վա՜յ անոր որ իր Արարիչին հետ կը վիճի, Թէեւ ինք երկրի խեցիներուն պէս խեցի մըն է՝ ՝. Միթէ կաւը զինք ձեւացնողին կրնա՞յ ըսել թէ ‘Ի՞նչ կը շինես’, Կամ քու գործդ կրնա՞յ քեզի ըսել թէ ‘Ձեռք չունիս’։

10. Վա՜յ անոր որ իր հօրը կ’ըսէ. ‘Ի՞նչ կը ծնանիս’ Ու իր մօրը՝ ‘Ի՞նչ զաւակ կը բերես’»։

11. Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ Իսրայէլի Սուրբը ու անոր Արարիչը. «Գալու բաներուն վրայով ինծի հարցուցէ՛ք, Իմ որդիներուս համար ու իմ ձեռքերուս գործերուն համար, Ինծի պատուէր տուէ՛ք։

12. Երկիրը ես շինեցի Ու անոր վրայ մարդը ստեղծեցի։ Երկինքը իմ ձեռքերս տարածեցին Եւ անոր բոլոր զօրքին ես պատուէր տուի։

13. Ես զանիկա արդարութեամբ արթնցուցի Ու անոր բոլոր ճամբաները պիտի շտկեմ։ Անիկա իմ քաղաքս պիտի շինէ Եւ իմ աքսորուածներս ետ պիտի դարձնէ Առանց հատուցումի ու առանց վարձատրութեան». Կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։

14. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Եգիպտոսի վաստակը, Եթովպիացիներու եւ երկայնահասակ Սաբայեցիներու վաճառականութիւնը Քեզի պիտի անցնին ու քուկդ պիտի ըլլան։ Անոնք քու ետեւէդ պիտի քալեն Եւ շղթաներով պիտի պտըտին Ու քեզի երկրպագութիւն ընելով՝ Քեզի պիտի աղաչեն ու ըսեն. ‘Միայն քու մէ՛ջդ Աստուած կայ Ու անկէ զատ ուրիշ Աստուած մը չկայ’»։

15. Յիրաւի դուն քեզ ծածկող Աստուած մըն ես, Ո՛վ Իսրայէլի փրկիչ Աստուածը։

16. Անոնք ամէնքը պիտի ամչնան ու պատկառին, Կուռք շինողները մէկտեղ ամօթով պիտի երթան։

17. Իսրայէլ յաւիտենական փրկութիւնով Տէրոջմէն պիտի փրկուի։ Դուք յաւիտեանս յաւիտենից պիտի չամչնաք ու պիտի չպատկառիք։

18. Քանզի այսպէս կ’ըսէ երկինքը ստեղծող Տէրը, Այն Աստուածը, որ երկիրը կազմեց, Զանիկա շինեց եւ հաստատեց, Զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, Հապա բնակութեան համար կազմեց։ «Տէրը ե՛ս եմ ու ինծմէ ուրիշը չկայ։

19. Ես ծածկաբար երկրի մութ տեղը չխօսեցայ, Յակոբի սերունդին չըսի թէ ‘Քաոսի մէջ զիս փնտռեցէք’. Ես՝ Տէրս՝ արդարութիւն կը խօսիմ Եւ ճշմարիտ բաներ կը յայտնեմ։

20. Հաւաքուեցէ՛ք ու եկէ՛ք, Մէկտեղ մօտեցէ՛ք դուք, ո՛վ ազգերէն ազատուածներ։ Անոնք գիտութիւն չունին, որ իրենց փայտէ կուռքեր կը կանգնեցնեն Ու փրկելու կարողութիւն չունեցող աստուծոյ աղօթք կ’ընեն։

21. Քարոզեցէ՛ք ու զանոնք մօտեցուցէ՛ք Եւ անոնք մէկտեղ խորհուրդ թող ընեն։ Ո՞վ գիտցուց ասիկա սկիզբէն, Այն ժամանակէն ի վեր ո՞վ պատմեց. Չէ՞ որ ե՛ս՝ Տէ՛րս։ Ինծմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ, Ինծմէ ուրիշ ճշմարիտ Աստուած ու Փրկիչ չկայ։

22. Ո՛վ երկրի բոլոր ծայրեր, ինծի՛ նայեցէք, որպէս զի փրկուիք. Քանզի ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծմէ ուրիշը չկայ։

23. Իմ անձիս վրայ երդում ըրի, Իմ բերնէս արդարութեան խօսք ելաւ ու ետ չի դառնար, ‘Թէ ամէն ծունկ ինծի պիտի ծռի Եւ ամէն լեզու երդում պիտի ընէ’։

24. Մէկը պիտի ըսէ. ‘Միայն Տէրոջմով արդարութիւն ու զօրութիւն ունիմ’. Ամէն մէկը անոր պիտի գայ Եւ անոր դէմ բոլոր բարկացողները պիտի ամչնան։

25. Իսրայէլի բոլոր սերունդը Տէրոջմով պիտի արդարանայ ու պիտի պարծենայ»։

About Եսայի Chapter 45

Read Եսայի Chapter 45 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Եսայի
Chapter: 45
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եսայի. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Եսայի Chapter 45 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Եսայի Chapter 45?

Եսայի Chapter 45 is part of the Book of Եսայի in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Եսայի Chapter 45 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Եսայի

  1. Եսայի Chapter 20
  2. Եսայի Chapter 6
  3. Եսայի Chapter 50
  4. Եսայի Chapter 31
  5. Եսայի Chapter 59
  6. Եսայի Chapter 30
  7. Եսայի Chapter 29

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Սաղմոսներ Chapter 34
  2. Բ Մնացորդաց Chapter 35
  3. Ծննդոց Chapter 45
  4. Սաղմոսներ Chapter 3
  5. Եսայի Chapter 22
  6. Սաղմոսներ Chapter 96
  7. Հոբ Chapter 25

Related Chapters & Readings

  1. Զաքարիա Chapter 2
  2. Ծննդոց Chapter 2
  3. Սաղմոսներ Chapter 7
  4. Ծննդոց Chapter 15
  5. Ելից Chapter 22
  6. Սաղմոսներ Chapter 70
  7. Երեմիա Chapter 14
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *