Read Հոբ Chapter 12 Online
Read Հոբ Chapter 12 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հոբ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Հոբ and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Հոբ 12
Գլուխ 12
1. Յոբ պատասխանեց.
2. «Արդարեւ ժողովուրդը դուք էք Ու իմաստութիւնը ձեզի հետ պիտի մեռնի։
3. Ես ալ ձեզի պէս խելք ունիմ, ես ձեզմէ նուաստ չեմ Ու այսպիսի բաներ ո՞վ չի գիտեր՝ ՝։
4. Իր բարեկամէն ծաղրուող մարդ մըն եմ ես. Բայց ով որ Աստուծոյ աղաղակէ, Աստուծմէ պատասխան պիտի առնէ։ Արդար ու կատարեալ մարդը ծաղր կ’ըլլայ։
5. Ոտքը սահելու վրայ եղողը, հանգիստ կեանք վարողին կարծիքին համաձայն՝ Անպիտան ջահ մըն է։
6. Գողերուն վրանները յաջողութեան մէջ են Ու Աստուած բարկացնողները ապահով են, Անոնց ձեռքը Աստուած առատութեամբ կը լեցնէ։
7. Բայց, աղէ՜, անասուններուն հարցուր, որպէս զի քեզի սորվեցնեն Ու երկնքի թռչուններուն՝ որպէս զի քեզի իմացնեն,
8. Կամ թէ երկրին ըսէ ու անիկա քեզի պիտի սորվեցնէ. Ծովուն ձուկերը անգամ քեզի պիտի պատմեն։
9. Ասոր հետ մէկտեղ ո՞վ չի գիտեր, Թէ ասիկա ընողը Տէրոջը ձեռքն է,
10. Որ ամէն ապրողի անձը Ու բոլոր մարդկային մարմնի հոգին իր ձեռքն ունի։
11. Միթէ ականջը խօսքերը չ’ո՞րոշեր, Ինչպէս քիմքը կերակուրին համը կ’առնէ։
12. Իմաստութիւնը ծերերուն քովն է Ու հանճարը՝ օրերուն շատութեանը մէջ։
13. Անոր քով է իմաստութիւնն ու զօրութիւնը։ Հանճարն ու իմաստութիւնը Անորն են։
14. Ահա Ան կը փլցնէ ու ա՛լ չի շինուիր։ Եթէ մէկուն վրայ գոցէ, ա՛լ չի բացուիր։
15. Ահա Անիկա ջուրերը կ’արգիլէ ու կը չորնան։ Ու զանոնք թող կու տայ ու երկիրը տակն ու վրայ կ’ընեն։
16. Զօրութիւնն ու հանճարը անոր հետ են։ Խաբուողն ու խաբողը անորն են։
17. Խորհրդականները կողոպտուած կը պտըտցնէ Ու դատաւորները կը յիմարացնէ։
18. Թագաւորներուն իշխանութիւնը կը քակէ Ու մէջքերնին չուան կը կապէ։
19. Նախարարները կողոպտուած կը պտըտցնէ Ու զօրաւորները կը կործանէ։
20. Հաւատարիմներուն շրթունքը կը պապանձեցնէ Ու ծերերուն խելքը կ’առնէ։
21. Ազնուականներուն վրայ անարգութիւն կը թափէ Ու հզօրներուն գօտին կը թուլցնէ։
22. Խորունկ բաները խաւարէն հանելով կը յայտնէ Ու մահուան ստուերը կը լուսաւորէ։
23. Ազգերը կը շատցնէ ու զանոնք կը կորսնցնէ. Ազգերը ասդին անդին կը տարածէ ու անոնց կ’առաջնորդէ։
24. Երկրի ժողովուրդներուն առաջնորդներուն խելքը կ’առնէ Ու ճամբայ չունեցող անապատներու մէջ կը մոլորեցնէ զանոնք։
25. Անոնք առանց լոյսի մութին մէջ խարխափելով կ’երթան Ու գինովներու պէս կը մոլորին»։
About Հոբ Chapter 12
Read Հոբ Chapter 12 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Հոբ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Հոբ
Chapter: 12
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Հոբ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Հոբ Chapter 12 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Հոբ Chapter 12?
Հոբ Chapter 12 is part of the Book of Հոբ in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Հոբ Chapter 12 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Հին Կտակարան
- Սաղմոսներ Chapter 121
- Ծննդոց Chapter 45
- Ծննդոց Chapter 13
- Ծննդոց Chapter 8
- Սաղմոսներ Chapter 8
- Եզրաս Chapter 1
- Ծննդոց Chapter 4