Read Թվեր Chapter 28 Online
Read Թվեր Chapter 28 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Թվեր in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Թվեր and the Holy Bible online.
Choose a Chapter
Թվեր 28
Գլուխ 28
1. Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2. «Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. ‘Իմ անուշահոտ պատարագներուս ընծայուած հացը՝ որոշուած ատեն ինծի մատուցանեցէք’։
3. Ու անոնց ըսէ՛. ‘Ասոնք են այն պատարագները, որոնք Տէրոջը պիտի մատուցանէք՝ օրը երկու հատ մէկ տարեկան անարատ գառ մշտնջենաւոր ողջակէզի համար։
4. Մէկ գառը առտուն պէտք է մատուցանէք ու միւս գառը՝ իրիկունը։
5. Արդուին մէկ տասներորդ մասը բարակ ալիւրով հացի ընծայ պէտք է ընէք, որ շաղուած պէտք է ըլլայ հիմէնի մը մէկ քառորդ ծեծուած իւղով։
6. Ասիկա Սինա լերանը վրայ սահմանուած մշտնջենաւոր ողջակէզ է, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։
7. Անոր ըմպելի նուէրը մէկ գառին համար՝ հիմէնի մը մէկ չորրորդ մասն ըլլայ, բարկ ըմպելին սուրբ տեղին մէջ ըմպելի նուէր ըրէ Տէրոջը։
8. Միւս գառը իրիկունը մատուցանէ։ Ու առտուան հացի ընծային ու անոր ըմպելի նուէրին պէս ըրէ, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու։
9. Բայց շաբաթ օրը մէկ տարեկան երկու անարատ գառ ու իւղով շաղուած երկու տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայի համար ու անոր ըմպելի նուէրը պէտք է մատուցանէք։
10. Ասիկա մշտնջենաւոր ողջակէզէն ու անոր ըմպելի նուէրէն զատ ամէն շաբաթ օրուան ողջակէզը ըլլալու է։
11. Ձեր ամսագլուխներուն Տէրոջը ողջակէզ պիտի մատուցանէք երկու զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան անարատ գառ։
12. Ամէն մէկ զուարակի համար իւղով շաղուած երեք տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ եւ մէկ խոյին համար իւղով շաղուած երկու տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ,
13. Ամէն մէկ գառին համար իւղով շաղուած մէկմէկ տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ պիտի մատուցանէք, Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ ըլլալու։
14. Անոնց ըմպելի նուէրնէրը՝ ամէն մէկ զուարակին համար կէս հիմէն ու մէկ խոյին համար հիմէնին մէկ երրորդ մասը եւ ամէն մէկ գառի համար հիմէնին մէկ չորրորդ մասը գինի պիտի ըլլայ։ Ասիկա տարուան բոլոր ամիսներուն համար՝ ամսէ ամիս՝ մատուցուելիք ողջակէզն է։
15. Մշտնջենաւոր ողջակէզէն զատ՝ մեղքի պատարագի համար այծերէն նոխազ մը իր ըմպելի նուէրովը մէկտեղ պիտի մատուցուի Տէրոջը։
16. Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը զատիկ է Տէրոջը։
17. Այն ամսուան տասնըհինգերորդ օրը տօն է։ Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտուի։
18. Առաջին օրը սուրբ ժողովի օր պիտի ըլլայ։ Բնաւ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։
19. Տէրոջը պատարագ ու ողջակէզ պիտի մատուցանէք՝ երկու զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառ։ Անարատ ըլլալու են։
20. Անոնց հացի ընծան իւղով շաղուած բարակ ալիւրէ պէտք է ըլլայ. ամէն մէկ զուարակին համար երեք տասնորդ ու մէկ խոյին համար երկու տասնորդ պիտի մատուցանէք։
21. Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ պիտի մատուցանէք։
22. Ձեզի քաւութիւն ընելու համար մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք։
23. Ասոնք մշտնջենաւոր ողջակէզ եղող առտուան ողջակէզէն զատ պիտի մատուցանէք։
24. Այն եօթը օրերուն ամէն մէկ օրը ասոնց պէս Տէրոջը անուշահոտ պատարագ պէտք է ընէք։ Մշտնջենաւոր ողջակէզէն զատ ասիկա ու ասոր ըմպելի նուէրը պիտի մատուցուին։
25. Եօթներորդ օրը սուրբ ժողովի օր պիտի ըլլայ ձեզի, ոեւէ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։
26. Երախայրիներուն օրը, երբ ձեր շաբաթներուն տօնին մէջ Տէրոջը նոր հացի ընծայ մատուցանէք, սուրբ ժողովի օր ըլլայ ձեզի, բնաւ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։
27. Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար երկու զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան եօթը հատ գառ պիտի մատուցանէք։
28. Անոնց հացի ընծան՝ ամէն մէկ զուարակին համար երեք տասնորդ, մէկ խոյին համար երկու տասնորդ,
29. Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պիտի մատուցանէք։
30. Ձեզի քաւութիւն ընելու համար այծերէն մէկ նոխազ պիտի մատուցանէք։
31. Մշտնջենաւոր ողջակէզէն ու անոր հացի ընծայէն զատ, ասոնք ալ իրենց ըմպելի նուէրներովը պիտի մատուցանէք։ Բայց անարատ ըլլալու են։
About Թվեր Chapter 28
Read Թվեր Chapter 28 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Թվեր in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.
Book Information
Book: Թվեր
Chapter: 28
Testament: Old Testament
How to Read this Chapter
Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Թվեր. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.
More Resources
Continue Reading the Bible
Continue reading Թվեր Chapter 28 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.
Frequently Asked Questions
What is Թվեր Chapter 28?
Թվեր Chapter 28 is part of the Book of Թվեր in the Holy Bible.
Can I read this chapter online?
Yes. You can read the complete Թվեր Chapter 28 online for free with easy chapter navigation.
More Chapters from Թվեր
- Թվեր Chapter 18
- Թվեր Chapter 4
- Թվեր Chapter 1
- Թվեր Chapter 16
- Թվեր Chapter 8
- Թվեր Chapter 33
- Թվեր Chapter 20
Explore More from Հին Կտակարան
- Ողբեր Chapter 2
- Ելից Chapter 14
- Երեմիա Chapter 16
- Ղևտական Chapter 7
- Ելից Chapter 40
- Սաղմոսներ Chapter 49
- Դանիել Chapter 12