Եսայի Chapter 21

For English

Read Եսայի Chapter 21 Online

Read Եսայի Chapter 21 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Եսայի and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Եսայի 21

Գլուխ 21

1. Ծովուն անապատին պատգամը։ Հարաւէն յարձակող մրրիկներուն պէս Անիկա անապատէն, սոսկալի երկրէն կու գայ։

2. Ինծի վշտալի տեսիլք մը յայտնուեցաւ։ Յափշտակողը կը յափշտակէ ու կործանողը կը կործանէ։ Ո՛վ Եդեմացիներ, վե՛ր ելէք. ո՛վ Մարեր, պաշարեցէ՛ք։ Անոր պատճառած բոլոր հառաչանքը դադրեցուցի։

3. Ասոր համար երիկամունքս ցաւով լեցուեցաւ Ու ծննդական կնոջ ցաւերուն պէս ցաւեր բռնեցին զիս։ Այնպէս կծկուած եմ, որ չեմ կրնար լսել, Այնպէս խռոված եմ, որ չեմ կրնար տեսնել՝ ՝։

4. Սիրտս շփոթեցաւ, արհաւիրքը զիս դողացուց. Իմ ուրախութեանս գիշերը ինծի սրտադողի գիշեր ըրաւ։

5. Սեղան կը պատրաստեն, դէտեր կը դնեն, կ’ուտեն կը խմեն. Ելէ՛ք, ո՛վ իշխաններ, վահանները օծեցէ՛ք։

6. Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. «Գնա՛, դէտ մը դի՛ր, որ տեսածը պատմէ»։

7. Անիկա հեծեալներ տեսաւ, երկու ձիաւոր Ու էշերու վրայ հեծեալներ եւ ուղտերու վրայ հեծեալներ։ Ուշադրութեամբ, մեծ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ

8. Ու աղաղակեց առիւծի պէս. «Ո՛վ Տէր, ես ցորեկը միշտ իմ դիտանոցիս մէջ կը կայնիմ Ու բոլոր գիշերը իմ պահպանութեանս տեղը կը կենամ։

9. Ահա հեծեալ մարդիկ, Երկու ձիաւոր՝ կու գան»։ Նաեւ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ինկաւ Բաբելոն, ինկաւ Ու անոր աստուածներուն բոլոր արձանները Կոտրտեցան ու գետինը նետուեցան»։

10. Ով իմ ժողովուրդս՝ ցորենի նման կամնուած ու հոսուած, Ես ձեզի պատմեցի, ինչ որ լսած էի Զօրքերու Տէրոջմէն, Իսրայէլի Աստուծմէն։

11. Սէիրէն ձայն մը կու գայ ինծի. «Ո՛վ պահապան, գիշերուան համար ի՞նչ լուր, Ո՛վ պահապան, գիշերուան համար ի՞նչ լուր կայ»։

12. Պահապանը կ’ըսէ. «Առաւօտը կու գայ ու նաեւ գիշերը. Եթէ կ’ուզէք հարցնել, հարցուցէ՛ք. Դարձէ՛ք ու եկէ՛ք»։

13. Արաբիայի անտառին մէջ գիշերը պիտի անցընէք, Ո՛վ Դեդանացիներու կարաւաններ։

14. Ո՛վ Թեմայի երկրի բնակիչներ, Ծարաւին առջեւ ջրով ելէ՛ք, Փախստականին առջեւ հացով եկէ՛ք։

15. Վասն զի անոնք կը փախչին սուրերու առջեւէն, Քաշուած սուրին առջեւէն Ու լարուած աղեղին առջեւէն Եւ սաստիկ պատերազմին առջեւէն։

16. Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. «Մէկ տարուան մէջ՝ վարձկանի տարիներու պէս՝ Կեդարին բոլոր փառքը պիտի վերջանայ

17. Ու աղեղնաւորներուն՝ մնացած թիւը, Կեդարին որդիներուն զօրաւոր մարդիկը պիտի քիչնան, Քանզի Իսրայէլին Տէր Աստուածը խօսեցաւ»։

About Եսայի Chapter 21

Read Եսայի Chapter 21 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Եսայի in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Եսայի
Chapter: 21
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Եսայի. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Եսայի Chapter 21 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Եսայի Chapter 21?

Եսայի Chapter 21 is part of the Book of Եսայի in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Եսայի Chapter 21 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Եսայի

  1. Եսայի Chapter 20
  2. Եսայի Chapter 6
  3. Եսայի Chapter 50
  4. Եսայի Chapter 31
  5. Եսայի Chapter 30
  6. Եսայի Chapter 59
  7. Եսայի Chapter 29

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Հեսու Chapter 20
  2. Հոբ Chapter 14
  3. Ելից Chapter 33
  4. Ելից Chapter 3
  5. Դանիել Chapter 8
  6. Ծննդոց Chapter 47
  7. Երկրորդ Օրինաց Chapter 3

Related Chapters & Readings

  1. Դանիել Chapter 1
  2. Մատթեոս Chapter 1
  3. Եզեկիել Chapter 9
  4. Եսայի Chapter 54
  5. Թվեր Chapter 1
  6. Ղևտական Chapter 26
  7. Ա Կորնթացիներ Chapter 11
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *