Ծննդոց Chapter 44

For English

Read Ծննդոց Chapter 44 Online

Read Ծննդոց Chapter 44 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ծննդոց in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Ծննդոց and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Ծննդոց 44

Գլուխ 44

1. Յովսէփ իր տանը վերակացուին հրաման ըրաւ՝ ըսելով. «Այս մարդոց քուրձերը տանել կրցածնուն չափ լեցուր ու ամէն մէկուն ստակը իր քուրձին բերանը դիր։

2. Եւ ամենէն պզտիկին քուրձին բերանը՝ իմ գաւաթս, արծաթ գաւաթը ու իր պաշարին ստակը դիր»։ Անիկա Յովսէփին ըսած խօսքին պէս ըրաւ։

3. Առտուն լուսցածին պէս մարդիկը ղրկուեցան, իրենք ու իրենց էշերը։

4. Անոնք քաղաքէն դեռ հեռացած չէին երբ Յովսէփ իր տանը վերակացուին ըսաւ. «Ելի՛ր, այն մարդոց ետեւէն վազէ ու անոնց հասիր ու ըսէ անոնց. ‘Ինչո՞ւ բարիքին փոխարէն չարիք հատուցանեցիք։ Ինչո՞ւ իմ տիրոջս գաւաթը գողցաք։

5. Այս այն չէ՞, որուն մէջէն իմ տէրս կը խմէ ու անով կը հմայէ. այսպէս ընելով գէշութիւն ըրիք’»։

6. Վերակացուն հասաւ անոնց եւ ըսաւ անոնց այդ նոյն խօսքերը։

7. Անոնք ըսին անոր. «Ինչո՞ւ իմ տէրս այսպիսի խօսքեր կ’ըսէ. քա՛ւ լիցի որ քու ծառաներդ այսպիսի բան մը ընեն։

8. Ահա մեր քուրձերուն բերանը գտած ստակնիս Քանանի երկրէն քեզի բերինք. ուրեմն ի՞նչպէս քու տիրոջդ տունէն արծաթ կամ ոսկի պիտի գողնանք։

9. Քու ծառաներէդ որո՛ւն քով որ գտնուի, թող անիկա մեռնի ու մենք ալ մեր տիրոջը ծառաներ ըլլանք»։

10. Անիկա ըսաւ. «Հիմա ճիշդ ձեր ըսածին պէս թող ըլլայ. որուն քով որ գտնուի, ան ինծի ծառայ ըլլայ ու դուք անպարտ ըլլաք»։

11. Ուստի ամէն մէկը արտորալով իր քուրձը գետին իջեցուց ու ամէն մէկը իր քուրձը բացաւ

12. Եւ անիկա մեծէն սկսաւ փնտռել ու մինչեւ պզտիկը նայեցաւ։ Եւ գաւաթը Բենիամինին քուրձին մէջ գտնուեցաւ։

13. Այն ատեն իրենց հանդերձները պատռեցին եւ ամէն մէկը իր էշը բեռցուց ու քաղաք դարձան։

14. Եւ Յուդան ու անոր եղբայրները Յովսէփին տունը եկան եւ անիկա տակաւին հոն էր ու անոր առջեւ գետինը ինկան։

15. Եւ Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Այս ի՞նչ բան է որ ըրիք. չէ՞ք գիտեր որ ինծի պէս մարդ մը անշուշտ կը հմայէ»։

16. Յուդան ըսաւ. «Իմ տիրոջս ի՜նչ ըսենք, ի՜նչ խօսինք, կամ ի՜նչպէս արդարանենք ինքզինքնիս։ Աստուած քու ծառաներուդ յանցանքը բռնեց։ Ահա մենք մեր տիրոջ ծառաներ ենք, մենք ալ՝ անիկա ալ՝ որուն քով գաւաթը գտնուեցաւ»։

17. Յովսէփ ըսաւ. «Քա՛ւ լիցի որ ես այդպէս ընեմ. հապա այն մարդը, որուն քով գաւաթը գտնուեցաւ, միայն անիկա ինծի ծառայ թող ըլլայ ու դուք խաղաղութեամբ ձեր հօրը ելէք»։

18. Այն ատեն Յուդան մօտեցաւ անոր ու ըսաւ. «Ո՜հ, տէ՛ր իմ, շնորհք ըրէ, թող քու ծառադ խօսք մը խօսի իմ տիրոջս ականջներուն ու ծառայիդ վրայ քու բարկութիւնդ չբորբոքի. վասն զի դուն Փարաւոնին պէս ես։

19. Իմ տէրս իր ծառաներուն հարցուց՝ ըսելով. ‘Հայր կամ եղբայր ունի՞ք’։

20. Եւ մենք ըսինք մեր տիրոջը թէ՝ ‘Ծեր հայր մը ունինք եւ թէ անիկա իր ծերութեան ատենը ծնած պզտիկ որդի մը ունի, որուն եղբայրը մեռած է եւ միայն անիկա իր մօրմէն մնացած է ու անոր հայրը կը սիրէ զանիկա’։

21. Եւ քու ծառաներուդ ըսիր. ‘Ինծի իջեցուցէք զանիկա, որ տեսնեմ’։

22. Եւ իմ տիրոջս ըսինք. ‘Տղան իր հայրը չի կրնար ձգել. քանզի եթէ իր հայրը ձգելու ըլլայ, անիկա պիտի մեռնի’։

23. Եւ քու ծառաներուդ ըսիր. ‘Եթէ ձեր պզտիկ եղբայրը ձեզի հետ չիջնէ, իմ երեսս անգամ մըն ալ պիտի չտեսնէք’։

24. Ու երբ քու ծառայիդ՝ իմ հօրս քով ելանք, իմ տիրոջս խօսքերը պատմեցինք անոր։

25. Երբ մեր հայրը կրկին ըսաւ՝ ‘Գացէք նորէն ու մեզի քիչ մը կերակուր ծախու առէք’

26. Մենք ըսինք. ‘Չենք կրնար իջնել։ Եթէ մեր պզտիկ եղբայրը մեզի հետ ըլլայ, այն ատեն կ’իջնենք. վասն զի պիտի չկրնանք տեսնել այն մարդուն երեսը, եթէ մեր պզտիկ եղբայրը մեզի հետ չըլլայ’։

27. Եւ քու ծառադ՝ իմ հայրս՝ ըսաւ մեզի. ‘Դուք գիտէք որ իմ կինս երկու որդի ծնաւ ինծի

28. Եւ մէկը քովէս ելաւ’։ Ու ես ըսի՝ ‘Անշուշտ գազանէ մը գիշատուած է ու մինչեւ հիմա զինք չտեսայ’։

29. Եւ եթէ ասիկա ալ քովէս առնէք ու անոր փորձանք մը պատահի, իմ ճերմակ մազերս տրտմութիւնով գերեզմանը պիտի իջեցնէք»։

30. Ուստի հիմա, երբ քու ծառայիդ՝ իմ հօրս՝ երթամ ու տղան մեզի հետ չըլլայ, անոր հոգին տղուն հոգիին հետ կապուած ըլլալով,

31. Երբ տեսնէ թէ տղան մեզի հետ չէ, պիտի մեռնի եւ ծառաներդ քու ծառայիդ՝ մեր հօրը՝ ճերմակ մազերը տրտմութիւնով գերեզման պիտի իջեցնենք։

32. Վասն զի ծառադ տղուն համար իմ հօրս երաշխաւոր եղայ՝ ըսելով. ‘Եթէ ես զանիկա քեզի չբերեմ, իմ հօրս յաւիտեան յանցաւոր ըլլամ’։

33. Ուստի հիմա կ’աղաչեմ քեզի, տղուն տեղ ծառադ իմ տիրոջս ծառայ թող ըլլայ եւ տղան իր եղբայրներուն հետ թող ելլէ.

34. Քանզի եթէ տղան ինծի հետ չըլլայ, ի՞նչպէս ելլեմ իմ հօրս. չըլլայ որ իմ հօրս գալու փորձանքը տեսնեմ»։

About Ծննդոց Chapter 44

Read Ծննդոց Chapter 44 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Ծննդոց in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Ծննդոց
Chapter: 44
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Ծննդոց. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Ծննդոց Chapter 44 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Ծննդոց Chapter 44?

Ծննդոց Chapter 44 is part of the Book of Ծննդոց in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Ծննդոց Chapter 44 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Ծննդոց

  1. Ծննդոց Chapter 45
  2. Ծննդոց Chapter 13
  3. Ծննդոց Chapter 8
  4. Ծննդոց Chapter 4
  5. Ծննդոց Chapter 43
  6. Ծննդոց Chapter 41
  7. Ծննդոց Chapter 17

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Դանիել Chapter 12
  2. Հոբ Chapter 27
  3. Գ Թագավորներ Chapter 20
  4. Սաղմոսներ Chapter 145
  5. Ա Սամուել Chapter 6
  6. Բ Մնացորդաց Chapter 19
  7. Սաղմոսներ Chapter 84

Related Chapters & Readings

  1. Դանիել Chapter 2
  2. Եսթեր Chapter 1
  3. Սաղմոսներ Chapter 118
  4. Ղևտական Chapter 11
  5. Հովհաննես Chapter 16
  6. Եսթեր Chapter 5
  7. Դ Թագավորներ Chapter 5
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *