Սաղմոսներ Chapter 107

For English

Read Սաղմոսներ Chapter 107 Online

Read Սաղմոսներ Chapter 107 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Սաղմոսներ in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Սաղմոսներ and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Սաղմոսներ 107

Գլուխ 107

1. Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

2. Թող այսպէս ըսեն Տէրոջը փրկածները, Որոնք փրկեց թշնամիին ձեռքէն

3. Ու հաւաքեց զանոնք երկիրներէն, Արեւելքէն, արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու ծովէն։

4. Անոնք մոլորեցան անապատին մէջ, անջուր ճամբու մէջ. Բնակելու քաղաք չգտան։

5. Անօթի ու ծարաւ ըլլալով՝ Հոգինին իրենց ներսիդին կը մարէր։

6. Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ Եւ անիկա փրկեց զանոնք իրենց տառապանքներէն

7. Ու զանոնք ուղիղ ճամբու մէջ առաջնորդեց, Մինչեւ որ բնակելու քաղաքը հասան։

8. Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար Ու հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։

9. Վասն զի անիկա ծարաւցած հոգին կը յագեցնէ Ու անօթեցածը բարութիւնով կը լեցնէ։

10. Անոնք խաւարի ու մահուան շուքի մէջ կը նստէին, Տառապանքով ու երկաթով կապուած էին,

11. Վասն զի Աստուծոյ խօսքերուն հակառակ կեցան Ու Բարձրեալին խորհուրդը անարգեցին.

12. Ուստի անիկա ալ նեղութիւնով խոնարհեցուց անոնց սիրտը։ Ինկան ու օգնական մը չկար։

13. Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ Ու զանոնք փրկեց իրենց տառապանքներէն։

14. Զանոնք խաւարէն ու մահուան շուքէն հանեց Ու անոնց կապանքները կոտրտեց։

15. Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։

16. Վասն զի պղնձէ դռները փշրեց Ու երկաթէ նիգերը կոտրեց։

17. Յիմարները իրենց չար ճամբուն համար Ու իրենց անօրէնութիւններուն համար նեղութիւն կը կրեն։

18. Անոնց անձը ամէն կերակուրէ կը զզուի Ու մինչեւ մահուան դռներուն կը մօտենան։

19. Տէրոջը կ’աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։

20. Իր խօսքը կը ղրկէ ու կը բժշկէ զանոնք Ու կ’ազատէ զանոնք իրենց կործանումէն։

21. Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։

22. Գոհութեան պատարագներ թող մատուցանեն Ու անոր գործերը ցնծութեամբ պատմեն։

23. Նաւերով ծովը իջնողները Ու մեծ ջուրերու մէջ գործ գործողները,

24. Անոնք Տէրոջը գործերը Ու անոր հրաշքները կը տեսնեն անդունդին մէջ։

25. Վասն զի ան կ’ըսէ ու մրրկալից հովը կը հանէ, Որ անոր ալիքները բարձրացնէ։

26. Երկինք կ’ելլեն ու անդունդը կ’իջնեն։ Անոնց անձերը նեղութենէ կը հալին,

27. Գինով մարդու պէս կը դողդղան ու կ’երերան Եւ անոնց բոլոր իմաստութիւնը կը հատնի։

28. Այն ատեն Տէրոջը կ’աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։

29. Մրրիկը կը հանդարտեցնէ Ու ալիքները կը դադարին։

30. Իրենք ալ կ’ուրախանան, որ դադարեցան Եւ կ’առաջնորդէ զանոնք իրենց ուզած նաւահանգիստը։

31. Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։

32. Թող բարձրացնեն զանիկա ժողովուրդին մէջ Ու ծերերուն ատեանին մէջ թող գովեն զանիկա։

33. Գետերը անապատներու կը դարձնէ Ու ջուրերուն գնացքները՝ չոր երկրի

34. Ու պտղաբեր երկիրը՝ աղի երկրի, Անոր բնակիչներուն չարութեանը համար։

35. Անապատը ջուրերու լիճի կը փոխէ Ու չոր երկիրը՝ ջուրերու գնացքի

36. Եւ անօթիները հոն կը բնակեցնէ, Որպէս զի բնակելու քաղաք հիմնեն

37. Ու արտեր հերկեն ու ցանեն ու այգիներ տնկեն, Որպէս զի պտուղ բերեն։

38. Զանոնք կ’օրհնէ եւ անոնք խիստ կը բազմանան Ու անոնց անասունները չի պակսեցներ։

39. Նորէն կը պակսին ու կը ցածնան Բռնութենէ, նեղութենէ ու տրտմութենէ։

40. Անարգանք կը թափէ իշխաններուն վրայ Ու զանոնք ճամբայ չունեցող անապատի մէջ կը մոլորեցնէ։

41. Բայց աղքատը խեղճութենէ կը բարձրացնէ Եւ անոր տոհմերը ոչխարներու հօտի պէս կ’ընէ։

42. Ուղիղները պիտի տեսնեն եւ ուրախանան Բայց ամէն անօրէնութիւն իր բերանը պիտի գոցէ։

43. Ո՞վ է իմաստուն՝ որ այս բաները պահէ։ Անիկա Տէրոջը ողորմութիւնները պիտի հասկնայ։

About Սաղմոսներ Chapter 107

Read Սաղմոսներ Chapter 107 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Սաղմոսներ in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Սաղմոսներ
Chapter: 107
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Սաղմոսներ. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Սաղմոսներ Chapter 107 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Սաղմոսներ Chapter 107?

Սաղմոսներ Chapter 107 is part of the Book of Սաղմոսներ in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Սաղմոսներ Chapter 107 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Հին Կտակարան

  1. Սաղմոսներ Chapter 121
  2. Ծննդոց Chapter 45
  3. Ծննդոց Chapter 13
  4. Ծննդոց Chapter 8
  5. Սաղմոսներ Chapter 8
  6. Եզրաս Chapter 1
  7. Ծննդոց Chapter 4

Explore More from Սաղմոսներ

  1. Սաղմոսներ Chapter 28
  2. Սաղմոսներ Chapter 25
  3. Սաղմոսներ Chapter 7
  4. Սաղմոսներ Chapter 118
  5. Սաղմոսներ Chapter 111
  6. Սաղմոսներ Chapter 3
  7. Սաղմոսներ Chapter 139

Related Chapters & Readings

  1. Եսայի Chapter 17
  2. Ծննդոց Chapter 32
  3. Հովհաննես Chapter 4
  4. Գ Թագավորներ Chapter 22
  5. Եզեկիել Chapter 23
  6. Ղուկաս Chapter 1
  7. Նեեմիա Chapter 5
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *