Թվեր Chapter 11

For English

Read Թվեր Chapter 11 Online

Read Թվեր Chapter 11 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Թվեր in the Old Testament. Browse every verse with easy chapter navigation, continue to the next chapter, or explore the complete Book of Թվեր and the Holy Bible online.

Choose a Chapter

Թվեր 11

Գլուխ 11

1. Ժողովուրդը չարաչար կը տրտնջէր Տէրոջը առջեւ։ Տէրը լսեց եւ իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ ու Տէրոջը կրակը վառեցաւ անոնց մէջ եւ բանակին ծայրերը եղողները կորսնցուց։

2. Ժողովուրդը աղաղակեց Մովսէսին ու Մովսէս աղօթեց Տէրոջը եւ կրակը դադրեցաւ։

3. Եւ այն տեղին անունը Տաբերա դրաւ, քանի որ Տէրոջը կրակը անոնց մէջ այրեցաւ։

4. Եւ անոնց մէջի խառնիճաղանճ բազմութիւնը շատ բաներու ցանկացին ու Իսրայէլի որդիներն ալ դարձեալ լացին ու ըսին. «Ո՞վ մեզի ուտելու միս պիտի տայ.

5. Եգիպտոսի մէջ մեր ձրի կերած ձուկերը, վարունգներն ու սեխերը եւ պրասներն ու սոխերը եւ սխտորները միտքերնիս կու գան։

6. Եւ հիմա մեր անձը չորցաւ. մանանայէն զատ ուրիշ բան մը չկայ աչքերնուս առջեւ»։

7. Եւ մանանան գինձի սերմի պէս ու անոր գոյնը սուտակի գոյնի պէս էր։

8. Ժողովուրդը կը պտըտէր ու կը հաւաքէր զայն եւ աղացքի մէջ կ’աղային կամ անկանի մէջ կը ծեծէին եւ պտուկներու մէջ կ’եփէին ու անկէ շօթեր կը շինէին եւ անոր համը իւղոտ գաթաներու համին պէս էր։

9. Գիշերը երբ բանակին վրայ ցօղ կ’իջնէր, մանանան ալ անոր վրայ կ’իջնէր։

10. Այն ատեն Մովսէս լսեց որ ժողովուրդը իրենց տոհմերովը՝ ամէն մէկը իր վրանին դուռը կու լան եւ Տէրոջը բարկութիւնը խիստ բորբոքեցաւ ու Մովսէսին ալ գէշ երեւցաւ այս բանը։

11. Եւ Մովսէս ըսաւ Տէրոջը, «Ինչո՞ւ քու ծառադ չարչարեցիր ու ինչո՞ւ քու առջեւդ շնորհք չգտայ որ այս բոլոր ժողովուրդին բեռը իմ վրաս կը դնես։

12. Միթէ ե՞ս եմ յղացեր այս բոլոր ժողովուրդը կամ ե՞ս եմ ծներ ասոնք, որ ինծի կ’ըսես՝ ‘Դայեակի մը կաթնկեր տղան գիրկը առնելուն պէս զանոնք գիրկդ ա՛ռ ու տա՛ր մինչեւ այն երկիրը, որ անոնց հայրերուն տալու երդում ըրի’։

13. Ես ուրկէ՞ միս ճարեմ, որ այս բոլոր ժողովուրդին տամ. քանզի իմ բոլորտիքս կու լան ու կ’ըսեն. ‘Միս տո՛ւր մեզի, որ ուտենք’։

14. Ես մինակ չեմ կրնար կրել այս բոլոր ժողովուրդին հոգը, վասն զի այս ինծի շատ ծանր է։

15. Եւ եթէ ինծի այսպէս պիտի ընես, կ’աղաչեմ, մէկէն մեռցո՛ւր զիս, եթէ շնորհք գտայ քու առջեւդ, որպէս զի իմ չարիքս չտեսնեմ»։

16. Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ինծի Իսրայէլի ծերերէն եօթանասուն հոգի հաւաքէ, որոնք դուն կը ճանչնաս որպէս ժողովուրդին ծերերն ու գլխաւորները եւ զանոնք վկայութեան խորանը բե՛ր ու հոն քեզի հետ թող կենան։

17. Ես հոն պիտի իջնեմ ու խօսիմ քեզի հետ եւ քու վրադ եղած Հոգիէն պիտի առնեմ ու անոնց վրայ պիտի դնեմ, որպէս զի ժողովուրդին բեռը վերցնեն քեզի հետ ու դուն մինակ չվերցնես։

18. Եւ ըսէ՛ ժողովուրդին. ‘Վաղուան համար սրբուեցէ՛ք, որ միս ուտէք. վասն զի Տէրոջը առջեւ լացիք՝ ըսելով. «Ո՞վ մեզի միս պիտի կերցնէ. քանզի Եգիպտոսի մէջ աղէկ կ’ապրէինք». ուստի Տէրը ձեզի միս պիտի տայ ու դուք պիտի ուտէք։

19. Դուք ո՛չ միայն մէկ օր պիտի ուտէք եւ ո՛չ երկու օր, ո՛չ հինգ օր, ո՛չ տասը օր, ո՛չ ալ քսան օր.

20. Լման մէկ ամիս մինչեւ քթերնէդ դուրս գալը պիտի ուտէք, այնպէս որ զզուիք որովհետեւ ձեր մէջ եղող Տէրը արհամարհեցիք եւ անոր առջեւ լացիք ըսելով՝ «Ինչո՞ւ մենք Եգիպտոսէն ելանք»’»։

21. Բայց Մովսէս ըսաւ. «Այս ժողովուրդը, որոնց մէջ կը գտնուիմ, վեց հարիւր հազար հետեւակ հոգի են ու դուն ըսիր՝ ‘Ես անոնց միս պիտի տամ, որ լման մէկ ամիս ուտեն’.

22. Անոնց բաւելու համար միթէ բոլոր ոչխարներն ու արջառները պէտք է մորթուի՞ն. կամ ծովուն բոլոր ձուկերը մէկտեղ հաւաքուի՞ն»։

23. Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Միթէ տկա՞ր է Տէրոջը ձեռքը. հիմա կը տեսնես թէ քեզի ըսածիս պէս պիտի ըլլա՞յ թէ ոչ»։

24. Եւ Մովսէս ելաւ ու Տէրոջը խօսքերը ժողովուրդին իմացուց եւ ժողովուրդին ծերերէն եօթանասուն հոգի զատեց ու զանոնք վկայութեան խորանին բոլորտիքը կայնեցուց։

25. Եւ Տէրը ամպի մը մէջ իջաւ ու անոր հետ խօսեցաւ եւ անոր վրայ եղած Հոգիէն առաւ ու այն եօթանասուն ծերերուն վրայ դրաւ եւ երբ Հոգին անոնց վրայ հանգչեցաւ՝ մարգարէութիւն ըրին, բայց անկէ յետոյ չըրին՝ ՝։

26. Եւ երկու հոգի բանակին մէջ մնացին, մէկուն անունը Ելդադ էր ու միւսին անունը՝ Մովդադ եւ Հոգին հանգչեցաւ անոնց վրայ ու անոնք արձանագրուածներէն էին, վկայութեան խորանը եկած չէին, բայց բանակին մէջ մարգարէութիւն կ’ընէին։

27. Պատանի մը վազեց ու պատմեց Մովսէսին եւ ըսաւ. «Ելդադ ու Մովդադ մարգարէութիւն կ’ընեն բանակին մէջ»։

28. Եւ Նաւէին որդին Յեսու, Մովսէսին ընտրեալ ծառան, պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր իմ Մովսէս, արգիլէ՛ զանոնք»։

29. Եւ Մովսէս ըսաւ անոր. «Ինծի՞ համար կը նախանձիս. երանի՜ թէ Տէրոջը բոլոր ժողովուրդը մարգարէներ ըլլային եւ Տէրը իր Հոգին անոնց վրայ դնէր»։

30. Մովսէս բանակը քաշուեցաւ, ինք ու Իսրայէլի ծերերը։

31. Եւ Տէրոջմէն հով մը ելաւ ու ծովուն կողմէն լորամարգիներ բերաւ ու բանակին վրայ մէկ օրուան ճամբայ մէկ կողմէն եւ մէկ օրուան ճամբայ միւս կողմէն՝ բանակին բոլորտիքը տարածեց, երկրի երեսէն երկու կանգունի չափ բարձր։

32. Եւ ժողովուրդը այն բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը եւ հետեւեալ բոլոր օրը ելլելով՝ լորամարգիները հաւաքեց. ամենէն քիչ հաւաքողը տասը քոռ հաւաքեց եւ իրենց համար բանակին բոլորտիքը չորնալու փռեցին զանոնք։

33. Եւ երբ դեռ միսը իրենց ակռաներուն վրայ էր, տակաւին չծամուած՝ Տէրոջը բարկութիւնը ժողովուրդին վրայ բորբոքեցաւ ու Տէրը խիստ մեծ հարուածով զարկաւ ժողովուրդը։

34. Եւ այն տեղին անունը Կիբրօթ-Հաթթավա դրուեցաւ, վասն զի հոն թաղեցին ցանկացող ժողովուրդը։

35. Եւ Կիբրօթ-Հաթթավայէն Ասերովթ չուեց ժողովուրդը ու Ասերովթի մէջ մնացին։

About Թվեր Chapter 11

Read Թվեր Chapter 11 online from the Holy Bible. This chapter is part of the Book of Թվեր in the Old Testament. Continue reading with the chapter navigation above or explore the complete book.

Book Information

Book: Թվեր
Chapter: 11
Testament: Old Testament

How to Read this Chapter

Use the Previous and Next Chapter buttons to continue reading Թվեր. You can also adjust the font size for comfortable reading and browse other books of the Bible using the navigation links.

https://www.youtube.com/watch?v=rzsT_Q3KLzE

More Resources

Continue Reading the Bible

Continue reading Թվեր Chapter 11 and explore every book, chapter and verse of the Holy Bible. Use the navigation links above and below to move through the Scriptures with ease.

Frequently Asked Questions

What is Թվեր Chapter 11?

Թվեր Chapter 11 is part of the Book of Թվեր in the Holy Bible.

Can I read this chapter online?

Yes. You can read the complete Թվեր Chapter 11 online for free with easy chapter navigation.

More Chapters from Թվեր

  1. Թվեր Chapter 18
  2. Թվեր Chapter 8
  3. Թվեր Chapter 4
  4. Թվեր Chapter 1
  5. Թվեր Chapter 16
  6. Թվեր Chapter 33
  7. Թվեր Chapter 20

Explore More from Հին Կտակարան

  1. Եսայի Chapter 36
  2. Երկրորդ Օրինաց Chapter 29
  3. Դ Թագավորներ Chapter 2
  4. Եսայի Chapter 39
  5. Թվեր Chapter 18
  6. Երեմիա Chapter 14
  7. Բ Սամուել Chapter 21

Related Chapters & Readings

  1. Թվեր Chapter 7
  2. Ղևտական Chapter 18
  3. Բ Մնացորդաց Chapter 1
  4. Սաղմոսներ Chapter 17
  5. Զաքարիա Chapter 9
  6. Եսայի Chapter 16
  7. Բ Թեսաղոնիկեցիներ Chapter 2
Share Your Love

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *